MEXICO-VATICAN-RELIGION-DIPLOMACY

Կարդինալ Փարոլին Մեքսիքայի մէջ. մօտիկութիւն՝ գաղթականներուն, լուսանցքայիններուն եւ անհետացածներու ընտանիքներուն

Պետական քարտուղարը, որ եռօրեայ այցելութեամբ կը գտնուի Մեքսիքայի մէջ Կուատալուփէյի Տիրամօր Սրբավայրին մէջ մատուցեց սուրբ պատարագը որուն ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ զօրակցութիւն յայտնեց այն բազմաթիւ մայրերուն, որոնք տակաւին կը փնտռեն իրենց անհետացած զաւակները, ապա հրաւէր ուղղեց այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ «պատերազմի պատուհասը, քաղցի սարսափը եւ բռնութեան աւերածութիւնը չափազանց յաճախակի են», հաւատարիմ մնալու Աստուծոյ, որ «յայտնուեցաւ ոչ թէ զօրատէրերուն կամ ազդեցիկներուն, այլ պարզ մարդու մը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Ունկնդրէ լուրը

Մեքսիքա կատարած իր եռօրեայ պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար, կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինը Սուրբ Պատարագ մատուցեց Կուատալուփէի Տիրամօր Սրբավայրին մէջ՝ եւ սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ մօտիկութիւն յայտնեց այն բազմաթիւ մայրերուն, որոնք կը շարունակեն փնտռել իրենց անհետացած զաւակները, հրաւիրելով բոլորը աղօթքով զօրավիգ կանգնելու իրենց, որպէսզի իրենց հաւատքն ու յարատեւութիւնը վարձատրուին։

Ծիրանաւորը ապա Պապին օրհնութիւնը փոխանցելով մեքսիքացի ժողովուրդին յիշեցուց Սուրբ Կոյս Մարիամի մօտիկութիւնը հաւատացեալներուն ու շեշտը դրաւ քրիստոնէական կեանքի երեք սիւներուն վրայ` ներկայութիւն, վկայութիւն եւ աղօթք։

Ան յիշեցուց թէ հարկաւոր է մօտ ըլլալ աղքատներուն, լուսանցքայիններուն գաղթականներուն եւ օտարներուն՝ պատերազմներով, քաղցով եւ բռնութեամբ յատկանշուած աշխարհի մը մէջ։ Պետական Քարտուղարը նշեց նաեւ թէ Աստուած կ՛ընտրէ յայտնուիլ պարզ մարդոց եւ ոչ թէ հզօրներուն, ընդգծելով, թէ հաւատացեալներուն հաւատքն ու վկայութիւնը կրնան ձեւափոխել ընկերութիւնը նոյնիսկ ամենէն դժուար պարագաներուն։

Ի վերջոյ, ան վերահաստատեց, որ աղօթքը քրիստոնէական կեանքի կամընտրական տարր մը չէ, այլ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան հիմքը եւ էական գործիք մը՝ խաղաղութիւն կերտելու եւ ժողովուրդներու միջեւ հաշտութիւնը խթանելու համար։

Նշենք որ սոյն արարողութիւնը մաս կը կազմէ Փարոլինի Մեքսիքա կատարած այցելութեան, որ կը ներառէ նաեւ հանդիպումներ երկրին քաղաքացիական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան իշխանութիւններուն հետ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

06/08/2026, 07:46