Փարոլին․ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութիւնը տակաւին հեռու է, անհրաժեշտ է վերադառնալ երկխօսութեան
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար, կարդինալ Փիէթրօ Փարոլին խոր մտահոգութիւն յայտնեց միջազգային տագնապներու ծանրացման կապակցութեամբ՝ ընդգծելով, որ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հեռանկարները տակաւին շատ հեռու կը մնան, եւ որ զինուորական սրացումը աւելի ու աւելի կը դժուարացնէ լուծումի մը հասնիլը։
Խօսելով «Խաղաղութեան Զատիկ․ Յովհաննէս ԻԳ-էն մինչեւ Լեւոն ԺԴ դէպի 2033-ի Յոբելեան» գիրքի ներկայացման ծիրէն ներս՝ Փարոլին յոյս յայտնեց, որ Իրանի հետ բանակցութիւնները վերսկսին, նկատելով որ երկխօսութիւնը միակ ուղին է միջազգային կայունութիւն եւ ապահովութիւն երաշխաւորելու համար։
Անդրադառնալով Կազայի հատուածի իրավիճակին՝ ան վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի դիրքորոշումը յստակ պատգամով մը․ «Ո՛չ պատերուն, այո՛ կամուրջներուն», հրաւիրելով նախապատուութիւն տալու երկխօսութեան եւ համակեցութեան։
Կարդինալը նաեւ մեկնաբանեց Իտալիոյ Պոլոնիայ քաղաքին մէջ Ապտերահիմ Ֆաքիրի մահէն ետք տեղի ունեցած բռնութեան դէպքերը՝ հաստատելով, որ ճշմարտութիւնը պէտք է պարզուի խաղաղ մթնոլորտի մէջ, քանի որ «բռնութիւնը երբեք արդիւնաւէտ չէ»։
Ի վերջոյ, Փարոլին յիշեցուց Եկեղեցւոյ դերը որպէս խաղաղութեան եւ երկխօսութեան ջատագով՝ վերահաստատելով հաշտութեան եւ խաղաղ համակեցութեան արժէքները տարածելու յանձնառութիւնը, նոյնիսկ երբ արդիւնքները դժուարահասանելի կը թուին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.