Կարդինալ Փարոլին. «Աղօթենք աշխարհի մէջ հալածուող քրիստոնեաներուն համար»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սրբուհի Ակաթայի մասունքներուն Կոստանդնուպոլիսէն Քաթանիա փոխադրութեան 9-րդ դարադարձին առիթով, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Քադանիոյ Մայր տաճարին մէջ նախագահեց հանդիսաւոր Ս. Պատարագին՝ Սրբուհի Ակաթայի յոբելեանական տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս։ Իր քարոզին մէջ ան կոչ ըրաւ Սուրբ Ակաթայի սրբութիւնը դիտել ոչ թէ որպէս անցեալի յիշատակ, այլ իբրեւ կենդանի վկայութիւն մը, որ այսօր ալ կարող է հաւատք, յոյս եւ սէր ծնել։
Կարդինալ Փարոլին յատկապէս յիշեց աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ Քրիստոսի եւ Աւետարանին համար հալածուող քրիստոնեաները՝ հրաւիրելով հաւատացեալները անոնց համար աղօթելու։ Ան ընդգծեց նաեւ, որ նահատակութիւնը միայն արիւնահեղ վկայութիւնը չէ, այլ գոյութիւն ունի նաեւ «հաւատարմութեան նահատակութիւն» մը՝ առօրեայ կեանքին մէջ ճշմարտութեան, արդարութեան, ներողամտութեան եւ սիրոյ ընտրութիւնը։ Փարոլին շեշտեց. «Մի՛ վախնաք»ը պարզ հոգեբանական քաջալերանք մը չէ, այլ քրիստոնէական կեանքի հիմքը, որովհետեւ Աստուած հաւատարիմ կը մնայ նոյնիսկ այն պահերուն, երբ ամէն ինչ կորսուած կը թուի։
Վատիկանի Պետական քարտուղարը քարոզին մէջ նաեւ ընդգծեց, որ Եկեղեցին չի հիմնուիր մարդկային կարողութիւններուն կամ սեփական արդիւնաւէտութեան վրայ, այլ Աստուծոյ շնորհքին եւ հաւատարմութեան։
Խօսելով Քաթանիոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին՝ կարդինալը յիշեց աղքատութիւնը, անհաւասարութիւնները, երիտասարդներու ապագայի դժուարութիւնները եւ ընտանիքներու խնդիրները՝ ընդգծելով, որ չարիքը կարելի չէ յաղթահարել նոր չարիքով, այլ միայն Խաչէն ծնող սիրով, որ կարող է պատմութիւնը ներսէն փոխակերպել։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.