Որոնել

Կարդինալ Ծուփփի Կարդինալ Ծուփփի  (ANSA)

Կարդինալ Ծուփփին Ռիմինիի Meeting-ի ընթացքին․ «Ընտրենք եղբայրութիւնը»

Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք Դասի նախագահ եւ Պոլոնիայի արքեպիսկոպոս կարդինալը Ռիմինիի հանդիպման ընթացքին գլխաւորեց Սուրբ Պատարագը եւ վեր առաւ Լեւոն Պապին յորդորը՝ Եկեղեցին սիրելու, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր կը տիրապետէ «զօրութեան ամբարտաւան ու վտանգաւոր մշակոյթը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այս օրերուն Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքաին մէջ կայացած Ժողովուրդներու միջեւ Բարեկամութեան Meeting-ին առիթով, Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք Դասի նախագահ եւ Պոլոնիայի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի, Կիրակի 23 Օգոստոսին գլխաւորեց Սուրբ Պատարագը որուն ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ հրաւիրեց ապրելու հաւատքն ու հասարակութիւնը բացուածքի եւ եղբայրութեան նշանաբանին տակ։

Ծիրանաւորը վեր առաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին խօսքերը՝ «միշտ Եկեղեցին սիրելու» եւ անոր միութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, զանոնք հակադրելով «զօրութեան մշակոյթով» եւ «ես-ի Բաբելոնով» յատկանշուող աշխարհին՝ իրականութիւն մը, ուր կը տիրապետեն եսապաշտութիւնը, ամբարտաւանութիւնն ու խմբաւորումներու միջեւ հակադրութիւնը։

Կարդինալը ընդգծեց Եկեղեցւոյ դերը երկխօսութեան վրայ հիմնուած համակեցութիւնը խթանելու գործին մէջ, հասարակութիւնը ազատելով կասկածամտութենէն, բռնատիրութենէն ու գաղափարախօսութենէն, ինչպէս նաեւ առաջ տանելով աշխատանքի, արհեստագիտութեան եւ ելեւմուտքի պատասխանատու գործածութիւնը։

Յղում ընելով Տանթէին եւ 2026 Meeting -ի «Սէրը, որ կը շարժէ արեւն ու միւս աստղերը» թեմային՝ Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք Դասի նախագահը ուրիշներուն հանդէպ շօշափելի սէրը նկատեց աւելի մարդկային հասարակութիւն մը կերտելու ուղին։ «Ուրիշին նուիրուիլ կը նշանակէ շարժիլ ուրիշի մը համար», յիշեցուց ան՝ ընդգծելով, որ եղբայրութիւնը չի կրնար մնալ տեսական իտէալ մը, այլ պէտք է վերածուի ամէնօրեայ արարքներու եւ պատասխանատւութիւններու։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

24/08/2026, 08:25