Յովհաննէս Պօղոս Ա. Խոնարհ կեանք մը Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Ա․-ի եկեղեցական յիշատակի օրը, Կարդինալ Պալտօ Ռէյնա Սուրբ Պատարագ մատոյց Վատիկանի Տաճարին մէջ՝ յիշելով Ալպինօ Լուչիանիի կերպարը իբրեւ խոնարհութեան, պարզութեան եւ Աստուծոյ կամքին հնազանդութեան տիպար։
Պետրոսի Աթոռին անոր ընտրութենէն 48 տարի ետք (տեղի ունեցած 26 Օգոստոս 1978-ին), Լուչիանի Պապին յիշատակը վառ կը մնայ Եկեղեցւոյ մէջ։ Անոր կարճ քահանայապետութիւնը, որ տեւեց միայն 34 օր, դրոշմուեցաւ խոր խաղաղութեամբ, որ արտայայտուեցաւ նաեւ անոր հռչակաւոր ժպիտին ընդմէջէն։ Ռէյնա կարդինալին համաձայն՝ այդ ժպիտը կը բխէր Աստուծմէ առաջնորդուած եւ աջակցուած ըլլալու գիտակցութենէն։
«Ան տեղ բացաւ Աստուծոյ», ընդգծեց Ռէյնա՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ տիպար մասնաւորաբար ընծայարանականներու եւ քահանաներու համար․ հովիւի կերպար մը, որ առաջնահերթութիւն չէր փնտռեր, այլ խոնարհութեամբ կը վստահէր Տիրոջ գործունէութեան։
Լուչիանիի ծննդավայրին՝ Քանալէ տ'Ակորտոյի մէջ եւս Երանելին յիշատակուեցաւ Սուրբ Պատարագով մը, զոր գլխաւորեց Վիթթորիօ Վենեթոյի եպիսկոպոս՝ Ռիկարտօ Պաթթոքիօ սրբազանը։ Առաջնորդը զայն բնորոշեց իբրեւ «Յիսուսի հետ, Եկեղեցւոյ մէջ եւ Եկեղեցիներու միջեւ հաղորդութեան պայծառ վկայ»՝ ընդգծելով անոր յանձնառութիւնը թեմի ընթացքին մէջ Վատիկանեան Բ․ Ժողովէն ետք։
Արարողութիւնը նաեւ առիթ եղաւ հռչակելու Մայր Տաճարին մէջ Երանելի Ճովաննի Փաոլօ Ա․-ին նուիրուած վայրի մը պատրաստութիւնը, ուր պիտի պահուի անոր մասունքներէն մէկը։
Ալպինօ Լուչիանիի յիշատակը այսպէս կը շարունակէ խօսիլ Եկեղեցւոյ՝ պարզութենէ, խոնարհութենէ եւ վստահութենէ հիւսուած վկայութեամբ մը․ կեանք մը՝ ամբողջութեամբ յանձնուած Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.