Laudato si' աւանը Laudato si' աւանը 

«Laudato si'» Աւան. Համաշխարհային առաջնորդներն ու արհեստական բանականութեան մասնագէտները կը քննարկեն զինաթափումը

«Laudato si'» աւանէն ներս տեղի կ՛ունենայ միջազգային համաժողով, որուն կը մասնակցին Նոպէլեան մրցանակակիրներ, նախկին առաջնորդներ, արհեստական բանականութեան առաջատար մասնագէտներ եւ համալսարաններու ներկայացուցիչներ՝ քննարկելու արհեստական բանականութեան, միջուկային զէնքերու եւ համաշխարհային անվտանգութեան մարտահրաւէրները։ Համաժողովի աւարտին պիտի ընդունուի «Հռոմի հռչակագիրը»։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Ունկնդրէ լուրը

Յուլիս 14-16-ին Վատիկանը, Քասթել Կանտոլֆոյի Պապական պարտէզներուն մէջ գտնուող Պորկօ Լաուդատօ Սիի աւանին մէջ, պիտի հիւրընկալէ «Արհեստական բանականութեան եւ միջուկային պատերազմի մասին Նոպէլեան մրցանակակիրներու համաշխարհային համաժողով»-ը։ Երեքօրեայ ձեռնարկը պիտի համախմբէ աւելի քան 200 միջազգային հեղինակաւոր դէմքեր՝ ներառեալ 30 Նոպէլեան մրցանակակիր, 30 երկիր ներկայացնող պատուիրակութիւններ, նախկին պետութեան եւ կառավարութեան ղեկավարներ, արհեստական բանականութեան շուրջ 20 առաջատար մասնագէտներ եւ աշխարհի 30 առաջատար համալսարաններու ու հետազօտական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։

Համաժողովը ներշնչուած է Լեւոն ԺԴ. Պապի Magnifica humanitas նոր շրջաբերականով, որ նուիրուած է արհեստական բանականութեան դարաշրջանին մէջ մարդկային անձի արժանապատուութեան պահպանութեան։ Քննարկումներուն կիզակէտը պիտի ըլլան միջազգային անվտանգութիւնը, նորարար տեխնոլոժիաներու կառավարումը, միջուկային եւ ինքնավար զէնքերու վերահսկողութիւնը, զինաթափումը եւ խաղաղութեան ծառայող համաշխարհային տնտեսութեան ձեւաւորումը։

Մասնակիցներուն շարքին են OpenAI, Google DeepMind, AARU եւ Anthropic ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հարվըրտի, Սթենֆորտի, Օքսֆորտի, Պրինսթընի, Քոլումպիայի, Պերքլիի եւ այլ հեղինակաւոր համալսարաններու գիտնականներ։

Համաժողովի աւարտին, Յուլիս 16-ին, Հռոմի Քաղապետրարանի «Յուլիոս Կեսար» դահլիճին մէջ պիտի ներկայացուի «Հռոմի հռչակագիրը՝ զինաթափուած եւ զինաթափող խաղաղութեան համար», որ նպատակ ունի սահմանելու արհեստական բանականութեան եւ նոր թուային տեխնոլոժիաներու պատասխանատու կառավարման սկզբունքներ՝ հիմնուած մարդկային արժանապատուութեան, միջազգային համագործակցութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

14/07/2026, 10:16