Կրօնական Գործերու Հաստատութիւնը (IOR) 2025-ին 51 միլիոնի շահոյթ գոյացուց
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Կրօնական Գործերու Հաստատութիւնը (IOR) հրապարակած է 2025 թուականի Կայունութեան Տեղեկագիրը՝ վերահաստատելով իր յանձնառութիւնը թափանցիկ, պատասխանատու եւ Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան սկզբունքներէն ներշնչուած ելեւմտական կառավարման մը նկատմամբ։
2025-ին IOR-ը գոյացուցած է 67,6 միլիոն եւրոյի տնտեսական արժէք, որ աճ արձանագրած է նախորդ տարուան 50 միլիոնին համեմատ, ապահովելով 51 միլիոնի մաքուր շահոյթ։ Ստեղծուած արժէքին 36%-ը յատկացուած է Սրբազան Քահանայապետին, 23%-ը՝ անձնակազմին, 14%-ը՝ մատակարարներուն, իսկ մնացեալ մասը օգտագործուած է Հաստատութեան դրամագլուխը ամրապնդելու համար։
Տեղեկագիրը նաեւ կ՛ընդգծէ ներդրումներու ամբողջական համահունչ ըլլալը բարոյական-կաթողիկէ սկզբունքներուն՝ արձանագրելով դրական արդիւնքներ կալուածներու եւ հարստութեան կառավարման բոլոր ուղղութիւններուն համար։
Ընկերային եւ բնապահպանական ճակատին վրայ, IOR-ը ներդրումներ կատարած է անձնակազմի եւ յաճախորդներու վերապատրաստման մէջ, շարունակած է թուայնացման ընթացքը՝ 37%-ով նուազեցնելով թուղթի սպառումը, եւ շարունակած է ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան ու աղբի վերամշակման նախաձեռնութիւնները․ այսպէս ամրապնդելով կայուն ելեւմտական իր տիպարը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.