Վերստին կեանքի կոչել կարեկցանքը. Կաթողիկէ համալսարաններու արուեստի եռամեայ ծրագիրը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Արուեստական ստեղծագործութեան, գիտական հետազօտութեան եւ երկխօսութեան նուիրուած հաւաքական նախագիծ մը. այսպէս Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութիւնը կը ներկայացնէ Կաթողիկէ համալսարաններու արուեստի եռամեայ ծրագիրը, միջազգային նախաձեռնութիւն մը, որուն կը մասնակցին կաթողիկէ համալսարաններ, արուեստագէտներ, համադրողներ եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մշակութային հաստատութիւններ։
Նախաձեռնութեան առաջին հանգրուանը պիտի բացուի 27 Օգոստոսին Պրազիլի մէջ՝ Ռիօ տը Ժանէյրոյի Քահանայապետական Կաթողիկէ համալսարանին մէջ։ 2026-2027 տարիներուն տարբեր երկիրներու մէջ նախատեսուած են ցուցահանդէսներ, արուեստի նոր գործերու պատուէրներ, հրատարակութիւններ եւ հանրային ծրագիրներ, որոնք պիտի անդրադառնան մեր ժամանակներու հրատապ հարցերէն ոմանց։ Ծրագիրը իր գագաթնակէտին պիտի հասնի Վենետիկի մէջ։ Նախաձեռնութեան ընդհանուր գեղարուեստական համադրութիւնը վստահուած է փրոֆ. Նունօ Քրեշփոյի։
Կարեկցանքի շուրջ հաւաքական նախագիծ մը
Նախաձեռնութեան պիտի մասնակցի նաեւ Միլանի Սուրբ Սրտի Կաթողիկէ համալսարանը՝ 6 Հոկտեմբերէն մինչեւ 2026-ի վերջը։ Մասնակիցներուն մաս կը կազմեն նաեւ Չիլիի Քահանայապետական Կաթողիկէ համալսարանը՝ 3 Սեպտեմբերէն մինչեւ 22 Նոյեմբեր, Քոլոմպիայի Խաւերիանա Քահանայապետական համալսարանը՝ 9 Սեպտեմբերէն մինչեւ Նոյեմբեր, Պոսթընի քոլէճը՝ 23 Սեպտեմբերէն մինչեւ Դեկտեմբեր, Փորթուկալիոյ Կաթողիկէ համալսարանը՝ 12 Հոկտեմբերէն մինչեւ Դեկտեմբերի կէսերը, եւ Անկոլայի Կաթողիկէ համալսարանը՝ Հոկտեմբեր վերջէն մինչեւ 20 Դեկտեմբեր։
«Exercises in Empathy»՝ «Կարեկցանքի վարժութիւններ» խորագրով առաջին այս հրատարակութիւնը առիթ պիտի ըլլայ անդրադառնալու համալսարանական կրթութեան դերին, մարդկային յարաբերութիւններուն եւ կարեկցանքի հասկացութեան։ Նախաձեռնութիւնը ներշնչուած է Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին Magnifica humanitas շրջաբերականին մէջ արտայայտուած մտահոգութիւններէն մէկէն՝ նմանակման եւ իրական փորձառութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող լարումէն, որուն ծիրէն ներս կարեկցանքը կը ներկայանայ իբրեւ վտանգուած արժէք։
Տոլ. տը Մենտոնսա. «Կարեկցանքը համալսարանական առաքելութեան հիմքն է»
Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան վերատեսուչ, Խօսէ Թոլենթինօ տը Մենտոնսա նախաձեռնութեան իմաստը կը բացատրէ՝ ընդգծելով, որ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ինք համալսարանները կը քաջալերէ կարեկցանքի ճանապարհին։
Փորթուկալացի կարդինալը կը շեշտէ, որ կարեկցանքը համալսարանին կոչումին հիմնարար բաղադրիչն է. «Միայն կարեկցանքի ընդունակ համալսարան մը կրնայ մասնագիտացած գիտելիքներու մասնատուածութիւնը վերածել իմաստութեան մը, որ ուղղուած է մարդոց եւ իրական ընկերութիւններու բարիքին»։
Քահանայապետական շրջաբերականին լոյսին տակ, կարդինալը կարեկցանքը չի նկատեր իբրեւ պարզապէս հռետորական զարդարանք, այլ՝ «կառուցուածքային սկզբունք» մը։ Ըստ իրեն, միայն ուրիշին փորձառութեան մէջ տեղադրուելու եւ անոր տեսակէտը հասկնալու կարողութեամբ համալսարանը կրնայ իր ամենաբնորոշ կոչումը իրականացնել՝ «ճշմարտութեան շուրջ համայնքներ ստեղծել»։
Կարեկցանքը՝ անհրաժեշտ մշակութային փրկարար գործողութիւն
Օգոստոս 7-ին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կարդինալ Մենտոնսա կը նշէ, որ ներկայ փխրուն եւ մասնատուած իրականութեան մէջ, որ բնորոշուած է աճող բեւեռացումներով եւ հաղորդակցութեան հետզհետէ աւելի բարդ ձեւերով, որոնք երբեմն միացնելու փոխարէն կը մեկուսացնեն, կարեկցանքը կը դառնայ «անհրաժեշտ մշակութային փրկարար գործողութիւն մը»։
Անոր համաձայն՝ կարեկցանքը հետզհետէ աւելի անհրաժեշտ գործիք մըն է գիտելիք ստեղծելու եւ բաժնեկցելու, փոխադարձութիւն կառուցելու եւ համագործակցային գործելակերպերը վերակենդանացնելու համար։ Եւ ասիկա չի սահմանափակուիր միայն անձնական յարաբերութիւններով, այլ կը տարածուի նաեւ, եւ յատկապէս, հաւաքական կեանքի բազմաձայն ու ընդարձակ ոլորտին վրայ։
Այս ծիրէն ներս յատկանշական է Հաննա Արենտիի վկայութիւնը՝ 1954-ին գրած Կրթութեան ճգնաժամը աշխատութենէն. «Կրթութիւնն այն կէտն է, ուր մենք կը որոշենք, թէ արդեօք աշխարհը բաւարար չափով կը սիրե՞նք՝ անոր համար պատասխանատուութիւն ստանձնելու»։
Կրթելը, հետեւաբար, միայն գիտելիքներ փոխանցել չէ, այլ՝ սիրոյ արարք մը։ Կարդինալ տը Մենտոնսայի համաձայն՝ «կարեկցանքը մշակող համալսարանը մասնագէտներ կը պատրաստէ, որոնք դիմացինը չեն վերածեր պարզապէս տուեալի մը կամ գործառոյթի մը»։
Կարեկցանք եւ խոնարհութիւն
Վերատեսչութեան վերատեսուչը կը յիշատակէ նաեւ Սուրբ Էտիթ Շթայնի մտածումները կարեկցանքի մասին՝ անոր կողքին դնելով խոնարհութեան գաղափարը։
Սուրբը կը բացատրէր, որ մենք երբեք ուրիշին ցաւը կամ ուրախութիւնը այնպէս չենք ապրիր, ինչպէս ան ինք կը զգայ, այլ զայն կը զգանք իբրեւ իրեն պատկանող փորձառութիւն։ Այս սահմանը, ըստ կարդինալին, կարեւոր է, որովհետեւ կարեկցանքը երբեք պէտք չէ վերացնէ ուրիշին տարբերութիւնը կամ անոր փորձառութիւնը պարզապէս ձուլէ մեր սեփական փորձառութեան մէջ։
Հետեւաբար, այս «հիմնարար խոնարհութիւնն» է, որ կարեկցանքը կը դարձնէ յարգալից ճանաչողութեան արարք մը եւ ոչ թէ յարաբերականութեան կամ ուրիշին փորձառութիւնը իւրացնելու ձեւ մը։
Այս տեսանկիւնէն, Վատիկանի Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած արուեստի եռամեայ ծրագիրը կը ձգտի նոր կապեր ստեղծել ոչ միայն գիտելիքի տարբեր ոլորտներուն, այլ նաեւ մարդոց, հաստատութիւններու եւ մշակոյթներու միջեւ։
«Կարեկցանքի վարժութիւններ»ը, այս իմաստով, կը ձգտի վերածուիլ իսկական «դպրոցի» մը, ուր կարեկցանքը կը սորվուի եւ կը գործադրուի՝ իրականացնելով նաեւ Սուրբ Ճոն Հենրի Նիւմընի կարեւոր ձգտումներէն մէկը՝ կրթութիւնը հասկնալ իբրեւ մարդուն եւ համայնքին ամբողջական ձեւաւորման ճանապարհ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.