Որոնել

VATICAN-BANK-IOR

Ճովաննի Պոշա նշանակուեցաւ ԵՕՐ-ի նոր ընդհանուր տնօրէն

Պոշա պաշտօնը պիտի սկսի Սեպտեմբեր 1-էն սկսեալ։ Ան պիտի յաջորդէ Ճան Ֆրանքօ Մամմիին, որ տասնըմէկ տարի պաշտօնավարելէ ետք կը հեռանայ ասպարէզէն՝ տարիքային սահմանագիծը հատելու պատճառաւ։

Վատիկան Նիոուզ - Հայկական Բաժանմունք

Ունկնդրէ լուրը

Ճովաննի Պոշա պիտի դառնայ IOR -ի Վատիկանի դրամատան նոր ընդհանուր տնօրէնը՝ Սեպտեմբեր 1-էն սկսեալ։ Ան պիտի յաջորդէ Ճան Ֆրանքօ Մամմիին, որ տասնըմէկ տարի պաշտօնավարելէ ետք կը հեռանայ ասպարէզէն՝ տարիքային սահմանագիծը հատելու պատճառով։

Այս նշանակումը, որ որոշուած է Վերահսկիչ խորհուրդի կողմէ եւ վաւերացուած՝ Կարդինալական հսկողութեան յանձնաժողովին կողմէ, կը հաստատէ Հաստատութեան կամքը՝ շարունակելու թափանցիկութեան, կայունութեան եւ ամուր կառավարման ճանապարհը։

Պոշա, որ ԵՕՐ մուտք գործած է 2019-ին, ներկայիս փոխտնօրէնի լիազօր ներկայացուցիչն է եւ ունի աւելի քան երեսուն տարուան փորձառութիւն միջազգային ֆինանսական շուկաներուն մէջ, զոր ձեռք բերած է կարեւոր դրամատնային հաստատութիւններու եւ կառավարման ընկերութիւններու մէջ։

Հաստատութեան հրաժեշտ տուած պահուն, Մամմի ընդգծած է իր պաշտօնավարման ընթացքին իրականացուած բարեփոխումներու եւ հզօրացման ընթացքը, մինչդեռ Վերահսկիչ խորհուրդի նախագահ Ֆրանսուա Փոլի վստահութիւն յայտնած է նոր տնօրէնի կարողութիւններուն նկատմամբ՝ շեշտելով անոր հմտութիւնն ու ԵՕՐ-ի եւ անոր առաքելութեան խոր իմացութիւնը՝ ի սպաս Սրբազան Քահանայապետին, Սուրբ Աթոռին եւ համաշխարհային Եկեղեցիին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

15/07/2026, 15:44