Արք. Կալլակեր. «Չեմ կրնար մոռնալ անոնք, որոնք ամէն ինչ կորսնցուցին»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի՝ Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար, արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչըրտ Կալլակեր, Ուքրանիա կատարած իր վեցօրեայ առաքելութենէն ետք, Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, թէ պատերազմի աւերները խոր հետք ձգած են ժողովուրդին վրայ, սակայն ուքրանացիները կը շարունակեն ապացուցել բացառիկ տոկունութիւն, հաւատք եւ խաղաղ ապրելու կամք։
Վեցօրեայ առաքելութիւն՝ հոգեւոր եւ դիւանագիտական նպատակներով
Արք. Կալլակեր, որ Լեւոն ԺԴ. Պապին յատուկ ներկայացուցիչն էր Պերդիչեւի Մարեմեան սրբավայրի վերաբացման 35-ամեակին առիթով կազմակերպուած տօնակատարութիւններուն, այցելեց Քիեւ, Լվով եւ այլ շրջաններ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, եկեղեցական պատասխանատուներու եւ բազմաթիւ հաւատացեալներու հետ։
Ժողովուրդ մը՝ յոգնած պատերազմէն, բայց չկոտրուած
Ամփոփելով իր առաքելութիւնը՝ ան շեշտեց, որ Ուքրանիոյ ժողովուրդը յոգնած է պատերազմէն, սակայն չէ կորսնցուցած իր արժանապատուութիւնը եւ ազատ ապրելու վճռակամութիւնը։
«Տեսայ խիզախ, տոկուն եւ դիմացկուն մարդիկ, որոնք պատրաստ են տառապելու՝ յանուն ազատութեան եւ խաղաղութեան։ Անոնք մեզի կը յիշեցնեն, որ ամէնքս ալ պարտաւոր ենք մեր հնարաւորութիւններով ծառայելու խաղաղութեան»,– ըսաւ Կալլակերը։
Ռմբակոծուած տուներու պատկերները երբեք չեն մոռցուիր
Արքեպիսկոպոսը առանձնայատուկ կերպով անդրադարձաւ պատերազմի մարդկային ողբերգութեան՝ նշելով, որ հեռատեսիլէն տեսնուած պատկերները չեն կրնար փոխանցել այն իրականութիւնը, զոր կը զգայ մարդը, երբ կանգնի ռմբակոծուած թաղամասերու մէջ եւ հանդիպի տունն ու հարազատները կորսնցուցած ընտանիքներուն։
«Երբ կը նայիս անոնց աչքերուն, կը տեսնես խոր վիշտ, բայց նաեւ արժանապատիւ յոյս մը, որ խաղաղ օրերը պիտի վերադառնան։ Այդ պատկերները մարդուն յիշողութենէն երբեք չեն ջնջուիր»,– ընդգծեց ան։
Սուրբ Աթոռը կը շարունակէ իր խաղաղարար առաքելութիւնը
Արք. Կալլակերը նաեւ հաստատեց, որ Սուրբ Աթոռը պիտի շարունակէ իր մարդասիրական եւ դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները՝ նպաստելու երեխաներու, ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու վերադարձին, ինչպէս նաեւ միջազգային երկխօսութեան ամրապնդման։
Խօսելով Լեւոն ԺԴ. Պապի հնարաւոր այցելութեան մասին՝ ան նշեց, որ Սրբազան Քահանայապետը լրջօրէն կը դիտարկէ Ուքրանիա այցելելու հրաւէրը, եւ ներկայիս կը գնահատուին այն պայմանները, որոնք այդ այցելութիւնը կրնան դարձնել օգտակար թէ՛ Ուքրանիոյ, թէ՛ համաշխարհային խաղաղութեան համար։
Յոյս՝ խաղաղութեան եւ հրաշքի
Չնայած զինադադարի շուրջ անորոշութիւններուն՝ արքեպիսկոպոսը յոյս յայտնեց, որ խաղաղութեան ճանապարհը պէտք է շարունակուի համբերութեամբ եւ միջազգային համագործակցութեամբ։ Ան նաեւ յիշեցուց, որ Պերդիչեւի սրբավայրի պատմութիւնը, ուր դարեր շարունակ կը վկայուին հրաշքներ, կը ներշնչէ, թէ նոյնիսկ ամենադժուար ժամանակներուն պէտք չէ հրաժարիլ յոյսէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.