Լեւոն ԺԴ. Պապի բարեսիրութիւնը՝ օգնութեան ձեռք աշխարհի վիրաւոր ժողովուրդներուն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապին բարեսիրական առաքելութիւնը կը շարունակէ առանց աշխարհագրական սահմաններու հասնիլ պատերազմի, աղքատութեան եւ բնական աղէտներու հետեւանքով տառապող ժողովուրդներուն։ Բարեսիրութեան ծառայութեան Վէրատէսչութեամ ճամբով Սուրբ Աթոռը անընդհատ մարդասիրական օգնութիւն կը հասցնէ Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Ամերիկաներու կարիքաւոր համայնքներուն։
«Բարեսիրութիւնը ուշացում չի հանդուրժեր», շեշտած էր Լեւոն ԺԴ. Պապը իր Իսպանիա կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին։ Անոր այս պատգամը գործնական արտայայտութիւն կը գտնէ հազարաւոր ընտանիքներու հասնող սննդամթերքի, դեղորայքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան օժանդակութեան մէջ։ Պապական ողորմաբաշխ՝ Գերպ. Լուիս Մարին տէ Սան Մարթինի համաձայն՝ եկեղեցւոյ սէրը «սահմաններ չի ճանչնար» եւ պէտք է հասնի այնտեղ, ուր մարդկային տառապանքն ու հրատապ կարիքը կը պահանջեն արագ եւ համակարգուած արձագանգ։
Ուքրանիոյ պատերազմէն տուժած բնակչութիւնը, Կազայի եւ Լիբանանի ժողովուրդները կը շարունակեն մնալ այս աջակցութեան գլխաւոր շահառուներէն։ Վերջին ամիսներուն միայն այդ շրջաններ ղրկուած են հազարաւոր կենսական նշանակութիւն ունեցող դեղորայքի փաթեթներ։
Բարեսիրական նախաձեռնութիւնները կը տարածուին նաեւ այլ երկիրներ։ Կիպրոսի մէջ աջակցութիւն կը տրամադրուի գաղթականներու ընդունման ծրագիրներուն, Վրաստանի մէջ կ'աւարտին աղքատ պատանիներու տան շինարարական աշխատանքները, իսկ Սուրիոյ մէջ տեղական «Քարիթաս»-ի միջոցաւ հազարաւոր ընտանիքներու կը բաժնուին սննդական փաթեթներ։
Պանկլատէշի Ռոհինկիա գաղթականներուն, ինչպէս նաեւ ջրհեղեղներէ տուժած Չաթկրամի թեմին համար Պապը նոր տնտեսական աջակցութիւն յատկացուցած է՝ նպաստելով սննդական ապահովութեան, բնակարաններու վերանորոգման եւ կրթական հաստատութիւններու վերականգնման։
Ափրիկէի մէջ աջակցութիւն կը տրամադրուի Պուրկինա Ֆասոյի տեղահանուածներուն, Քենիայի որբերուն, Մատագասքարի փոթորիկէն տուժած ընտանիքներուն եւ Զամբիայի երաշտէն տուժած համայնքներուն։ Իսկ Թանզանիոյ մէջ Պապը հոգացած է Սուրբ Պատարագի ընթացքին իր ծխական քահանան պաշտպանելու համար ծանր վիրաւորուած հաւատացեալի բուժումն ու անդամալոյծ ոտքի պրոթեզաւորումը։
Ամերիկաներուն մէջ եւս շարունակուող աջակցութիւնը կը ներառէ Արժանթինի երիտասարդական կեդրոններու վերակառուցումը, Հայիթիի մարդասիրական օգնութիւնը եւ Վենեզուելայի աղքատ ընտանիքներուն ու երկրաշարժէն տուժած շրջաններուն տրամադրուող տնտեսական օժանդակութիւնը։
Վատիկանի Բարեսիրութեան ծառայութեան Վերատեսչութիւնը կը շեշտէ, թէ քրիստոնէական սէրը չի սահմանափակուիր անմիջական օգնութեամբ, այլ նաեւ կը ձգտի պայքարիլ աղքատութեան եւ անարդարութեան արմատական պատճառներուն դէմ՝ վերականգնելով մարդկային արժանապատուութիւնն ու յոյսը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.