Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին. «Խաղաղութիւնը կը սկսի ուրիշին ցաւին հանդէպ կարեկցանքէն»։

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Մեքսիքայի մէջ հանդիպելով «Խաղաղութեան համար Ազգային Երկխօսութիւն» նախաձեռնութեան ներկայացուցիչներուն՝ ընդգծեց, որ խաղաղութիւնը կը սկսի ուրիշին ցաւին հանդէպ կարեկցանքէն եւ կը պահանջէ ամէնօրեայ յանձնառութիւն։ Ան գնահատեց բռնութենէն տառապող համայնքներուն մէջ կատարուող աշխատանքները՝ նշելով, որ այս նախաձեռնութիւնը յոյսի աղբիւր է եւ ունի Սուրբ Աթոռին աջակցութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մեքսիքա այցելութեան ընթացքին Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին հանդիպում ունեցաւ «Խաղաղութեան համար Ազգային Երկխօսութիւն» նախաձեռնութեան ներկայացուցիչներուն հետ՝ ընդգծելով, որ խաղաղութիւնը ամէնօրեայ համբերատար աշխատանք է եւ կը կառուցուի ուրիշին տառապանքին հանդէպ կարեկցութեամբ։

Մեքսիքայի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի համաձայն՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 5 Օգոստոսին հանդիպում ունեցաւ «Խաղաղութեան համար Ազգային Երկխօսութիւն» նախաձեռնութեան ներկայացուցիչներուն հետ՝ մօտէն ծանօթանալու երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ խաղաղութեան կառուցման փորձառութիւններուն։

Հանդիպումին մասնակցեցան համալսարանականներ, պետական պաշտօնեաներ, կրօնական առաջնորդներ, անհետացած անձերու հարազատներ, ոստիկաններ, գործարարներ եւ Մեքսիքայի տարբեր նահանգներէ ներկայացուցիչներ։

Իր խօսքին մէջ Կարդինալ Փարոլին ընդգծեց, որ «խաղաղութիւնը կը սկսի ուրիշին ցաւին հանդէպ կարեկցանքէն»՝ յիշատակելով Փուէպլա նահանգէն «փնտռող մայր»ի վկայութիւնը, որ պատմեց իր անհետացած որդւոյն մասին։ Ան վերահաստատեց, որ խաղաղութիւնը «արհեստաւորական գործ» մըն է, որ ամէնօրեայ յանձնառութիւն կը պահանջէ, եւ կոչ ուղղեց երբեք չյուսահատելու այս առաքելութենէն։

Հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ տարբեր շրջաններու փորձառութիւնները։ Փուէպլայի մէջ ընտանիքներու խմբակներու եւ պետական մարմիններու համագործակցութիւնը ներկայացուեցաւ իբրեւ քաղաքական եւ քաղաքացիական կազմաւորման օրինակ, մինչդեռ Էքաթեփեքի ոստիկանութեան ներկայացուցիչը պատմեց, թէ տարբեր եկեղեցիներ միասնաբար կը գործակցին խաղաղութեան եւ համայնքային ոստիկանութեան զարգացման ուղղութեամբ։ Օախաքայի ներկայացուցիչները ընդգծեցին, որ նախաձեռնութիւնը մխիթարանք դարձած է վտանգաւոր շրջաններու մէջ ծառայող քահանաներուն, իսկ Սան Լուիս Փոթոսիի ներկայացուցիչը շեշտեց ծխական համայնքներուն աւելի լայն մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը։

Կարդինալ Փարոլին ուշադրութեամբ ունկնդրեց բոլոր վկայութիւնները եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց խաղաղութեան կառուցման այս ջանքերուն։ Ան նշեց, որ նախաձեռնութիւնը յոյսի նշան է բռնութենէն տառապող բազմաթիւ շրջաններու համար եւ վստահեցուց, թէ Սուրբ Աթոռը կը շարունակէ աջակցիլ այս ճանապարհին։

Հանդիպման մասնակիցները իրենց հերթին շնորհակալութիւն յայտնեցին ծիրանաւորին՝ իրենց աշխատանքը գնահատելու եւ խաղաղութեան հաստատման այս ընդհանուր առաքելութեան նկատմամբ Սուրբ Աթոռին մօտիկութիւնը վերահաստատելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

07/08/2026, 10:39