Կարդինալ Յուլիօ Տուարտէ Լանկա՝ Կարդինալ Յուլիօ Տուարտէ Լանկա՝  (Cremildo Alexandre, Rádio Encontro (Nampula, Moçambique))

Ոչ եւս է կարդինալ Յուլիօ Տուարտէ Լանկա՝ Մոզամպիքի Եկեղեցւոյ պատմական դէմքերէն մէկը

Կարդինալ Յուլիօ Տուարտէ Լանկան, Խայ-Խայի նախկին եպիսկոպոսը եւ Մոզամպիքի Եկեղեցւոյ երկրորդ կարտինալը, մահացաւ 98 տարեկան հասակին՝ երկարամեայ հովուական ծառայութենէ եւ հիւանդութենէ ետք։ Ան յիշատակ կը մնայ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն իր անսասան ծառայութեամբ, ինչպէս նաեւ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովի փաստաթուղթերու տեղական լեզուներով թարգմանութեան իր նշանակալի ներդրումով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մոզամպիքի կաթողիկէ եկեղեցին սուգի մէջ է. օգոստոս 3-ի առաւօտեան, Մափութոյի Կեդրոնական հիւանդանոցին մէջ, 98 տարեկան հասակին մահացաւ Կարդինալ Յուլիօ Տուարտէ Լանկա, Խայ-Խայի թեմի նախկին եպիսկոպոսը եւ Մոզամպիքի Եկեղեցւոյ երկրորդ կարդինալը։ Ան երկարատեւ հիւանդութենէ մը ետք իր հոգին աւանդեց՝ ետին ձգելով հաւատքի, ծառայութեան եւ խաղաղութեան հարուստ ժառանգութիւն։

1927 թուականի հոկտեմբեր 27-ին ծնած Մանկունզէ գիւղին մէջ, Լանկա քահանայական ձեռնադրութիւն ստացած էր 1957-ին։ Տարիներ շարունակ ծառայելէ ետք առաքելական տարբեր պաշտօններու մէջ, 1976-ին Սուրբ Պօղոս Զ. Պապը զինք նշանակեց Ժուան Պելոյի թեմի եպիսկոպոս, որ նոյն տարուան հոկտեմբերին վերանուանուեցաւ Խայ-Խայի թեմ։ Ան եպիսկոպոսական ծառայութիւնը շարունակեց շուրջ 28 տարի։

Կարդինալ Լանկայի հովուական առաքելութիւնը համընկաւ Մոզամպիքի պատմութեան ամենադժուար ժամանակաշրջաններէն մէկուն՝ երկարատեւ քաղաքացիական պատերազմին, որ անկախութենէն ետք շարունակուեցաւ մինչեւ 1992 թուականի հոկտեմբեր 4-ին Հռոմի մէջ ստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Այդ դժուարին տարիներուն ան անդուլ ջանք գործադրեց պահպանելու հաւատացեալներու կրօնական կեանքը, զօրացնելու տեղական եկեղեցին եւ սատար կանգնելու պատերազմէն, սովին, համաճարակներուն ու բնական աղէտներուն տուժած բնակչութեան։

Լաւագոյնս տիրապետելով Մոզամպիքի տեղական լեզուներուն՝ Կարդինալ Լանկա նշանակալի ներդրում ունեցաւ նաեւ Եկեղեցւոյ մշակութային եւ հովուական առաքելութեան մէջ՝ երկրորդ Վատիկանի տիեզերական ժողովի փաստաթուղթերու թարգմանութիւնը պատրաստելով երկրի գլխաւոր տեղական լեզուներով։ Այս աշխատանքը մեծապէս նպաստեց Եկեղեցւոյ ուսուցման հասանելիութեան եւ հաւատքի արմատաւորման։

2015 թուականի փետրուար 14-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը զինք նշանակեց կարդինալ՝ գնահատելով իր երկարամեայ նուիրեալ ծառայութիւնը եւ վկայութիւնը։ Անոր մահէն ետք Կարդինալներու դասը կը բաղկանայ 240 անդամէ, որոնցմէ 116-ը Քահանայապետ ընտրող կարդինալներ են, իսկ 124-ը՝ ոչ ընտրող։

Կարդինալ Յուլիօ Տուարտէ Լանկան պիտի յիշուի որպէս խաղաղութեան, հաւատարմութեան եւ հովուական ծառայութեան խորհրդանիշ մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց Մոզամպիքի ժողովուրդին եւ Եկեղեցւոյ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

04/08/2026, 07:47