Արհեստական բանականութիւնը պէտք է ծառայէ մարդուն, այլ ոչ թէ փոխարինէ զայն․ Սուրբ Աթոռի յորդորը ՄԱԿի մէջ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Արհեստագիտական նորարարութիւններու զարգացածութեան մակարդակը չէ որ պիտի հանդիսանայ յառաջընթացի իսկական չափանիշը, այլ այն՝ թէ անոնք որքանո՞վ կը դրուին մարդ էակի եւ ընդհանուր բարիքի ծառայութեան մէջ»։
Ասիկա կորիզն է այն յայտարարութեան, որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Սուրբ Աթոռի Մնայուն Դէտի Առաքելութիւնը ընդգծեց երեկ՝ 13 Յուլիսին, Նիւ Եորքի ՄԱԿի կեդրոնատեղիին մէջ, Տնտեսական եւ Ընկերային խորհուրդի (ECOSOC) ժողովին ընթացքին, որուն նիւթն է՝ «Աւելի լաւ իրագործում. արագացնել հրատապ եւ փոխակերպիչ գործողութիւնները՝ մինչեւ 2030 թուականը Կայուն զարգացման նպատակներուն հասնելու համար»։
Արհեստական բանականութեան ներուժն ու վտանգները
Վատիկանի պատուիրակութիւնը, համահունչ Լեւոն ԺԴ․ Պապի «Magnifica humanitas» շրջաբերականին, վերահաստատած է, որ արհեստական բանականութիւնը «ունի ներուժը արագացնելու յառաջընթացը դէպի Կայուն զարգացման նպատակներ, ներառեալ անոնք, որոնք այս տարի վերանայման կ'ենթարկուին»։ Միեւնոյն ատեն, սակայն, եթէ այս նոր արհեստագիտութիւնը «հարուածէ մարդ էակի արժանապատուութիւնը», անիկա՝ որքան ալ «արդիւնաւէտ, շահաւէտ կամ նորարարական» ըլլայ, իրականութեան մէջ չի կրնար նկատուիլ «աւելի լաւ իրագործում», այլ պիտի տկարացնէ կայուն զարգացման այն տեսլականը, որ սահմանուած է 2030-ի Օրակարգին մէջ, որուն համաձայն՝ մարդ էակը պէտք է միշտ ըլլայ «զարգացման բոլոր ջանքերու կեդրոնը»։
Զարգացման նպատակը, ինչպէս յստակեցուցած է Սուրբ Աթոռը, ժողովուրդներու «համապարփակ փրկութիւնն է անօթութենէ, հիւանդութիւններէ, անգրագիտութենէ եւ զրկանքներէ»։ Նպատակակէտ մը, որուն կարելի է հասնիլ՝ տնտեսական գետնի վրայ միայն «համաշխարհային գործընթացներուն արդար մասնակցութեամբ», ընկերային գետնի վրայ՝ «զօրակցութեան վրայ հիմնուած հասարակութիւններու կերտումով», իսկ քաղաքական գետնի վրայ՝ ամրապնդելով «ազատութիւնն ու խաղաղութիւնը երաշխաւորող ժողովրդավարական հաստատութիւնները»։
Տնտեսական աճ մը, որ տակաւին անկանոն է
Թէեւ «տնտեսական աճը» եղած է «իրական» եւ արդէն իսկ մեծապէս օգտակար հանդիսացած է՝ արտօնելով միլիառաւոր մարդոց դուրս գալ ծայրայեղ աղքատութենէ, անիկա տակաւին «դրոշմուած է լուրջ խանգարումներով», ինչպէս՝ «անհաւասարութիւններու աճը՝ թէ՛ երկիրներու միջեւ եւ թէ՛ անոնց ներսը, ինչպէս նաեւ աղքատութեան նոր ձեւերու յայտնուիլը»։ Ըստ այդ, իր յայտարարութեան աւարտին, ՄԱԿի մօտ Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը քաջալերած է «պայքարիլ այս խանգարումներուն դէմ» եւ ճանչնալ «մարդ էակի անձեռնմխելի արժանապատուութիւնը», ճիշդ այն նպատակով, որպէսզի յարգուին «կայուն զարգացման գործին մէջ ստանձնած յանձնառութիւնները»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.