Գերապ. Կալլակէր Մոսկուայի մէջ, դիւանագիտութիւն եւ երկխօսութիւն խաղաղութեան նշանին տակ
Սթեֆանօ Լեշչինսքի – Վատիկան
Օգոստոս 24-էն 28 տեղի կ'ունենայ Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար, գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերի այցելութիւնը ռուսական մայրաքաղաք: Մոսկուայի առաքելութեան ընթացքին նախատեսուած են հանդիպումներ Ռուսիոյ Դաշնութեան իշխանութիւններուն, Մոսկուայի Պատրիարքարանի ներկայացուցիչներուն եւ կաթողիկէ համայնքին հետ: Հետեւաբար, ասոնք պիտի ըլլան խտացուած երկխօսութեան եւ հանդիպումներու չորս օրեր, որոնց ընթացքին ճամբորդութեան բուն դիւանագիտական երեսին պիտի միանայ եկեղեցական չափանիշը՝ հանդիպումներ ունենալով Ռուսիոյ Դաշնութեան եպիսկոպոսներուն եւ կաթողիկէ համայնքին հետ: Այս կարեւոր առաքելութեան մէջ, բնականաբար, պիտի չպակսի նաեւ միջեկեղեցական չափանիշը, որ պիտի ընդգրկէ հանդիպում Մոսկուայի Պատրիարքարանի ներկայացուցիչներուն հետ:
Օրակարգ մը, որ կը հաստատէ Սուրբ Աթոռին կամքը՝ շարունակելու երկխօսութեան ուղին, նոյնիսկ համաշխարհային մակարդակի վրայ միջազգային յարաբերութիւններու ամենադժուար փուլերէն մէկուն ընթացքին:
Առաջին անգամը չէ, որ գերապայծառ Կալլակէր կ'այցելէ ռուսական մայրաքաղաքը: Վերջին այցելութիւնը տեղի ունեցած էր 2021-ի նոյեմբերին: Այդ առթիւ եկեղեցականը հանդիպած էր վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի, արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լավրովի եւ Մոսկուայի Պատրիարքարանի արտաքին եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի այն ատենուան պատասխանատու Իլարիոն Ալֆէեւ մետրոպոլիտին հետ:
2022-էն ի վեր, Պատրիարքարանի արտաքին եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքը կը գլխաւորէ Անթոնի Սեւրիւք մետրոպոլիտը, որ յաջորդեց Իլարիոն մետրոպոլիտին: Դիւանագիտական հանդիպումներուն կողքին, այս ճամբորդութիւնը գերապայծառ Կալլակերին առիթ պիտի ընծայէ հանդիպելու Մոսկուայի կաթողիկէ համայնքին հետ: Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը զրոյցներ պիտի ունենայ եպիսկոպոսներուն եւ տեղական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան եւ հանդիպում պիտի ունենայ կղերականներուն, կրօնաւորուհիներուն եւ կրօնաւորներուն հետ:
Ռուսիոյ մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցին թուային առումով փոքրամասնութիւն ներկայացնող իրականութիւն մըն է եւ աշխարհագրօրէն տարածուած է շատ ընդարձակ տարածքի մը վրայ: Անոր տարածքային կազմակերպութիւնը կ՛ ընդգրկէ Մոսկուայի Աստուածամօր Առաջնորդանիստ Թեմը եւ Սարաթովի Սուրբ Կղեմէսի, Նովոսիպիրսքի Այլակերպութեան ու Իրքուցքի Սուրբ Յովսէփի թեմերը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.