Սէուլի Սոկանկ համասլսարանը Սէուլի Սոկանկ համասլսարանը  

Սէուլի մէջ քրիստոնէական–քոնֆուցիական առաջին պաշտօնական երկխօսութիւնը՝ աւելի արդար եւ ներդաշնակ աշխարհի համար

Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլի մէջ մեկնարկեց քրիստոնէական եւ քոնֆուցիական աւանդութիւններուն միջեւ առաջին պաշտօնական երկխօսութիւնը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, թէ երկու հոգեւոր ժառանգութիւններն ալ, տարբեր հիմքեր ունենալով հանդերձ, կը միտին խաղաղ, համերաշխ եւ մարդկային արժանապատուութիւնը յարգող հասարակութեան կերտման։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սէուլի Սոկանկ կաթողիկէ համալսարանին մէջ Օգոստոս 4-ին սկսաւ քրիստոնէական–քոնֆուցիական առաջին պաշտօնական երկխօսութիւնը, որ կազմակերպուած է Սուրբ Աթոռի Միջկրօնական Երկխօսութեան Քահանայապետական Վերատեսչութեան, Քորէայի Եպիսկոպոսաց ժողովին, Սոկանկ համալսարանին եւ Սունկիւնկուան Քոնֆուցիական Ակադեմիոյ համագործակցութեամբ։ Երկօրեայ հանդիպումը կը շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 5։

Բացման նիստին խօսք առնելով՝Վերատեսչութեան նախագահ կարդինալ Ճորճ Ճէյքըպ Քուվաքատ շեշտեց, որ քրիստոնէական «Նոր Երկինք եւ Նոր Երկիր» տեսիլքն ու քոնֆուցիական Տաթոնկի («Մեծ Միութիւն» կամ «Մեծ Ներդաշնակութիւն») գաղափարը, թէեւ ծնած են տարբեր կրօնական եւ մշակութային միջավայրերու մէջ, կը մարմնաւորեն մարդկութեան խորագոյն ձգտումներէն մէկը՝ կառուցել խաղաղ, ներառական եւ համերաշխ ընկերութիւն։

Քննարկումներուն կը մասնակցին կաթողիկէ եւ քոնֆուցիական գիտնականներ, կրօնական առաջնորդներ ու միջկրօնական երկխօսութեան մասնագէտներ տարբեր երկիրներէ։ Հանդիպման առանցքային թեման է՝ «Քրիստոնէութեան եւ քոնֆուցիականութեան ներդրումը իտէալական հասարակութեան կառուցման մէջ. Նոր Երկինք, Նոր Երկիր եւ Տաթոնկ»։

Կարդինալ Քուվաքատ ընդգծեց, որ երկու աւանդութիւններն ալ պատմութեան ընթացքին ձեւաւորուած են հասարակական եւ բարոյական խոր ճգնաժամերու պայմաններուն մէջ եւ հաւատացեալներուն ներշնչած են յոյս, արդարութիւն եւ պատասխանատուութիւն։ Ան յիշեցուց, որ քրիստոնէական տեսլականին մէջ աշխարհի նորոգութիւնը կը բխի Աստուծոյ փրկարար գործողութենէն, մինչ քոնֆուցիական աւանդութեան մէջ հասարակական ներդաշնակութիւնը կը հիմնուի անձնական բարոյական դաստիարակութեան, առաքինի ղեկավարութեան եւ մարդկային յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ։

Հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ Քրիստոնէական–քոնֆուցիական երկխօսութեան ուղեցոյցի նախագիծը, որուն վերջնական տարբերակը պիտի հրապարակուի խորհրդաժողովի աւարտին։ Կազմակերպիչներուն համոզումով, այս փաստաթուղթը պիտի դառնայ կարեւոր գործիք՝ փոխադարձ ճանաչողութեան, յարգանքի եւ երկարատեւ համագործակցութեան զարգացման համար։

Միջկրօնական Երկխօսութեան Վերատեսչութեան քարտուղար արքեպիսկոպոս Ինտունիլ Ճանակարաթնէ Քոտիթուվաքքու Քանքանամալագէ այս նախաձեռնութիւնը բնորոշեց որպէս «նշանակալի հանգրուան» ոչ միայն քրիստոնեաներու եւ քոնֆուցիականներու յարաբերութիւններուն, այլեւ ամբողջ միջկրօնական երկխօսութեան պատմութեան մէջ։

Իր կարգին, Քորէայի Եպիսկոպոսաց ժողովի նախագահ եպիսկոպոս Մաթիաս Իոնկ Հուն Ռին նշեց, որ ներկայ աշխարհը, որ կը դիմագրաւէ պատերազմներ, բաժանումներ, բնապահպանական ճգնաժամեր եւ բարոյական անորոշութիւն, կարիքը ունի այնպիսի արժէքներու, ինչպիսիք են համամարդկային եղբայրութիւնը, երկնքի նկատմամբ յարգանքը եւ մարդասիրութիւնը, որոնք ընդհանուր հիմք կը կազմեն թէ՛ քրիստոնէութեան եւ թէ՛ քոնֆուցիականութեան մէջ։

Սոկանկ համալսարանի նախագահ, հայր Լուք Ճոնկ Հյոք Սիմ յիշեցուց, որ Քորէայի առաջին կաթողիկէ հաւատացեալներուն մեծ մասը քոնֆուցիական կրթութիւն ստացած մտաւորականներ էին։ Անոր համաձայն, ներկայ երկխօսութիւնը նոր սկիզբ մը չէ, այլ շարունակութիւնն է այն պատմական հանդիպումին, որ արդէն գոյութիւն ունեցած է Քորէայի եկեղեցւոյ ծննդեան օրերէն ի վեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

04/08/2026, 09:07