Լեւոն ԺԴ․ «Athletica Vaticana»ի անդամներուն հետ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, 31.05.2026 Լեւոն ԺԴ․ «Athletica Vaticana»ի անդամներուն հետ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, 31.05.2026 

«Մարզական փորձառութիւնը իբրեւ խաղաղութեան առաջարկ»

«Athletica Vaticana»ն այս նշանաբանով եւ 3 մարզաձեւերու մէջ 4 մարզիկներով պիտի մասնակցի Միջերկրականեան 20-րդ Խաղերուն, որ տեղի պիտի ունենայ Թարանթոյի մէջ, Օգոստոս 21էն Սեպտեմբեր 3ը
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

 «Մարզական փորձառութիւնը իբրեւ խաղաղութեան առաջարկ» նշանաբանով, Սուրբ Աթոռի «Athletica Vaticana» մարզական խումբը 4 մարզիկներով՝ 3 տարբեր մարզաձեւերու մէջ, պաշտօնապէս պիտի մասնակցի Միջերկրականեան 20-րդ Խաղերուն, որ տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ Թարանթօ քաղաքին մէջ, Օգոստոս 21էն Սեպտեմբեր 3ը։

Վատիկանի մարզական կառոյցի մասնակցութիւնը միաձայնութեամբ քուէարկուած է Խաղերուն մասնակից 26 երկիրներու Ողիմպիական կոմիտէներուն կողմէ։

Ասիկա «Athletica Vaticana»-ի երկրորդ մասնակցութիւնն է Միջերկրականեան Խաղերուն՝ 2022-ի Ալճերիոյ (Օրան) հրատարակութենէն ետք, եւ տասներորդը՝ միջազգային պաշտօնական մրցաշարքերու պատմութեան մէջ։

Լեւոն ԺԴ․ Քահանայապետի Մաղթանքը
16 Օգոստոսին Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Պալատի մուտքէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Լեւոն ԺԴ․ Պապը անդրադարձած է այս մարզական իրադարձութեան՝ նշելով. «Կը մաղթեմ, որ այս մարզական իրադարձութիւնը ըլլայ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան մարգարէութիւն մը՝ այս շրջանի եւ ամբողջ աշխարհի ժողովուրդներուն միջեւ»։

Խաղերու առթիւ արուած այլ յայտարարութիւններ

Մշակոյթի ու Դաստիարակութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսան, իր հերթին,  շեշտած է, որ Վատիկանի մասնակցութիւնը մարզական եղբայրութեան բարձրարժէք քայլ մըն է՝ Լեւոն ԺԴ․ Պապի գծած ուղիին համաձայն։ Ասիկա նպատակ ունի խաղաղութեան կապեր հաստատելու Միջերկրականի ժողովուրդներուն միջեւ՝ կեդրոնանալով ընկերային ներառումի, մշակոյթի եւ դաստիարակութեան վրայ։ Ան նաեւ նշած է, թէ «Մարզիկներու Խաչը» լուռ պատգամ մըն է, որ կը յիշեցնէ, թէ ամէն կեանք, նոյնիսկ տառապանքի պահուն, արժանի է սիրոյ ու յարգանքի։

Թարանթոյի Մետրոպոլիտ, Արքեպիսկոպոս Չիրօ Մինիերոն նկատած է, որ մարզանքը հզօր միջոց է ընկերային տարբերութիւնները ջնջելու եւ մանկութենէն եղբայրութիւն սերմանելու համար։ Ըստ անոր՝ պատերազմներու եւ կլիմայական տագնապի այս օրերուն, մարզիկները կրնան փաստել, որ խաղաղութիւնը հնարաւոր է, եւ միակ սահմանը մարդկութիւնն է։

«Athletica Vaticana»ի Նախագահ Ճամփաօլօ Մաթէյը յիշեցուցած է․ որ Թարանթոն մշակոյթներու խաչմերուկ է, ուր Վատիկանի խումբը պիտի փորձէ կենսագործել Պապին պատգամները միւս 4,000 մարզիկներուն հետ եւ աւելցուցած, որ Վատիկանի խմբակին համար մարզանքը ոչ թէ պարզապէս տեսարան կամ խիստ մրցակցութիւն է, այլ՝ եկեղեցական ծառայութիւն, մերձեցում եւ ընկերակցութիւն, յատկապէս ամենաաղքատներուն ու տկարներուն հանդէպ։

Հոգեւոր Առանցքը. «Մարզիկներու Խաչը»
Մրցումներուն զուգահեռ, Վատիկանի պատուիրակութեան կողմէ Թարանթօ պիտի բերուի «Մարզիկներու Խաչը» (Ողիմպիական եւ Փարալիմպիական խաչ), ուր պիտի մնայ Խաղերու ամբողջ ընթացքին՝ իբրեւ հոգեւոր հանգրուան։

Չորեքշաբթի, 19 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Թարանթոյի Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ՝ նախագահութեամբ Թարանթոյի Արքեպիսկոպոս, Գերապայծառ Մինիերոյի եւ ներկայութեամբ Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան Քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Թայգի։

Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութիւնը, «Athletica Vaticana»ի միջոցաւ, նպատակ ունի այս Խաչը վերածել միջազգային մարզական հանդիպումներու մշտական խորհրդանիշի՝ տարածելով խաղաղութեան, ներառականութեան եւ միջկրօնական ու միջմշակութային եղբայրական երկխօսութեան պատգամը։

Աւելցնենք, որ Խաչը պատրաստուած է անգլիացի արուեստագէտ Ճոն Քորնուոլի կողմէ՝ 2012-ի Լոնտոնի Խաղերու առիթով եւ կազմուած է տասնհինգ տարբեր փայտերու կտորներէ (զայն պահող պատուանդանը ներառեալ), որոնք ընտրուած աշխարհի տարբեր շրջաններէ՝  Սուրբ Երկիր, Չինաստան, Ռուսաստան, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ափրիկէ, Հնդկաստան, Աւստրալիա, Պրազիլ, Արժանթին, Ճամայքա, Հիւսիսային Ամերիկա եւ, բնականաբար, հենց Լոնտոնէն։ 2013-ին այն օրհնուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

17/08/2026, 12:12