Արքեպիսկոպոս Սվիատոսլաւ Շեւչուք Արքեպիսկոպոս Սվիատոսլաւ Շեւչուք  

Արքեպիսկոպոս Շեւչուք. «Ներում եւ հաշտութիւն՝ Եւրոպայի ժողովուրդներու յիշողութիւնը բուժելու համար»։

Ուքրանիոյ յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Սվիատոսլաւ Շեւչուք ընդգծեց, որ պատերազմի պայմաններուն մէջ աղօթքը, Եկեղեցւոյ մերձաւորութիւնը եւ տարբեր համայնքներու համագործակցութիւնը կը դառնան ժողովուրդը զորացնող ուժեր։ Ան շեշտեց, որ եւրոպական ժողովուրդներու պատմական վէրքերը բուժելու համար անհրաժեշտ է ներում՝ տրուած եւ ընդունուած, որ ճանապարհ կը բանայ հաշտութեան եւ խաղաղ ապագայի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քիեւի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին Ուքրանիոյ յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ գերպ. Սվիատոսլաւ Շեւչուք շեշտեց աղօթքի ուժը, Եկեղեցւոյ համերաշխութիւնը եւ ներողութեան կարեւորութիւնը՝ պատերազմէն վիրաւորուած ժողովուրդներու յիշողութիւնը բուժելու համար։

Ուքրանիոյ մէջ իր առաքելութեան երկրորդ օրը Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան՝ Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու բաժանմունքի քարտուղար Արքեպիսկոպոս Փօլ Ռիչըրտ Կալակեր հանդիպեցաւ գերպ. Շեւչուքի եւ Ուքրանիոյ մէջ Առաքելական Նուիրակ Վիսվալտաս Քուլպոքասի հետ։ Կալակեր Քիեւ ժամանած էր որպէս Լեւոն ԺԴ.-ի յատուկ ներկայացուցիչ՝ մասնակցելու Պերտիչիւի Կարմեղոս լերան սրբավայրին մէջ տեղի ունենալիք տօնակատարութիւններուն՝ նուիրուած լատին ծէսի կաթողիկէ եկեղեցական կառոյցներու վերաբացման 35-ամեակին։

Խօսելով աղօթքի կարեւորութեան մասին՝ Շեւչուք ըսաւ, թէ պատերազմի պայմաններուն մէջ մարդիկ աւելի խորապէս կը վերագտնեն աղօթքի իմաստն ու զօրութիւնը։ «Միասին աղօթելը կը նշանակէ գտնել այն տարածքը, որ կը բուժէ վիրաւորները։ Աղօթքը Սուրբ Հոգիին բժշկող շնորհքն է, որ կը դպչի տառապող մարդուն սրտին»։

Ան ընդգծեց, որ Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչներուն ներկայութիւնը Ուքրանիոյ ժողովուրդին համար Եկեղեցւոյ համընդհանուր սիրոյ եւ մերձաւորութեան տեսանելի նշան է։ «Կարդինալ Զուփփիի եւ Արքեպիսկոպոս Կալլակերի ներկայութիւնը մեզի համար նշան է այն Եկեղեցւոյ, որ կը գրկէ մեզ եւ մեզի հետ կը աղօթէ», ըսաւ ան։

Շեւչուք անդրադարձաւ նաեւ Ուքրանիոյ մէջ գործող տարբեր կրօնական համայնքներու համագործակցութեան։ Ան նշեց, որ պատերազմը միաւորած է ոչ միայն կաթողիկէները՝ բիւզանդական եւ լատին ծէսերով, այլ նաեւ ուղղափառներ, բողոքականներ, հրեաներ եւ մահմետականներ։ «Միասին գործակցիլը կը նշանակէ փրկել կեանքեր։ Քրիստոնէական սէրը կը գերազանցէ դաւանական եւ ծիսական սահմանները», ընդգծեց ան։

Անդրադառնալով մարդասիրական կարիքներուն՝ Ուքրանիոյ յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդը յայտնեց, որ միլիոնաւոր մարդիկ կը շարունակեն ապրիլ ծանր պայմաններու մէջ։ Սակայն ան շեշտեց, որ ժողովուրդը միայն նիւթական օգնութեան կարիք չունի։ «Եկեղեցիէն մարդիկ աւելի քան հագուստ, հաց եւ սնունդ կը սպասեն՝ անոնք կը սպասեն յոյսի խօսքին», ըսաւ ան։

Խօսելով հաշտութեան եւ ներման մասին՝ Շեւչուք յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի պատգամը՝ եւրոպական ժողովուրդներու պատմական յիշողութիւնը բուժելու անհրաժեշտութեան մասին։ Ան ըսաւ, որ ներկայ պատերազմի ցաւերը կը միանան անցեալի խոր վէրքերուն, սակայն այդ ծանր ժառանգութիւնը կարելի է յաղթահարել միայն ներումով։

«Ներումը՝ տրուած եւ ընդունուած, այն դեղամիջոցն է, որ կը բուժէ եւրոպական ժողովուրդներու պատմական յիշողութիւնը։ Մենք բոլորս մեղաւոր ենք եւ գիտենք, որ երբեմն վիրաւորած ենք մեր դրացին։ Բայց անցեալին գերին պէտք չէ ըլլանք։ Ան կարելի չէ փոխել, սակայն ներումով կրնանք աւելի լաւ ապագայ կառուցել», եզրափակեց գերպ Շեւչուք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

18/07/2026, 13:38