ՄԱԿ-ի կեդրոնը ՄԱԿ-ի կեդրոնը 

Սուրբ Աթոռ. Կազայի մարդասիրական օգնութեան խոչընդոտումը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ծանր խախտում է

ՄԱԿ-ի մէջ Սուրբ Աթոռը վերահաստատեց իր աջակցութիւնը UNRWA-ին՝ շեշտելով, որ գործակալութիւնը միլիոնաւոր պաղեստինցի գաղթականներու համար կը մնայ կենսական նշանակութիւն ունեցող մարդասիրական կառոյց։ Յայտարարութեան մէջ նաեւ խոր մտահոգութիւն արտայայտուեցաւ գործակալութեան աշխատակիցներու սպանութիւններուն եւ անոր հաստատութիւններուն դէմ յարձակումներուն առիթով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի՝ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի մօտ Մշտական Դիտորդական Առաքելութիւնը, Յունիս 30-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի յատուկ յանձնախումբի նիստին ներկայացուցած յայտարարութեամբ, խստօրէն դատապարտեց Կազայի եւ մերձաւոր արեւելքի պաղեստինցի գաղթականներուն հասցէագրուած մարդասիրական օգնութեան խոչընդոտումը՝ զայն բնորոշելով որպէս «միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ծանր խախտում», որ աւելի կը խորացնէ ծայրայեղ դժուար պայմաններու մէջ ապրող բնակչութեան տառապանքը։

UNRWA-ի անփոխարինելի առաքելութիւնը

Յայտարարութեան մէջ Սուրբ Աթոռը վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի պաղեստինցի գաղթականներու օգնութեան եւ աշխատանքներու ՄԱԿ-ի գործակալութեան (UNRWA), շեշտելով, որ ան արդէն աւելի քան եօթանասուն տարի անփոխարինելի ծառայութիւն կը մատուցէ միլիոնաւոր պաղեստինցի գաղթականներու՝ ապահովելով կրթութիւն, առողջապահական խնամք, սննդական օգնութիւն, ընկերային ծառայութիւններ, պաշտպանութիւն եւ մարդկային արժանապատուութեամբ ապրելու հնարաւորութիւն։

Խոր մտահոգութիւն՝ UNRWA-ի աշխատակիցներու սպանութիւններուն առիթով

Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչները նաեւ իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնեցին UNRWA-ի աշխատակիցներու սպանութիւններուն առիթով, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի Պետութեան տարածքին գործակալութեան կառոյցներուն, ներառեալ դպրոցներուն եւ այն շէնքերուն դէմ կատարուած յարձակումներուն համար, ուր բազմաթիւ խաղաղ բնակիչներ ապաստան գտած էին։

Ֆինանսական աջակցութեան վերահաստատում

Յայտարարութիւնը նաեւ վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի ֆինանսական յանձնառութիւնը UNRWA-ի նկատմամբ՝ զայն ներկայացնելով որպէս պաղեստինցի գաղթականներուն հանդէպ գործնական համերաշխութեան եւ գործակալութեան մարդասիրական առաքելութեան նկատմամբ վստահութեան արտայայտութիւն։

Կոչ՝ պահպանելու մարդասիրական սկզբունքները

Աւարտին Սուրբ Աթոռը յոյս յայտնեց, որ UNRWA-ն պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը իրականացնել մարդասիրութեան, չէզոքութեան, անաչառութեան եւ անկախութեան սկզբունքներուն լիակատար յարգանքով, որպէսզի պահպանուի գործակալութեան վստահելիութիւնը եւ ան կարենայ շարունակել իր առաքելութիւնը՝ իբրեւ համերաշխութեան եւ խաղաղութեան վստահելի գործիք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

01/07/2026, 13:29