Որոնել

Պապական Նուիրակ Քոնա այցելեց Իտլիպի քրիստոնէական գիւղերը Պապական Նուիրակ Քոնա այցելեց Իտլիպի քրիստոնէական գիւղերը 

Սուրիոյ մէջ Պապական Նուիրակ Քոնա այցելեց Իտլիպի քրիստոնէական գիւղերը. «Յոյսը կը ծնի հաւատքէն ու աշխատանքէն»

Գերապայծառ Քոնայի այցելութիւնը հանդիսացած է Եկեղեցւոյ մօտիկութեան գործնական նշանը սուրիացի քրիստոնեաներուն, որոնք կը շարունակեն ապրիլ դժուարութիւններու եւ անորոշութեան մէջ, բայց առանց կորսնցնելու խաղաղութեան, արժանապատուութեան եւ վերաշինութեան ապագայի յոյսը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Անցեալ Յունիս 26-էն 28-ը, Սուրիոյ մօտ առաքելական նուիրակը գերապայծառ Լուիճի Ռոպերթօ Քոնա այցելած է Իտլիպ նահանգի Եաքուպիէ, Քնայէ եւ Ղասանիէ քրիստոնէական գիւղերը՝ հանդիպելով աւելի քան տասնամեակ մը տեւած պատերազմէն եւ 2023 թուականի աւերիչ երկրաշարժէն խորապէս տուժած համայնքներուն հետ։

Բնակչութեան կողմէ մեծ խանդավառութեամբ ընդունուած եւ Սուրբ Երկրի Պահակութեան (Custodia di Terra Santa) ֆրանչիսկեան կրօնաւորներուն ընկերակցութեամբ՝ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը մասնակցած է քաղաքային ու կրօնական իշխանութիւններու հետ հանդիպումներուն՝ յիշեցնելով քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ համակեցութեան արժէքը եւ վերահաստատելով, որ ճշմարիտ ապահովութիւնը կը հիմնուի հաւատքին ու Աստուծոյ նախախնամութեան հանդէպ վստահութեան վրայ։

Այցելութեան ընթացքին, նուիրակը մտիկ ըրած է բազմաթիւ բնակիչներու վկայութիւնները։ Անոնցմէ են՝ պատերազմի ժամանակ առեւանգումէ եւ երկու շաբաթուան տանջանքներէ վերապրած Պասեմ Արթինի պատմութիւնը, եւ Սալիմ Ժալլուֆի վկայութիւնը, որ ռմբակոծումներուն պատճառաւ կորսնցուցած է իր մէկ ոտքը, իսկ ետքը՝ երկրաշարժին հետեւանքով՝ իր տունը։ Պատմութիւններ, որոնք կը վկայեն բնակչութեան կրած տառապանքներուն ծանրութիւնը, բայց նաեւ՝ սեփական հողին վրայ մնալու կամքը։

Մասնաւոր ուշադրութիւն դարձուած է երիտասարդներուն, որոնք մտահոգութիւն յայտնած են քրիստոնէական համայնքներու թիւի հետզհետէ նուազումի վերաբերեալ՝ աշխատանքի եւ ապագայի հեռանկարներու չգոյութեան պատճառով։ Նուիրակը քաջալերած է ներդրումներ կատարել արհեստագիտական կրթութեան եւ տեղական տնտեսական զարգացման մէջ՝ առաջարկելով նաեւ աւանդական տուներու վերականգնումը՝ տեղական զբօսաշրջութիւնը խթանելու եւ աշխատանքի նոր կարելիութիւններ ստեղծելու համար։

Ֆրանչիսկեան կրօնաւորները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը ընտանիքներու հոգեւոր եւ նիւթական օժանդակութեան գործին մէջ՝ տուներու, դպրոցներու եւ եկեղեցիներու վերաշինութեան միջոցաւ, նպաստելով տեղահանուածներու վերադարձին եւ համայնքներու վերածնունդին։

Գերապայծառ Քոնայի այցելութիւնը հանդիսացած է Եկեղեցւոյ մօտիկութեան գործնական նշանը սուրիացի քրիստոնեաներուն, որոնք կը շարունակեն ապրիլ դժուարութիւններու եւ անորոշութեան մէջ, բայց առանց կորսնցնելու խաղաղութեան, արժանապատուութեան եւ վերաշինութեան ապագայի յոյսը։



Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

17/07/2026, 08:12