Ազգային Կարիթթա մրցանակ 2026 Ազգային Կարիթթա մրցանակ 2026 

Սուրբ Աթոռին կը շնորհուի «Pax Dei» մրցանակը՝ ի նպաստ խաղաղութեան

Աչիրէալէի մէջ կազմակերպուող «Կարիթա» 48-րդ Ազգային Մրցանակաբաշխութեան «Pax Dei» մրցանակը շնորհուեցաւ Սուրբ Աթոռին՝ ի նպաստ համաշխարհային խաղաղութեան անոր ներդրած ջանքերուն համար։ Օգոստոս 21-ի հանդիսաւոր երեկոյին Վատիկանի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինը հանդէս պիտի գայ տեսաուղերձով՝ ներկայացնելով Սուրբ Աթոռը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռին շնորհուեցաւ «Կարիթթա» 48-րդ Ազգային Մրցանակաբաշխութեան «Pax Dei- Աստուծոյ Խաղաղութիւն» բաժնի մրցանակը՝ ի նպաստ համաշխարհային խաղաղութեան անոր ներդրած ջանքերուն համար։ Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 21-ին, Աչիրէալէի (Սիչիլիա) Սանթա Թեքլա ծովափնեայ գիւղաքաղաքին մէջ։

Այս տարուան ձեռնարկի գլխաւոր թեման է «Չարն ու Բարին»՝ ակնարկելով մարդկութեան պատմութեան ուժականութեան եւ ժամանակակից աշխարհի մարտահրավէրներուն։ Մրցանակաբաշխութեան գեղարուեստական ղեկավար Անթոնելլօ Մուզմեչի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ընդգծեց, որ ներկայ դժուարին ժամանակաշրջանին պարտք համարած են պատուել Սուրբ Աթոռը, որ նախանձախնդիր կերպով կը տարածէ բարիի սկզբունքը։

Սուրբ Աթոռի անունով մրցանակը խորհրդանշանաբար պիտի ընդունի Վատիկանի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինը, որ հանդէս պիտի գայ տեսաուղերձով։

Մրցանակաբաշխութեան աւանդոյթն ու նշանակութիւնը

1970-ականներու կէսերուն հիմնուած «Կարիթթա» Ազգային Մրցանակը տարիներու ընթացքին վերածուած է համազգային մշակութային կարեւոր իրադարձութեան մը։ Անցեալին եւս մրցանակաբաշխութիւնը անդրադարձած է արդիական լուրջ հարցերու․

2024-ին՝ Արհեստական Բանականութեան նուիրուած թեմայով,

2025-ին՝ Կազայի հակամարտութեան եւ զոհերուն նուիրուած ձեռնարկով, որուն մասնակցած էր Երուսաղէմի Լատին Պատրիարք, Կարդինալ Փիէրպաթիսթա Փիցապալլան։

Մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր երեկոն տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Օգոստոս 21-ի երեկոյեան, Սանթա Թեքլայի «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.» հրապարակին վրայ։ Ձեռնարկին պիտի մասնակցի նաեւ Իտալիոյ Ծերակոյտի նախագահ Ինեացիօ Լա Ռուսան։ Երեկոն, որ պիտի համատեղէ արուեստը, մշակոյթն ու հասարակական հնչեղութիւն ունեցող թեմաները, ուղիղ-հեռարձակմամբ պիտի ցուցադրուի Իտալիոյ ազգային պատկերասփիւռի կայաններէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

20/08/2026, 10:52