Ներկայացուցեցաւ Սէուլի Համաշխարհային Երիտասարդական Օրուան պաշտօնական օրհներգը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սէուլի 2027-ի Համաշխարհային Երիտասարդական Օրուան նախապատրաստութիւններուն ծիրին մէջ հրապարակուեցաւ միջազգային հանդիպումին պաշտօնական օրհներգը։ Անիկա ներկայացուեցաւ օգոստոս 3-ին՝ ուղիղ մէկ տարի առաջ մեծ երիտասարդական հաւաքէն, որ պիտի կայանայ 2027 թուականի օգոստոս 3-8-ը Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլի մէջ։
«Confidite, ego vici mundum» («Քաջալերուեցէ՛ք, Ես յաղթեցի աշխարհին») խորագիրը կրող երգը ներշնչուած է Յովհաննէսի Աւետարանի 16-րդ գլխու 33-րդ համարով, որ ընտրուած է որպէս հանդիպումի պաշտօնական նշանաբանը։
Երկու երաժշտական տարբերակ
Օրհներգը ներկայացուեցաւ երկու տարբերակով։ Առաջինը՝ հանդիսաւոր կատարում մըն է նուագախումբի եւ երգչախումբի մասնակցութեամբ, իսկ երկրորդը՝ երիտասարդական փոփ երաժշտութեան ոճով պատրաստուած տարբերակն է։
Տեսանիւթերուն մէջ մէկը կը ներկայացնէ Սէուլի տարբեր խորհրդանշական վայրերու մէջ կատարուող նուագախումբն ու երգչախումբը, մինչ երկրորդը կը ցուցադրէ արդէն աշխատանք սկսած կամաւոր երիտասարդները։
Համաշխարհային կոչ՝ վեց լեզուներով
Օրհներգը կը կրէ լատիներէն խորագիր մը, որպէսզի ան հասկանալի ըլլայ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն համար։ Երգը կը հնչէ վեց լեզուներով՝ քորէերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, փորթուգալերէն եւ իտալերէն, ընդգծելով եկեղեցւոյ համաշխարհային դիմագիծը։
Բացման խօսքերը կը հրաւիրեն երիտասարդները արթննալ, հետեւիլ Քրիստոսին եւ նոր յոյսով շարունակել իրենց կեանքի ճանապարհը։ Բովանդակութիւնը կ՚ուղղուի այն սերունդին, որ իմաստ եւ ուղղութիւն կը փնտռէ ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրներուն դիմաց։ Երգին առանցքը Քրիստոսի յաղթանակն է, որ կը ներշնչէ քաջութիւն, վստահութիւն եւ յոյս, նոյնիսկ վախերու եւ յուսախաբութիւններու մէջ։
Միջազգային մրցոյթ եւ քորէացի հեղինակ
Ստեղծագործութիւնը ընտրուած է բաց միջազգային մրցոյթի մը միջոցաւ, որուն ներկայացուած էին 434 առաջարկներ, որոնցմէ 294-ը արտասահմանի հեղինակներէ։ Յաղթող երաժշտութիւնը ստեղծած է քորէացի երաժիշտ Ֆրանսիս Ճիյուն Քիմը։ Վերջնական հաստատումը տրուած է Սուրբ Աթոռի Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան կողմէ։ Կատարումը հարուստ է քորէական ազգային երաժշտական տարրերով, որոնք միաձուլուած են ժամանակակից մշակումի հետ։ Տեսանիւթը նաեւ կը ներկայացնէ Սէուլի տեսարժան վայրերն ու Քորէայի մշակութային գեղեցկութիւնը՝ երիտասարդները հրաւիրելով ճանչնալու հիւրընկալ երկիրը։
Հազարաւոր երիտասարդներ՝ առցանց ներկայացման հետեւողներ
Օրհեներգի ներկայացման ընթացքին հազարաւոր երիտասարդներ հետեւեցան աշխարհի տարբեր երկիրներէ։ Հեռարձակման մասնակիցներ կային Հնդկաստանէն, Ֆիլիպիններէն, Միացեալ Նահանգներէն, Իսպանիայէն, Մատագասքարէն եւ այլ երկիրներէ։ Սէուլի Մյոնկտոնկի մայր տաճարի փոխ ժողովրդապետ հայր Իսահակ Սեւերոն շեշտեց, թէ օրհներգը այժմ ամբողջ աշխարհի երիտասարդութեան սեփականութիւնն է։
Ան ընդգծեց, որ այս երգը պիտի ուղեկցի ոչ միայն ԵՀՕ-ի օրերուն, այլ նաեւ երիտասարդներու առօրեային եւ իրենց կեանքի պայքարներուն։
ԵՀՕ 2027՝ առաջինը կաթողիկէ փոքրամասնութիւն ունեցող երկրի մէջ
2027-ի ԵՀՕ-ն պիտի ըլլայ Ասիոյ մէջ կազմակերպուող երկրորդ համաշխարհային երիտասարդական հանդիպումը՝ 1995-ի Մանիլայի ԵՀՕ-էն ետք։ Առաջին անգամն է, որ այս համաշխարհային ձեռնարկը կը կազմակերպուի այնպիսի երկրի մը մէջ, ուր կաթողիկէները փոքրամասնութիւն կը կազմեն։ Երկրին մէջ քրիստոնէութեան տարածման առաջին փուլը իրականացուցած են աշխարհական հաւատացեալները, ոչ թէ օտար միսիոնարները
Մասնակիցներուն պիտի առաջարկուին տարբեր ծրարներ՝ ըստ մնալու տեւողութեան եւ ընտրուած ձեռնարկներուն։ Կազմակերպիչները նաեւ կը մշակեն շարժական յաւելուած եւ միասնական կազմակերպչական համակարգ։ Արդէն շուրջ 230 ծուխեր պատրաստակամութիւն յայտնած են երիտասարդ ուխտաւորներ հիւրընկալելու։
«Breath of Life»՝ բնապահպանական նախաձեռնութիւն
Սէուլի արքեպիսկոպոս Փիթըր Չունկ Սուն-Թայքը վերահաստատեց, որ նպատակն է կազմակերպել յոյսի, հիւրընկալութեան եւ համերաշխութեան տօնակատարութիւն մը։ ԵՀՕ-ի նախապատրաստութեան մէջ պիտի ներգրաւուին շուրջ 30 հազար կամաւորներ։ Նոյն առիթով մեկնարկեց նաեւ «Breath of Life» բնապահպանական նախաձեռնութիւնը։ Ծրագիրը երիտասարդները կը հրաւիրէ ծառեր տնկելու իրենց հայրենիքներուն մէջ։ Նախաձեռնութիւնը ներշնչուած է Ֆրանչիսկոս Պապի «Laudato Si’» շրջաբերականէն։ Ան կը շարունակէ Լիզպոնի 2023-ի ԵՀՕ-ի ընթացքին սկսած բնապահպանական ուղին։Նպատակն է երիտասարդներուն մղել շրջակայ միջավայրի պահպանութեան գործնական քայլերու։
Սէուլի ԵՀՕ-ի նախապատրաստական ուղին սկսած էր 2023-ի Լիզպոնի ԳՄՕ-ի աւարտին։ Հետագային Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը հրապարակեց հանդիպումի պաշտօնական թուականները։ 2024-ին Մյոնկտոնկի մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ նախապատրաստական շրջանի բացման արարողութիւնը։ Ապա ներկայացուեցաւ հանդիպումի նշանաբանը եւ կազմակերպական ուղեգիծը։ Վատիկանի մէջ կատարուեցաւ նաեւ ԵՀՕ Խաչին եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի պատկերակի աւանդական փոխանցումը Փորդուգալացի երիտասարդներէն քորէացի երիտասարդներուն։ Այս սուրբ խորհրդանիշները ներկայիս ուխտագնացութիւն կը կատարեն Քորէայի թեմերուն մէջ։
Պաշտօնական աղօթքը եւ հովանաւոր սուրբերը
2025-ին հրապարակուեցաւ նաեւ Սէուլի ԵՀՕ պաշտօնական աղօթքը։ Ան կազմուած է համատեղ խորհրդակցական ընթացքով՝ Քորէայի եկեղեցւոյ տարբեր ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Աղօթքը երիտասարդները կը հրաւիրէ փոխադարձ լսողութեան, Աստուծոյ կամքի զանազանման եւ աւելի խոր հաւատքի ճանապարհի։ Սէուլի ԵՀՕ հովանաւոր սուրբերուն շարքին են Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ., Սուրբ Անդրէաս Քիմ Թեգոնը, Սուրբ Ֆրանչիսկա Քապրինին, Սուրբ Ժոզեֆինա Պախիթան եւ Սուրբ Կարլօ Աքութիսը։
Այսպիսով, Սէուլի 2027-ի Համաշխարհային Երիտասարդական Օրը կը շարունակէ իր նախապատրաստական ուղին՝ երիտասարդներուն փոխանցելով յոյսի, հաւատքի եւ համաշխարհային եղբայրութեան պատգամը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.