«Երգ Երգոց»ը կ’արթնցնէ սէրը․ Կարդինալ Տէ Մենտոնսա
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Երգ Երգոց»ը վերընթերցելը արդէն իսկ առաջին պատասխանն է Լեւոն ԺԴ․ Պապին՝ Ռիմինիի Հանդիպման մասնակիցներուն ուղղած պատգամին, առ այն, որ՝ «քրիստոնէական առաջարկին կեդրոնը իւրաքանչիւրին մէջ փափաք արթնցնելու պատասխանատուութիւնն է»։ Այս միտքը շեշտեց Մշակոյթի ու Կրթութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսան»՝ 24 Օգոստոսին Ռիմինիի Հանդիպման (Meeting di Rimini) շրջագիծէն ներս կազմակերպուած հանդիպման ընթացքին՝ աւելցնելով թէ՝ «հոս ենք՝ խօսելու «Երգ Երգոց»ին մասին, որպէսզի արթնցնենք սիրուելու եւ սիրելու փափաքը», քանզի «մենք՝ իբրեւ քրիստոնեաներ, ունինք «սիրոյ մասին ճշմարտութիւնը ըսելու պատասխանատուութիւնը»։
Սիրելու «վտանգը» եւ այրող մերկութիւն մը
«Երգ Երգոց»ին ուժը իր խորութեան եւ մարդկային սիրտին պարզ ու մերկ ճշմարտութեամբ դպչելու կարողութեան մէջ է եւ սիրելու եւ սիրուելու փափաքը վերակենդանացնելը Սուրբ Աթոռի Վերատեսուչի խօսքերով կարեւոր է յատկապէս արդի արհեստագիտական դարաշրջանին մէջ, ուր մեքենաները կը նմանակէն սէրը, իսկ մարդիկ կը խուսափին իրական յարաբերութիւններու վտանգներէն։
Իր հերթին հանդիպման բանախօս՝ բանաստեղծ Տաւիտէ Պրուլլոն նկատել տուաւ, որ «Աստուածաշունչը եւ յատկապէս "Երգ Երգոց"ը մեր բուն գիրն են, մեր հագուստն են, որոնք սակայն մեզ չեն հագցներ, այլ՝ կը մերկացնեն» եւ այս մերկութիւնը կ՚այրէ ու կը ստիպէ բանաստեղծին նոր բառեր փնտռել։
Մարդ էակին բարձրագոյն արժանապատուութիւնը եւ փոխադարձութիւնը
Կարդինալ Տէ Մենտոնսան իր խօսքին մէջ յիշեցուց նաեւ «Երգ Երգոց»ի ծագման վերաբերեալ տարբեր վարկածները՝ եգիպտականէն մինչեւ միջագետեան, եւ ընդգծեց, որ յաճախ զարմացուցած է մեկնիչները, քանի որ անիկա գիրք մըն է, ուր թէեւ «Աստուած բառը միայն մէկ անգամ կը թոթովուի», անիկա կը սորվեցնէ մարդ էակին բարձրագոյն արժանապատուութիւնը, սեռերու միջեւ սիրոյ հաւասար փոխադարձութիւնը եւ մտերմութեան տիեզերական ուժը․
«Երբ կը կարդանք "Երգ Երգոց"ը, անհնար է չարտասուել գեղեցկութեան ու ճշմարտութեան այս հրաշքին առջեւ, որ մարդ արարածն է»։ Անոր խօսքերէն կը սորվինք նաեւ այր մարդու եւ կնոջ միջեւ սիրոյ փոխադարձութիւնը, նոյնիսկ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ երկու սեռերուն միջեւ ընկերային հաւասարութիւն չկար։ «Երգ Երգոց»ը պէտք է դիտել իբրեւ «սիրոյ սրբապատկեր», ըսաւ առ այդ Ծիրանաւորը։
Խոցելիութեան օրհներգը
«Երգ Երգոց»ը միաժամանակ զգայական եւ աստուածային գիրք է եւ Կարդինալ Տէ Մենտոնսային համաձայն՝ պատճառն այն է, որ «ոչինչ այնքան անզէն ու զինաթափող է, որքան սէրը՝ իր ճշմարտութեան մէջ։ Անիկա անաւարտութեան եւ խոցելիութեան ընդունումն է։ Հասկնալն է, որ կեանքը կը կառուցուի դիմացինին հիւրընկալութեամբ, այլապէս չի կառուցուիր»։ Այս ծայրայեղ աղքատութիւնը, ընդունուած իբրեւ բարձրագոյն ուրախութիւն, «մեզի կ՚օգնէ հասկնալու Աստուած, որովհետեւ, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կըսէ, Յիսուս հարուստ ըլլալով՝ աղքատացաւ, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրը լեցնէ իր հարստութեամբ»։
Աւելցնենք, նաեւ, որ «Երգ Երգոց»ը (իտալերէն՝ «Cantico dei Cantici») Աստուածաշունչի ամենագեղեցիկ, բանաստեղծական եւ միեւնոյն ժամանակ ամենախորհրդաւոր գիրքերէն մէկն է։ Անիկա Հին Կտակարանի մաս կը կազմէ եւ դարեր շարունակ հիացում ու քննարկումներ յառաջացուցած է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.