Որոնել

Համայնք, աղքատութիւն Համայնք, աղքատութիւն  (AFP or licensors)

Սուրբ Աթոռ. քաղաքաշինութիւնը պէտք է մարդակեդրոն ըլլայ եւ չմոռնայ աղքատներն ու անտունները

Սուրբ Աթոռը ՄԱԿ-ի մէջ վերահաստատեց, որ քաղաքային կայուն զարգացումը պէտք է մարդակեդրոն ըլլայ՝ երաշխաւորելով բոլորին, յատկապէս աղքատներուն եւ անտուններուն, արժանավայել բնակարան եւ հիմնարար ծառայութիւններ։ Ան նաեւ կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան՝ ամրապնդելու համերաշխութիւնը, ներդրումները եւ համագործակցութիւնը՝ կառուցելու ներառական, անվտանգ եւ յոյս ներշնչող քաղաքներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Քաղաքային զարգացումը չի սահմանափակուիր շէնքերու կառուցմամբ կամ տնտեսական աճով, այլ կը չափուի այն բանով, թէ որքանով քաղաքները կը ծառայեն մարդուն եւ կը պաշտպանեն անոր արժանապատուութիւնը։ Այս ուղերձը փոխանցեց Սուրբ Աթոռը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուած Բարձր մակարդակի ժողովին, որ նուիրուած էր Նոր Քաղաքային Օրակարգի ընդունման տասներորդ տարեդարձին։

Յուլիս 28-ին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդական առաքելութեան խորհրդական Գերպ. Ռոպերթ Մըրֆի շեշտեց, որ կայուն քաղաքային զարգացումը նախ եւ առաջ կը վերաբերի մարդոց կեանքին, եւ ոչ միայն ենթակառուցուածքներուն։

Վկայակոչելով Լեւոն ԺԴ. Պապի «Magnifica humanitas» շրջաբերականը՝ ան ընդգծեց, թէ արդար հասարակութիւնը կը պահանջէ պետական ու քաղաքացիական այնպիսի կառոյցներ, որոնք յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն ամենէն խոցելի խաւերուն։

Գերպ. Մըրֆի յայտնեց, որ բնակարան ունենալը մարդկային հիմնարար իրաւունք մըն է, իսկ անտուն մնալը լուրջ հարուած կը հասցնէ մարդկային արժանապատուութեան։ Անտունութիւնը, ըստ անոր, մարդոց կը զրկէ անվտանգութենէ, կայունութենէ եւ հասարակական կեանքին լիարժէք մասնակցելու հնարաւորութենէն։

Սուրբ Աթոռը միջազգային հանրութիւնը կոչ ըրաւ աւելի մեծ ներդրումներ կատարելու մատչելի եւ արժանավայել բնակարաններու, ինչպէս նաեւ ամբողջական ընկերային ծառայութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ անհրաժեշտ նկատուեցաւ քաղաքաշինական այնպիսի քաղաքականութիւն, որ կը պայքարի անտունութեան հիմնական պատճառներուն՝ աղքատութեան, գործազրկութեան, առողջական եւ ընտանեկան դժուարութիւններուն դէմ։

Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ նաեւ զարգացող երկիրներուն, մանաւանդ ծովեզերք չունեցող եւ կղզիային պետութիւններուն, որոնք արագ քաղաքաշինութեան պայմաններուն մէջ միջազգային աւելի մեծ աջակցութեան կարիքը ունին՝ ֆինանսաւորման, արհեստագիտական համագործակցութեան եւ կարողութիւններու զարգացման միջոցաւ։

Եզրափակելով իր խօսքը՝ Գերպ. Մըրֆի վերահաստատեց Լեւոն ԺԴ. Պապի ուսուցումը, ըստ որուն իսկական զարգացումը մարդը կը դնէ կեդրոնին։ Միայն համերաշխութեան, ներառման եւ ամենէն կարօտեալներուն նկատմամբ հոգածութեան վրայ հիմնուած քաղաքները կրնան դառնալ յոյսի եւ եղբայրութեան իրական վայրեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

29/07/2026, 15:16