Որոնել

2026.07.25 beatificazione Libano Hoyek

Երանելի Էլիաս Պետրոս Հուայէք՝ հաւատքի, ծառայութեան եւ Մեծն Լիբանանի խորհրդանիշ

Արարողութեան նախագահեց Սուրբերու Դատերու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն՝ որպէս Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ.-ի ներկայացուցիչ։ Ներկայ էին Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունը, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լիբանանի Մարոնիներու Պատրիարքութեան Տիման ամարանոցին մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ Երանելի հռչակուեցաւ Մարոնի եկեղեցւոյ նախկին պատրիարք Էլիաս Պետրոս Հուայէքը (1843-1931)։

Արարողութեան նախագահեց Սուրբերու Դատերու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն՝ որպէս Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ.-ի ներկայացուցիչ։ Ներկայ էին Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունը, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ Մարոնի համայնքի Պատրիարք Պշարա Պութրոս Ռային շեշտեց, թէ սրբութիւնը Աստուծոյ պարգեւ մըն է անոնց, որոնք հաւատարիմ կերպով կ՚ապրին Աւետարանը։ Ան Հուայէքը ներկայացուց որպէս Աստուծոյ մարդ, աղքատներու եւ ճնշուածներու հայր, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց հաւատքին, մարդուն եւ հայրենիքին ծառայելուն։

Պատրիարք Էլիաս Պետրոս Հուայէքի երանացման արարողութիւնը
Պատրիարք Էլիաս Պետրոս Հուայէքի երանացման արարողութիւնը

Պատրիարքը յիշեց նաեւ, թէ 1916-ի սովի տարիներուն Հուայէք բացաւ պատրիարքարանի դռները կարիքաւորներուն առջեւ եւ չվարանեցաւ նոյնիսկ պատրիարքութեան կալուածները գրաւ դնել՝ անօթիները փրկելու համար։ Այս պատճառով ժողովուրդը զինք կոչեց «աղքատներու եւ ճնշուածներու պատրիարք»։

Ռային ընդգծեց նաեւ Հուայէքի վճռորոշ դերը Մեծն Լիբանանի ստեղծման մէջ։ Ան Փարիզի խաղաղութեան խորհրդաժողովին պաշտպանեց լիբանանցիներու իրաւունքները եւ նպաստեց անկախ ու բազմակրօն Լիբանանի հիմնադրութեան։ Անոր տեսլականը արտացոլած է նաեւ 1926-ի սահմանադրութեան մէջ, որ կը հիմնուի տարբեր համայնքներու խաղաղ համակեցութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ։

Երանելի Հուայէքը նաեւ հիմնեց Մարոնի Սուրբ Ընտանիքի Քոյրերու միաբանութիւնը, խրախուսեց կրթութիւնը, առաքելական ծառայութիւնը եւ ողորմութեան գործերը՝ վստահ ըլլալով, որ Եկեղեցին կոչուած է կերտելու ապագան։

Քարոզի աւարտին պատրիարք Ռային կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն Հուայէքի կեանքը ընդունելու որպէս օրինակ՝ ընդգծելով, թէ Աստուծոյ, մարդուն եւ հայրենիքին նուիրուած կեանքը կը շարունակէ լուսաւորել Լիբանանի եւ Եկեղեցւոյ ուղին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

27/07/2026, 08:20