Որոնել

Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքարանի պատուիրակութիւնը այցելեց Վատիկան Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքարանի պատուիրակութիւնը այցելեց Վատիկան  (@Vatican Media)

Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքարանի պատուիրակութիւնը այցելեց Վատիկան

Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալներու տօնին առիթով Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքարանի պատուիրակութիւնը այցելեց Վատիկան՝ շարունակելով երկու Եկեղեցիներու միջեւ աւանդական փոխադարձ այցելութիւնները։ Պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի նախագահած Սուրբ Պատարագին, հանդիպեցաւ Սրբազան Քահանայապետին եւ զրուցեցաւ Քրիստոնեաներու Միութեան Զարգացման Վերատեսչութեան պատասխանատուներուն հետ՝ վերահաստատելով երկխօսութեան եւ համագործակցութեան յանձնառութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալներու, ինչպէս նաեւ Սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօներուն առիթով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքարանի միջեւ հաստատուած աւանդական փոխադարձ պատուիրակութիւններու փոխանակման ծիրին մէջ, Տիեզերական Պատրիարքարանի պատուիրակութիւնը 27 Յունիսէն մինչեւ 1 Յուլիս 2026 այցելեց Հռոմ։ Փոխադարձ այցելութեան աւանդութիւնը կը շարունակուի նաեւ ամէն տարի Նոյեմբեր 30-ին, երբ Սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօնին առիթով Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը կ՛այցելէ Իսթանպուլ։

Մետրոպոլիտ Էմանուէլի գլխաւորած պատուիրակութիւնը

Պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Քաղկեդոնի Մետրոպոլիտ Էմանուէլը՝ Տիեզերական Պատրիարքարանի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ յարաբերութիւններու Սիւնհոդոսական Յանձնաժողովի նախագահը։ Անոր ընկերացան Գերպ. Հայր Աեթիոսը եւ Պատրիարքական Սարկաւագ Անատոլիոսը։

Մասնակցութիւն Սուրբ Պատարագին եւ հանդիպում Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին հետ

Յունիսի 29-ին պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի նախագահութեամբ մատուցուած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին։

Յունիսի 30-ին ան ընդունուեցաւ Սրբազան Քահանայապետին կողմէ մասնաւոր տեսակցութեան, որուն ընթացքին վերահաստատուեցան երկու Եկեղեցիներու եղբայրական յարաբերութիւններն ու համամիութենական երկխօսութեան շարունակութեան յանձնառութիւնը։

Հանդիպում Քրիստոնեաներու Միութեան Զարգացման Վերատեսչութեան հետ

Սրբազան Քահանայապետին հետ տեսակցութենէն ետք, պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Քրիստոնեաներու Միութեան Զարգացման Վերատեսչութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Զրոյցներուն ընթացքին քննարկուեցան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Տիեզերական Պատրիարքարանի միջեւ համագործակցութեան եւ աստուածաբանական երկխօսութեան շարունակութեան վերաբերող հարցեր՝ փոխադարձ վստահութեան եւ քրիստոնէական միութեան ամրապնդման հեռանկարով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

01/07/2026, 10:28