Գերապ. Կալլակէր Մոսկուայի մէջ․ «Պատերազմը պէտք է վերջ գտնէ»
Սթեֆանօ Լեշչինսքի – Թղթակից Մոսկուայէն
Երեքշաբթի, 25 Օգոստոսին, Մոսկուայի Արտաքին գործոց նախարարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցած երկկողմանի հանդիպումին ընթացքին, Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ ԿալԼակէր եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով համամիտ գտնուեցան միջազգային հիմնական հարցերու շուրջ, ընդգծելով Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ երկխօսութեան շարունակման կարեւորութիւնը։ Երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող նիւթերու շարքին էին նաեւ Ռուսաստանի կաթողիկէ համայնքին առնչուող հարցերն ու մարդասիրական նախաձեռնութիւնները՝ Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան ուղի հարթելու նպատակով։
Բանակցութիւններ եւ մարդասիրական յանձնառութիւն
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումի աւարտին, որուն մասնակցեցաւ նաեւ պապական նուիրակ՝ Գերապայծառ Ճովաննի Տ’Անիելլօ, Գերապայծառ Կալլակէր եւ նախարար Լաւրով մամլոյ առջեւ հանդէս եկան իրենց յայտարարութիւններով։ Սուրբ Աթոռի բարձրաստիճան ներկայացուցիչը յիշեցուց Լեւոն ԺԴ. Պապին կոչը՝ վերջ տալու Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ թշնամանքին եւ միջազգային ընտանիքի աջակցութեամբ սկսելու «վաւերական բանակցութիւններ»։ Կալլակէրի համար «Սուրբ Աթոռին դիրքորոշումը յստակ է․ զինեալ հակամարտութիւնը չի կրնար լուծուիլ զինուորական միջոցներով»։ Հետեւաբար, հաստատեց ան, «էական է ստեղծել պայմաններ՝ քաղաքական եւ դիւանագիտական ընթացքի մը համար»։ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութեան ներկայացուցիչը նաեւ հրաւիրեց Ռուսաստանն ու Ուքրանիան փոխադարձաբար ցոյց տալու բարեացակամութեան եւ բացուածքի նշաններ, ինչպէս նաեւ յարգելու միջազգային եւ մարդասիրական իրաւունքը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի քաղաքացիական բնակչութեան, ենթակառոյցներուն, վիրաւորներուն եւ պատերազմական գերիներուն։
Պատերազմը պէտք է վերջ գտնէ
«Յստակ ըլլալու համար,– ըսաւ Գերապայծառ Կալլակէր՝ անդրադառնալով ուքրանական հարցին,– այս պատերազմը պէտք է վերջ գտնէ»։ Երկու կողմերու զոհերու թիւը հետզհետէ կ’աւելնայ ռազմական գործողութիւններու պատճառով, ինչպէս նաեւ անմեղ բնակչութեան տառապանքը։ «Անհրաժեշտ է եւ հրատապ,– վերահաստատեց բարձրաստիճան եկեղեցականը,– դադրեցնել թշնամանքը եւ ծրագրել ապագայ յարաբերութիւնները, որպէսզի գերի չմնանք անցեալի սխալներուն» եւ թոյլ չտանք ատելութեան տարածումին։
Խորացնել Ռուսաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ գործակցութիւնը
Արտաքին գործոց նախարար Լաւրով, գնահատելով Սուրբ Աթոռին պատրաստակամութիւնը Ռուսաստանի հետ երկխօսութիւն վարելու եւ խաղաղութեան նպաստելու գործին մէջ, յայտնեց, որ համամիտ է Վատիկանի իր պաշտօնակիցին հետ՝ պատերազմին առնչուող մարդասիրական հարցերու շուրջ գործակցութիւնը խորացնելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ։ Լաւրով զրոյցը որակեց «շատ օգտակար»։
Սուրբ Աթոռին յանձնառութիւնը խաղաղութեան ի նպաստ
«Մարդասիրական մարզէն ներս արձանագրուած ոեւէ գործնական արդիւնք,– ընդգծեց Պետութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Քարտուղարը,– պիտի նպաստէ տառապանքներու թեթեւացման եւ պիտի արտօնէ նուազագոյն վստահութեան վերականգնումը հակամարտող կողմերու միջեւ»։ Այս ծիրին մէջ յիշուեցաւ Ռուսաստան նախատեսուած Ծայրագոյն Կարդինալ Ծուփփիի յառաջիկայ առաքելութեան կարեւորութիւնը։ Սուրբ Աթոռին կողմէ, շարունակեց արքեպիսկոպոսը, վերահաստատուեցաւ կամքը՝ շարունակելու նպաստել երկխօսութեան տարածքներու ստեղծման, ամրապնդելով մարդասիրական ճիգերը եւ տրամադրելով իր «բարի ծառայութիւնները» ի խնդիր խաղաղութեան։
Եկեղեցիներու դերը խաղաղութեան կերտման գործընթացին մէջ
Նախարար Լաւրովի հետ տեսակցութեան ընթացքին, Գերապայծառ Կալլակէր ուզեց յիշեցնել տեղական եկեղեցիներու եւ եկեղեցական համայնքներու կարեւոր դերը՝ ի նպաստ ամենախոցելիներուն, հաշտութեան ոգիով։ Այս հիման վրայ, Պետութիւններու հետ Յարաբերութիւններու քարտուղարը յիշեցուց նաեւ Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վիճակն ու կարիքները, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով հաւատացեալներու հովուական խնամքին եւ եկեղեցական ու կրօնական համայնքներու կողմէ իրականացուող բարեսիրական գործունէութեան։
Երկխօսութիւն Մոսկուայի Պատրիարքութեան հետ
Երեքշաբթի երեկոյեան, Պետութիւններու հետ Յարաբերութիւններու քարտուղարը հանդիպեցաւ Մոսկուայի Պատրիարքութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու՝ Վոլոկոլամսքի Անթոնի Մետրոպոլիտին հետ, որուն հետ քննարկուեցան երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող նիւթեր, նկատի ունենալով նաեւ տարածաշրջանային ներկայ կացութիւնը։ Անթոնի Մետրոպոլիտը իր գոհունակութիւնը յայտնեց երկու Եկեղեցիներու եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ աննկուն ու ջերմ շփումներուն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.