Որոնել

Սոկանկի համասարանը Սոկանկի համասարանը 

«Սէուլի մէջ քրիստոնեայ–քոնֆուցիական առաջին համաժողովը՝ խաղաղութեան եւ հասարակաց բարիքի համար»

Կը նախատեսուի, որ համաժողովը աւարտի կոչով մը՝ շարունակելու քրիստոնեայ–քոնֆուցիական համագործակցութիւնը կրթութեան, բարոյական դաստիարակութեան եւ խաղաղաշինութեան ոլորտներուն մէջ։ Այս նախաձեռնութիւնը կը դիտուի որպէս երկու կրօնական աւանդութիւններու հետեւորդներուն միջեւ երկարատեւ երկխօսութեան նոր ճանապարհի սկիզբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Միջկրօնական Երկխօսութեան Վերատեսչութիւնը, համագործակցութեամբ Քորէայի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասին, Սէուլի Սոկանկ համալսարանին եւ Քորէական Քոնֆուցիական Ակադեմիային հետ, պիտի կազմակերպէ Քրիստոնեայ–Քոնֆուցիական առաջին համաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ 2026 թուականի Օգոստոս 4-5-ին՝ Սէօլի Սոկանկ համալսարանին մէջ։

«Նոր Երկինք, Նոր Երկիր եւ Մեծ Ներդաշնակութիւն, Մեծ Միութիւն). Քրիստոնեայ–Քոնֆուցիական երկխօսութիւն՝ ի նպաստ իտէալական հասարակութեան կառուցման» խորագրով այս հանդիպումը պիտի համախմբէ քրիստոնեայ եւ քոնֆուցիական համայնքներու նշանաւոր հոգեւոր առաջնորդներ, գիտնականներ եւ ներկայացուցիչներ։

Համաժողովին նպատակն է ուսումնասիրել, թէ ինչպէ՛ս երկու աւանդութիւնները կրնան միասին նպաստել աւելի արդար, խաղաղ եւ մարդակեդրոն աշխարհ մը կերտելու գործին։ Թէեւ քրիստոնէութիւնն ու քոնֆուցիականութիւնը կը հիմնուին տարբեր աստուածաբանական եւ փիլիսոփայական հիմքերու վրայ, սակայն անոնց միջեւ գոյութիւն ունին ընդհանուր արժէքներ՝ մարդու արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանք, բարոյական ամբողջականութիւն, պատասխանատու ղեկավարութիւն եւ հասարակաց բարիքի որոնում։

Քննարկումներու ընթացքին պիտի արծարծուին արդի աշխարհի կարեւոր մարտահրաւէրները՝ ընկերային բաժանումները, բարոյական անորոշութիւնը, շրջակայ միջավայրի քայքայումը եւ խաղաղութեան սպառնացող վտանգները։

Կը նախատեսուի, որ համաժողովը աւարտի կոչով մը՝ շարունակելու քրիստոնեայ–քոնֆուցիական համագործակցութիւնը կրթութեան, բարոյական դաստիարակութեան եւ խաղաղաշինութեան ոլորտներուն մէջ։ Այս նախաձեռնութիւնը կը դիտուի որպէս երկու կրօնական աւանդութիւններու հետեւորդներուն միջեւ երկարատեւ երկխօսութեան նոր ճանապարհի սկիզբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

01/08/2026, 12:09