Որոնել

2026.07.27 Giovani coro Andrea Bocelli Foundation

«Խաղաղութեան Երգ» Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ Պապին հետ․ Յուլիս 29-ի ժամը 9,30 սկսեալ

Vatican News-ը իր կայքէջին եւ YouTube-ի ալիքին վրայ պիտի հեռարձակէ «Պորկօ Լաուտաթօ Սի»-ի Քահանայապետական Ամարանոցի պարտէզներուն մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորութեամբ տեղի ունենալիք աղօթքի եւ եղբայրութեան հանդիպումը որ կազմակերպուած է «Լաուտաթօ Սի» Բարձրագոյն Ուսմանց Կեդրոնին եւ Անտրէա Պոչելլի Հիմնադրամին (Andrea Bocelli Foundation) կողմէ։ Աղօթքին պիտի ընկերակցին Պոչելլիի ձայնն ու «ABF Voices» երգչախումբը, որ բաղկացած է Սուրբ Երկրէն, Ուկանտայէն, Հայիթիէն եւ Իտալիայէն ժամանած 164 մանուկներէ եւ երիտա
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29-ի երեկոյեան, Vatican News-ը ժամը 21:30-ին www.vaticannews.va կայքին եւ YouTube-ի ալիքին վրայ պիտի հեռարձակէ Լեւոն ԺԴ. Պապին գլաւորութեամբ Քասթել Կանտոլֆոյի «Պորկօ Լաուտաթօ Սի»-ի մէջ տեղի ունենալիք «Խաղաղութեան Երգ» («Cantico di pace») աղօթքի եւ եղբայրութեան հանդիպումը, որ կազմակերպուած է «Լաուտաթօ Սի» Բարձրագոյն Ուսմանց Կեդրոնին եւ Անտրէա Պոչելլի Հիմնադրամին կողմէ։


«ABF Voices» երգչախումբին վկայութիւնը

Այս ձեռնարկը կապուած է Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի մահուան 800-ամեակի տօնախմբութիւններուն։ Աղօթքին պիտի ընկերակցին մայեսթրօ Անտրէա Պոչելլիի ձայնը եւ «ABF Voices» երգչախումբը, որ բաղկացած է Սուրբ Երկրէն, Ուկանտայէն, Հայիթիէն եւ Իտալիայէն (Նափոլիի Ռիոնէ Սանանթա եւ Քամերինօ) 164 մանուկներէ եւ երիտասարդներէ։

Պատանիներ, որոնք իրենց հետ կը բերեն տարբեր պատմութիւններ՝ որ յաճախ յատկանշուած են պատերազմով, աղքատութեամբ կամ տառապանքով, բայց որոնք երգեցողութեան միջոցաւ կը վկայեն, թէ ինչպէս արուեստը կրնայ դառնալ երկխօսութեան, յոյսի եւ հաշտութեան համամարդկային լեզու մը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

29/07/2026, 09:31