«Հայոց Եկեղեցւոյ դերը պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ» խորագիրով գիտաժողով
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) Պատմութեան ու աստուածաբանութեան բաժանմունքներուն հետ համագործակցութեամբ, 10 Սեպտեմբերին, ԵՊՀի Պատմութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց եկեղեցու դերը պետականութեան բացակայութեան պայմաններում» խորագիրով համահայկական գիտաժողովը:
Համազգայինի Երեւանի գրասենեակէն կը հաղորդեն, որ գիտաժողովը մեկնարկեց տէրունական աղօթքով:
Գիտաժողովին մասնակցողներուն ուղղուած Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքը ընթերցեց ԵՊՀի աստուածաբանութեան բաժանմունքի նախագահ Անուշաւան եպս. Ժամկոչեան:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան եւ ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի նախագահ Մխիթար Գաբրիէլեան:
Մասնակցողները իրենց խօսքերուն մէջ կարեւոր նկատեցին հայոց եկեղեցւոյ դերը եւ նշանակութիւնը թէ՛ պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ եւ թէ հայկական պետականութեան ամրապնդման առումով։
Գիտաժողովը տեղի ունեցաւ երկու նիստով:
Առաջին նիստին նախագահեց Աշոտ Մելքոնեան, զեկուցումներով հանդէս եկան փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան, դոցենտ Արամ Յովհաննիսեան, փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեան, լիբանանահայ վաստակաշատ մանկավարժ, հրապարակախօս Տիգրան Ճինպաշեան, Արարատ քհնյ. Պօղոսեան, դոցենտ Մելանեա Բալայեան, փրոֆ. Էդիկ Մինասեան, Հայկանոյշ Մեսրոպեան, Մարինէ Յարութիւնեան, ԵՊՀ աստուածաբանութեան բաժանմունքի մագիստրոս Նարեկ սրկ. Գասպարեան:
Գիտաժողովի երկրորդ նիստին նախագահեց փրոֆ. Էդիկ Մինասեան: Նիստին զեկուցաբերներն էին՝ փրոֆ. Արման Եղիազարեան, Մարիամ Յովսէփեան, Կարէն Մկրտչեան, դոցենտ Արշակ Բալեան, Արմէն Կարապետեան, Յասմիկ Ամիրջանեան, Արփինէ Բաբլումեան, դոցենտ Միքայէլ Մալխասեան, Քնարիկ Պետրոսեան, կրտսեր գիտաշխատող Լիլիթ Քոսեան, պատմութեան հայցորդ Յովիկ Աւանեսով եւ Նելլի Ժամկոչեան:
Գիտաժողովին աւարտին կատարուեցաւ թեմային շուրջ քննարկում եւ հարցում-պատասխանի բաժին մը: Ամփոփիչ խօսքով հանդէս եկան երկրորդ նիստի նախագահող Էդիկ Մինասեան եւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան:
Գիտաժողովին զեկուցումները յառաջիկային պիտի հրատարակուին առանձին գիրքով եւ պիտի ներկայացուին ընթերցողին:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ