Կարդինալ Ծուփփի կը մեկնի Ուքրանիայէն․ «Խաղաղութեան համար ամէն ջանք պիտի գործադրուի, սա է Լեւոն ԺԴ. Պապին կամքը»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կարդինալ Մաթթէօ Մարիա Ծուփփի այսօր՝ 16 Յուլիսին, կը վերադառնայ Հռոմ՝ աւարտելով իր քառօրեայ առաքելութիւնը պատերազմէն տուժած Ուքրանիոյ մէջ։ Անոր այցելութեան նպատակը եղած է փոխանցել Լեւոն ԺԴ. Պապին մօտիկութիւնն ու աղօթքը՝ երկրի մը, որ կը շարունակէ տառապիլ պատերազմի հետեւանքներէն։
Սա Ծուփփիի երկրորդ առաքելութիւնն էր Ուքրանիա՝ 2023 թուականի այցելութենէն ետք։ Չորս օրերու ընթացքին կարդինալը եղաւ Լվովի շրջանին եւ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ՝ ունենալով բազմաթիւ հանդիպումներ, զրոյցներ եւ պաշտօնական տեսակցութիւններ։
Անոր վերջին հանդիպումները տեղի ունեցան Ուքրանական պետականութեան օրուան արարողութենէն ետք, որուն մասնակցեցան նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի եւ քաղաքացիական ու կրօնական այլ ղեկավարներ։ Կարդինալ Ծուփփի հանդիպեցաւ նաեւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անդրի Սիպիհայի հետ։
Սուրբ Աթոռի աջակցութեան խնդրանքը
Արտաքին գործոց նախարարին հետ երկարատեւ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնց համար Քիեւ կը խնդրէ Սուրբ Աթոռի աջակցութիւնը։ Սիպիհա շնորհակալութիւն յայտնեց Վատիկանին՝ «անխախտ մարդասիրական նուիրումին» համար եւ ընդգծեց, որ Ուքրանիա կը շարունակէ փնտռել արդար եւ երկարատեւ խաղաղութիւն։
Նախարարը Ծուփփիին փոխանցեց նաեւ Ուքրանիացի քաղաքացիական գերիներու ծանր վիճակը՝ նշելով, որ անոնք տակաւին զրկուած են միջազգային պաշտպանութեան արդիւնաւէտ միջոցներէ։ Ան կարեւոր նկատեց ստեղծել յատուկ մարդասիրական ուղի մը՝ անոնց ազատ արձակման համար։
Քննարկուեցաւ նաեւ Խերսոնի շրջանի գրաւուած Օլեշքի եւ Հոլա Փրիստան համայնքներու իրավիճակը, ուր հազարաւոր քաղաքացիներ շտապ մարդասիրական միջանցքի կարիք ունին։ Սիպիհա անդրադարձաւ նաեւ Քիեւ-Փեչերսքի Լաւրա վանքին վրայ վերջին յարձակման՝ շեշտելով, որ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան մաս կազմող այս սրբավայրին պաշտպանութիւնն ու վերականգնումը առաջնահերթութիւն են։
Գերիներու եւ երեխաներու վերադարձը՝ առաքելութեան կեդրոնը
Կարդինալ Ծուփփի իր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին ընդգծեց, որ իր առաքելութեան սիրտը կը կազմեն գերիներու ազատ արձակումը, Ուքրանիացի երեխաներու վերադարձը, բնակչութեան պաշտպանութիւնը եւ մարդասիրական օգնութիւնը։
«Մէկ զինուոր, մէկ քաղաքացի կամ մէկ երեխայ մը, որ կրնայ կրկին գրկել իր ընտանիքը, խաղաղութեան մէկ քայլն է», ըսաւ կարդինալը՝ աւելցնելով․ «Ամէն կարելի ջանք պիտի գործադրուի, որովհետեւ այս է Լեւոն ԺԴ. Պապին կամքը։ Մարդասիրական պարտաւորութիւնը պէտք է վեր ըլլայ քաղաքական կամ զինուորական որեւէ տրամաբանութենէ։ Ասիկա է Եկեղեցւոյ սրտին մօտ եղող ծառայութիւնը՝ մարդկութեան փորձառու պաշտպանութեան համար»։
Քիեւի մէջ Կարդինալ Ծուփփի հանդիպեցաւ նախագահի գրասենեակի ղեկավարութեան, զինուորական պատասխանատուներու, մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ներկայացուցիչներու եւ Ռուսաստան պահուող զինուորական ու քաղաքացիական գերիներու ընտանիքներու հետ։
Խնդրանք՝ այցելել նաեւ Ռուսաստան
Հանդիպումներու ընթացքին կարդինալին եւ Ուքրանիոյ մէջ պապական նուիրակ արքեպիսկոպոս Վիսվալտաս Քուլպոքասին փոխանցուեցան խնդրանքներ, որոնք պիտի հասցուին Մոսկուա։ Կարդինալ Ծուփփի արդէն երկու անգամ այցելած է Ռուսաստան։
Քննարկուած հիմնական առաջարկներէն մէկը գերիներու «բոլորը՝ բոլորին դիմաց» փոխանակման ծրագիրն է՝ նպատակ ունենալով վերադարձնել հազարաւոր զինուորներ իրենց ընտանիքներուն։ Քննարկուեցաւ նաեւ անհետ կորածներու հարցը, բռնի կերպով Ռուսաստան տեղափոխուած ուքրանիացի երեխաներու վերադարձը եւ գրաւուած տարածքներու մէջ մնացած քաղաքացիականներու ճակատագիրը։
Ուքրանիացի ընտանիքները յոյս յայտնեցին, որ Սուրբ Աթոռի միջնորդական ջանքերը պիտի շարունակուին։ Անոնք նաեւ խնդրեցին, որ կարդինալ Ծուփփի հնարաւորութիւն ունենայ այցելելու Ռուսաստան գտնուող բանտեր՝ նման այն այցելութեան, որ ան կատարեց Լվովի շրջանի Զախիտ-1 բանտին մէջ, ուր հանդիպեցաւ ռուս զինուորական գերիներու հետ։
Կարդինալ Ծուփփիի առաքելութիւնը անգամ մը եւս ընդգծեց Վատիկանի մարդասիրական դերը՝ պատերազմին մէջ փնտռելով ոչ միայն դիւանագիտական լուծումներ, այլ առաջին հերթին՝ տառապող մարդոց, ընտանիքներու եւ երեխաներու պաշտպանութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.