Որոնել

Արհեստական Բանականութիւն եւ միջուկային պատերազմ. կրօնները կը յայտարարեն որ «Մարդկութիւնը պէտք է յաղթանակէ»

Ելոյթներուն ընթացքին ընդգծուեցաւ կրօններու միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը՝ խթանելու համար հիւրընկալութիւնը, երկխօսութիւնն ու համերաշխութիւնը՝ միշտ կեդրոնը պահելով մարդկային արժանապատուութիւնը։ Բացի այդ, վերահաստատուեցաւ յանձնառութիւնը՝ միջուկային զէնքերու վերացման ուղղութեամբ, եւ մտահոգութիւն յայտնուեցաւ արհեստական բանականութեան վրայ հիմնուած ինքնավար զէնքերու զարգացման վերաբերեալ, որոնք կը նկատուին նոր սպառնալիք մը մարդկութեան դէմ։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք

Մարդկային արժանապատուութիւնը, երկխօսութիւնն ու բարոյագիտական պատասխանատուութիւնը եղան համաշխարհային գլխաւոր կրօններու ներկայացուցիչներուն միջեւ քննարկումներուն կեդրոնը՝, Քասթել Կանտոլֆոյի «Պորկօ Լաուտաթօ սի»-ին մէջ տեղի այս օրերուն տեղի ունեցող «Արհեստական բանականութեան եւ միջուկային պատերազմի գծով Նոպելեան մրցանակակիրներու համաշխարհային համագումարին»։

Մասնակիցները յիշատակեցին Լեւոն ԺԴ. Պապին «Magnifica humanitas» շրջաբերական թուղթի պատգամը, որուն ընդմէջէն հասարակաց բարիքին վրայ հիմնուած համայնքը խորհրդանշող «Երուսաղէմի պարիսպները» կը հակադրէ «Բաբելոնի աշտարակին», որ կը ներկայացնէ այնպիսի յառաջդիմութիւն մը, որ կը զոհաբերէ մարդ անհատը։



Ելոյթներուն ընթացքին ընդգծուեցաւ կրօններու միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը՝ խթանելու համար հիւրընկալութիւնը, երկխօսութիւնն ու համերաշխութիւնը՝ միշտ կեդրոնը պահելով մարդկային արժանապատուութիւնը։ Բացի այդ, վերահաստատուեցաւ յանձնառութիւնը՝ միջուկային զէնքերու վերացման ուղղութեամբ, եւ մտահոգութիւն յայտնուեցաւ արհեստական բանականութեան վրայ հիմնուած ինքնավար զէնքերու զարգացման վերաբերեալ, որոնք կը նկատուին նոր սպառնալիք մը մարդկութեան դէմ։

Ի վերջոյ, մասնագէտները շեշտեցին, որ արհեստական բանականութեան բարոյական ուղղութեամբ զարգացումը կը պահանջէ հաստատութիւններու, կառավարութիւններու, կրօնական համայնքներու, ակադեմիական աշխարհի եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներգրաւումը։ Հարաւային Քորէայէն նաեւ կոչ ուղղուած է՝ յաղթահարելու սոսկ միջուկային զսպման տրամաբանութիւնը, փոխարէնը կեդրոնանալով հաշտեցման եւ տեւական խաղաղութեան կառուցման վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

15/07/2026, 14:37