Որոնել

Մոսկուայի Քրիստոս Փրկիչ Աթոռանիստ Եկեղեցին Մոսկուայի Քրիստոս Փրկիչ Աթոռանիստ Եկեղեցին 

Ռուսաստան. Կալլակէր այցելեց Մոսկուայի ուղղափառ Մայր Տաճարը

Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղարի Ռուսաստան առաքելութեան երկրորդ օրը Ան այցելեց Քրիստոս Փրկիչ Մայր Տաճար, որ Մոսկուայի Պատրիարքի նստավայրն է: Երէկ, 25 Օգոստոսին, Վոլոքոլամսքի Անթոնի մետրոպոլիտին հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան երկու Եկեղեցիներուն համար հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող նիւթեր:
Ունկնդրէ լուրը

Սթեֆանօ Լեսչինսքի – Թղթակից Մոսկուայէն

Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակէրի՝ Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Քարտուղարի Մոսկուայ առաքելութեան երկրորդ օրը կեդրոնացաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան մայրաքաղաքին մէջ գտնուող Քրիստոս Փրկիչ ուղղափառ Մայր Տաճարի այցելութեան վրայ: Գերապայծառ Կալլակէրը դիմաւորեց Մոսկուայի Պատրիարքութեան Արտաքին եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի փոխնախագահ Իկոր Եաքիմչուք: Այս այցելութիւնը յաջորդեց Երեքշաբթի, 25 Օգոստոսին, նոյն բաժանմունքի նախագահ Վոլոքոլամսքի Անթոնի մետրոպոլիտին հետ ունեցած պաշտօնական հանդիպումին:

Այցելութիւն Մայր Տաճար

Հակառակ աշնանային եղանակին, Քրիստոս Փրկիչ Մայր Տաճարը ջերմօրէն ընդունեց Մոսկուայ գտնուող Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը: Գրեմլինէն ոչ հեռու գտնուող ոսկեզօծ գմբէթներով հոյակապ շէնքը իր ամբողջ փառքով ներկայացուեցաւ Գերապայծառ Կալլակէրին, որուն կ՛ ընկերանար նուիրակ Գերապայծառ Ճիովաննի Տ'Անիելլօ, աւելի քան մէկ ժամ տեւած առաջնորդուած այցելութեան ընթացքին, որ իր աւարտին հասաւ պաշտամունքի վայրի սքանչելի պատշգամներէն ռուսական մայրաքաղաքի համայնապատկերի դիտումով:

Գեարպ Կալլակէրի այցը Մոսկուայի ուղղափառ Մայր Տաճար
Գեարպ Կալլակէրի այցը Մոսկուայի ուղղափառ Մայր Տաճար

Ռուսաստանի մէջ հաւատքի վերածնունդի խորհրդանիշ մը

Թէեւ Քրիստոս Փրկիչ Մայր Տաճարին նախնական ծրագիրը կը թուագրուի 1812-ին, երբ Ալեքսանդր Ա. ցարը ուզեց զայն նուիրել Քրիստոս Փրկիչին՝ տօնակատարելու համար Ռուսիոյ փրկութիւնը Նափոլէոնի արշաւանքէն, անոր շինութիւնը սկսաւ 1839-ին՝ առաջին քարին զետեղումով, իսկ Մայր Տաճարը օծուեցաւ 1883-ին, զուգադիպելով Ալեքսանդր Գ. ցարին գահակալութեան: Այս պաշտամունքի շէնքին պատմութիւնը միշտ եղաւ փոթորկոտ ու ողբերգական՝ անցնելով խորհրդային վարչակարգի ատեն տեղի ունեցած ամբողջական ջնջումէն: 1931-ին օդը թռցուելէ ետք, ետպատերազմեան շրջանին անոր տեղը կառուցուեցաւ Խորհրդային Միութեան ամենամեծ լողաւազանը: Խորհրդային վարչակարգի անկումով ու աւարտով, Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցին 1990 Փետրուարին ստացաւ արտօնութիւն՝ Մայր Տաճարը հիմնովին վերակառուցելու: Վերակառուցման ծախսերը հոգացուեցան 1992-ին հիմնադրուած հիմնադրամի մը միջոցաւ, որուն ելեւմտականապէս մասնակցեցան հաւատացեալներ՝ ամբողջ Ռուսիայէն:

Յիշատակի եւ գանձերու պահարան շէնք մը

Մոսկուայի Քրիստոս Փրկիչ Մայր Տաճարը կը պահէ գեղարուեստական եւ հոգեւոր կարեւոր գանձեր: Գերապայծառ Կալլակէր առաջնորդուեցաւ ցուցասրահէն, որ կը պատմէ տաճարին փոթորկոտ պատմութիւնը՝ ցուցադրելով սրբազան զգեստներ, պատմական փաստաթուղթեր, ուրուագիծեր եւ կործանումէն փրկուած կամ ռուս արհեստաւորներու կողմէ վերստեղծուած արժէքաւոր իրեր: Ելլելով Պայծառակերպութեան նուիրուած ստորագետնեայ եկեղեցիէն՝ արքեպիսկոպոսը առաջնորդուեցաւ վերնայարկ, ուր կը գտնուին Իքոնոսթասը (պատկերակալը) եւ աւելի քան 22 հազար քառակուսի մեթր որմնանանկարներ: Հոն, Գերապայծառ Կալլակէր աղօթքի կանգ առաւ Վլատիմիրի Տիրամօր պատկերին առջեւ, որ կը վերագրուի Սուրբ Ղուկասին եւ վերադարձուած է Ուղղափառ Եկեղեցիին՝ դառնալով ռուս հաւատացեալներու ջերմեռանդութեան գլխաւոր սրբութիւններէն մէկը:

Գեարպ Կալլակէրի այցը Մոսկուայի ուղղափառ Մայր Տաճար
Գեարպ Կալլակէրի այցը Մոսկուայի ուղղափառ Մայր Տաճար

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

27/08/2026, 07:59