Սրբուհի Ակաթային կիսանդրին Սրբուհի Ակաթային կիսանդրին 

Կարդինալ Փարոլին. «Աստուծոյ մէջ խոր արմատներ ունեցող կեանքը փորձութիւններու մէջ ալ յոյսի պտուղ կու տայ»

Կարդինալ Փարոլին Սիկիլիոյ Աճի Քասթելլոյի մէջ աղօթքի հսկումին ընթացքին Սրբուհի Ակաթան ներկայացուց իբրեւ Աստուծոյ մէջ խորապէս արմատաւորուած հաւատքի եւ Քրիստոսի հանդէպ անսասան հաւատարմութեան օրինակ։ Ան ընդգծեց, որ հաւատքը փորձութիւնները չի վերացներ, այլ ուժ եւ յոյս կու տայ զանոնք դիմագրաւելու, եւ հրաւիրեց հաւատացեալները հաստատ մնալու Տիրոջ մէջ ու իրենց կեանքը սնուցանելու Աստուծոյ Խօսքով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Ակաթայի նահատակութեան վկայութիւնը այսօր ալ կը շարունակէ խօսիլ Եկեղեցւոյ, որովհետեւ անոր կեանքը խորապէս արմատաւորուած էր Աստուծոյ մէջ։ Այս մասին խօսեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Պիեթօ Փարոլին՝ 16 Օգոստոսին Սիկիլիոյ Աճի Քասթելլոյի մէջ նախագահելով աղօթքի հսկումին՝ Սուրբ Ակաթայի մասունքներու Քաթանիա վերադարձին 900-ամեակին առիթով։

Կարդինալ Փարոլին, որ Պապական պատուիրակն է յոբելենական տօնակատարութիւններուն, ընդգծեց, որ Սուրբ Ակաթայի ուժը կը բխէր «Քրիստոսի հետ հաղորդութենէն»։ Անոր հաւատարմութիւնը այնքան խոր էր, որ ան չխոնարհեցաւ բռնութեան, սպառնալիքներու կամ իշխանութեան խոստումներու առջեւ։

Փարոլին, մեկնաբանելով Սաղմոս Ա.-ի խօսքը՝ «Տէրը կը հսկէ արդարներուն ճանապարհին», նշեց, որ հաւատքը չի վերացներ փորձութիւնները, այլ մարդուն նոր ուժ կու տայ զանոնք դիմագրաւելու համար։ Տէրը կ'ուղեկցի Իր զաւակներուն եւ նոյնիսկ անոնց վէրքերը կրնայ վերածել շնորհքի։

Կարդինալը նաեւ զգուշացուց Աստուծմէ աստիճանաբար հեռանալու վտանգին դէմ՝ նշելով, որ չարը յաճախ կը գործէ փոքր քայլերով եւ սովորութիւններով։ Ան շեշտեց, որ Աստուծոյ Խօսքը բեռ կամ ազատութեան սահմանափակում չէ, այլ ճշմարիտ ազատութեան առաջնորդող ճանապարհը։

Սրբուհին Ակաթան, որ Սաղմոսի պատկերով կարելի է նմանցնել ջուրերու մօտ տնկուած ծառի, Փարոլին ներկայացուց իբրեւ Աստուծոյ մէջ խորապէս արմատաւորուած կեանքի օրինակ։ Ան հրաւիրեց հաւատացեալները հաստատ մնալու Տիրոջ մէջ եւ չտարուելու վախերու, նորաձեւութիւններու ու պատրանքներու հովերէն։

Սրբուհի Ակաթայի մասունքները Աճի Քասթելլոյի մէջ ցուցադրուելէ ետք վերադարձան Քաթանիա, ուր 17 Օգոստոսին Տուոմոյի հրապարակին մէջ Կարդինալ Փարոլինի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ՝ Յոբելենական թողութեան եւ Պապական օրհնութեան շնորհումով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

17/08/2026, 12:50