Մարզիկներու Խաչը Թարանթոյի մէջ՝ 2026-ի Միջերկրականեան խաղերուն առիթով։ Մարզիկներու Խաչը Թարանթոյի մէջ՝ 2026-ի Միջերկրականեան խաղերուն առիթով։  (cem)

Միջերկրականեան խաղեր. Պապը՝ մարզանքին մէջ եղբայրական աշխարհի պատկերը կը տեսնէ։

Լեւոն ԺԴ. Պապը Միջերկրականեան խաղերու առիթով կոչ ուղղած է մարզիկներուն՝ մրցումները ապրելու բարեկամութեան, եղբայրութեան եւ ազնուութեան ոգիով՝ մարզանքը վերածելով ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու միջեւ խաղաղութեան ու համերաշխութեան կամուրջի։ Թարանթոյի մէջ 26 երկիրներէն աւելի քան չորս հազար մարզիկներու մասնակցութեամբ խաղերը կը ներկայացուին նաեւ որպէս յոյսի եւ «եղբայրական աշխարհի» վկայութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Թարանթոյի մէջ Միջերկրականեան 20-րդ խաղերու բացման առիթով Լեւոն ԺԴ. Պապը կոչ ուղղած է մարզիկներուն՝ մրցումները ապրելու բարեկամութեան, եղբայրութեան եւ ազնուութեան ոգիով։ Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ Պապի պատգամը ընթերցուած է Թարանթոյի Սան Քաթալտօ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, ուր նաեւ տեղադրուած է Մարզիկներու Խաչը։

Պապը ընդգծած է, որ մարզական մրցումները կրնան «նոր յոյսի հով» մը բերել եւ կամուրջներ կառուցել տարբեր մշակոյթներու ու ժողովուրդներու միջեւ՝ խթանելով ընդունելութիւնը, համերաշխութիւնն ու խաղաղութիւնը։ 26 երկիրներու աւելի քան չորս հազար մարզիկներու մասնակցութեամբ խաղերը, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ Սեպտեմբեր 3, ներկայացուած են նաեւ որպէս եղբայրութեան եւ խաղաղութեան վկայութիւն՝ հակամարտութիւններով, լարուածութիւններով ու անարդարութիւններով յատկանշուող աշխարհի մը մէջ։

Թարանթոյի արքեպիսկոպոս Չիրօ Մինիերօ իր քարոզին մէջ շեշտած է, որ մարզիկները այնտեղ են ոչ միայն մրցելու, այլեւ աշխարհին խաղաղութեան, համակեցութեան եւ եղբայրութեան վկայութիւն մը փոխանցելու համար։ Ան ընդգծած է, որ մարզանքը երիտասարդներու դաստիարակութեան կարեւոր միջոց է եւ տարբեր մշակոյթներու, կրօններու ու ընկերային միջավայրերու պատկանող մարզիկներու հանդիպումը կրնայ նպաստել «տարբերութիւններու համակեցութեան» եւ խաղաղութեան մէջ ապրող մարդկային ընտանիքի կերտման։

Մարզիկներու Խաչը, որ Լոնտոնի 2012-ի Ողիմպիական խաղերէն ի վեր կը փոխանցէ մարզիկներու յոյսերն ու սպասումները, Թարանթոյի մայր տաճարին մէջ պիտի մնայ խաղերու աւարտը։ Այսպիսով, Միջերկրականեան խաղերը կը ներկայացուին ոչ միայն որպէս մարզական մեծ իրադարձութիւն, այլեւ որպէս մշակոյթներու եւ ժողովուրդներու միջեւ հանդիպման, երկխօսութեան ու խաղաղութեան պատգամ փոխանցելու առիթ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

20/08/2026, 15:38