Վատիկանի այգիները Վատիկանի այգիները  (Governatorato_SCV)

Վատիկանի Այգիներու մէջ Պապին պարտէզը ամբողջութեամբ կենսաբանական դարձաւ

Վատիկանի Այգիներուն մէջ «Mater Ecclesiae» վանքին կից Պապին պարտէզը ամբողջութեամբ կը մշակուի կենսաբանական սկզբունքներով՝ հողի, բնութեան եւ եղանակային բնական շրջանին հանդէպ յարգանքով։ Շուրջ 800 տարուան պատմութիւն ունեցող պարտէզը, որ կը խնամուի պարտիզպանի, երիտասարդ գործակիցներու եւ վանքի քոյրերուն կողմէ, կը շարունակէ իր աւանդութիւնը՝ բերք արտադրելով եւ միաժամանակ բնութեան ու Աստուծոյ ստեղծագործութեան հանդէպ հոգատարութիւն արտայայտելով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Այգիներուն մէջ, «Mater Ecclesiae» վանքին կից գտնուող պարտէզը այժմ ամբողջութեամբ կը մշակուի կենսաբանական սկզբունքներով։ Մշակութեան հիմքը հողի եւ բնութեան հանդէպ հոգատարութիւնն է՝ «Laudato si’» շրջաբերականին ոգիին համաձայն, առաջնահերթութիւնը տալով ոչ թէ առաւելագոյն բերքին, այլ բոյսերու եւ հողին բնական ժամանակացոյցին։

Պարտէզը կը զբաղեցնէ շուրջ 400 քառակուսի մեթր տարածք եւ կը խնամուի փորձառու պարտիզպան Գիլպերթօ Պիանքիէի կողմէ՝ երիտասարդ գործակիցներու եւ «Mater Ecclesiae» վանքի քոյրերու աջակցութեամբ։ Մշակութիւնը կը հետեւի եղանակային պայմաններուն, իսկ ոռոգումը ամբողջութեամբ ձեռքով կը կատարուի։

Հողին բերրիութիւնը պահպանելու համար կը կիրարկուին ցանքաշրջանառութիւն եւ բնական պարարտացման մեթոտներ, իսկ բուսապաշտպան միջոցներու գործածութիւնը կը սահմանափակուի՝ նախապատուութիւնը տալով բնական լուծումներու։ Պարտէզին մէջ կը մշակուին սխտոր, ռեհան, պղպեղ, լոլիկ, սմբուկ, պղպեղ, կանաչ լուբիա, դդում, ցիտրուսային պտուղներ եւ այլ եղանակային մշակաբոյսեր։

Պարտէզին մէջ կան նաեւ շուրջ 150 տարեկան ցիտրուսային ծառեր, որոնց վրայ պահպանուած են շուկայէն այլեւս դժուար գտանելի տեսակներ։ Անոնք կը մշակուին առանց քիմիական բուժումներու, իսկ պտուղները քոյրերը կը գործածեն մուրաբանութիւն, շողոքորթուած կեղեւ եւ թխուածքներ պատրաստելու համար՝ բաժին մը նաեւ կարիքաւորներուն տրամադրելով։

Պարտէզին պատմութիւնը շուրջ 800 տարի կը հասնի։ Անոր հիմքը դրուած է Նիկողայոս Գ. Օրսինի Պապին օրով՝ 13-րդ դարուն, երբ պապական նստավայրը Լատերանէն Վատիկան տեղափոխուեցաւ եւ նոր պարիսպներու շրջանին մէջ ստեղծուեցան պտղատու պարտէզ եւ մշակելի տարածք՝ Պապական սեղանին կարիքները հոգալու համար։

Ութ դար անց, այս աւանդութիւնը կը շարունակուի «Mater Ecclesiae» վանքին կողքին։ Այստեղ մշակելը ոչ միայն հողագործական աշխատանք է, այլ նաեւ բնութեան հանդէպ հոգատարութեան եւ աղօթքի ձեւ մը՝ պահպանելով հողի պտղաբերութիւնը եւ Աստուծոյ ստեղծագործութեան հանդէպ պատասխանատուութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

18/08/2026, 12:04