Որոնել

2026.07.19  Berychiv UCRAINA

Արքեպիսկոպոս Կալլակերի խաղաղութեան աղերսը՝ Պերտիչիվի Քարմելօ Լերան Սուրբ Աստուածածնայ

Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Քարտուղարի առաքելութիւնը Ուքրանիոյ մէջ՝ 19 Յուլիսին ան նախագահեց Սուրբ Պատարագը մինչդեռ այսօր՝ 20 Յուլիսին, հանդիպեց Արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի եւ Նախագահ Զելենսքիի հետ, ինչպէս նաեւ յարգանքի տուրք մատուցեց Մայտանի եւ պատերազմի զոհերու յիշատակին։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերը, որպէս Լեւոն ԺԴ. Պապի Յատուկ Պատուիրակ, այս օրերուն կը գտնուի Ուքրանիա:

Պաշտօնական առաքելութիւն մը, որ ունի երկակի բնոյթ՝ հովուական՝ նուիրուած է լատին ծէսի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կառոյցներու վերաբացման 35-ամեակին, եւ դիւանագիտական՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի պատմական այցելութեան 25-ամեակին:

Սուրբ Պատարագը՝ Քարմելօ Լերան սրբավայրին մէջ

Երեկ՝ 19 Յուլիսին, Պերտիչիվի Քարմելօ Լերան սրբավայրին մէջ, որ կը գտնուի Քիեւէն դէպի հարաւ-արեւմուտք՝ շուրջ երկու ժամուան հեռաւորութեան վրայ, Գերապայծառը նախագահեց Սուրբ Պատարագը, ուր համախմբուած էին աւելի քան 3 հազար հաւատացեալներ, ուխտաւորներ եւ քաղաքական ու դիւանագիտական մարմիններու ներկայացուցիչներ: Արարողութիւնը պատերազմի սկիզբէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կայացաւ բացօթեայ որուն մասնակցեցան որպէս համապատարագիչներ լատին ծէսի կաթողիկէ եպիսկոպոսները եւ Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Գերերջանիկ Զվիաթոզլաւ Շեվչուքը:

Քահանայապետի մօտիկութիւնը

Իր քարոզին մէջ, Գերապայծառ Կալլակեր փոխանցեց Լեւոն ԺԴ. Պապի հոգեւոր մօտիկութիւնն ու ողջոյնները պատերազմէն տանջահար Ուքրանիոյ ժողովուրդին, յատկապէս հիւանդներուն ու տառապողներուն:

Խաղաղութեան պարգեւը միայն Աստուծմէ կրնայ գալ

Լեւոն Պապի Պատուիրակը զգուշացուց, որ Չարը կը փորձէ մարդոց մէջ սերմանել թեւաթափութիւն, յուսահատութիւն, հիասթափութիւն, սակայն Աստուծոյ որդիներ եւ Աստուածամօր զաւակներ ըլլալու գիտակցութիւնը թոյլ կու տայ պահպանել մեր ներքին արժանապատուութիւնը, նոյնիսկ մեծագոյն ցաւերու ու կորուստներու պահուն:

Ան Եղիա մարգարէի աստուածաշնչական օրինակով յորդորեց հաւատացեալներուն երբեք չյուսահատիլ, թեւաթափ չըլլալ եւ անդուլ աղօթքով հայցել խաղաղութեան պարգեւը, որ միայն Աստուծմէ կրնայ գալ:

Աստուածամօր բարեխօսութիւնը՝ Ուքրանիոյ խաղաղութեան

Արքեպիկոպոսը Պերտիչիվի Աստուածամօր հրաշագործ սրբապատկերին առջեւ յատուկ աղօթք բարձրացուց Ուքրանիոյ խաղաղութեան, ռազմաճակատի վրայ գտնուողներուն, վիրաւորներուն ու ննջեցեալներուն համար եւ հաւատացեալները հրաւիրեց վստահութեամբ ապաւինելու Տիրամօր բարեխօսութեան, յատկապէս պատերազմի այս դժուարին ժամանակներուն: Ան շեշտեց, որ Յիսուս Ինք մեզ յանձնած է Մարիամի մայրական խնամքին, ինչ որ թէ՛ մեծ առանձնաշնորհում է եւ թէ՛ հոգեւոր պարտականութիւն:

Երիտասարդներուն նուէրը

Սուրբ Զոհի աւարտին, տեղացի երիտասարդները յուզումով շնորհակալութիւն յայտնեցին Քահանայապետի մօտիկութեան համար եւ Պատուիրակին նուիրեցին Պերտիչիվի Տիրամօր փայտեայ կրկնօրինակը:

Նշենք, որ Աստուածամօր պատկերը, որ շինուած է հինաւուրց «Salus Populi Romani» (Հռոմի Ժողովուրդի Փրկութիւն) սրբապատկերի ոճով կը մեծարուի առնուազն 16-րդ դարէն ի վեր։

Ռուսական յարձակումները

Այս հոգեւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Քիեւի վրայ ռուսական վերջին շրջանի ամենածանր հրթիռային եւ անօդաչու սարքերու յարձակումներու յաջորդ օրը, որոնց թիրախ դարձած էր նաեւ Առաքելական Նուիրակութեան թաղամասը, ուր կը գիշերէր վատիկանեան պատուիրակութիւնը:

Արքեպիսկոպոս Կալլակերի հանդիպումները

Պերտիչեւէն ետք, նոյն օրը, Գերապայծառ Կալլակերը վերադարձաւ Քիեւ՝ հանդիպելով Եկեղեցիներու եւ կրօնական կազմակերպութիւններու համա-ուքրանական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ:

20 Յուլիսի առաւօտեան, Սուրբ Աթոռի պատուիրակը հանդիպեց Արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Անտրիյ Սիպիհայի հետ, եւ, անոր ուղեկցութեամբ, յարգանքի տուրք մատուցեց Մայտանի եւ պատերազմի զոհերու յիշատակին։ Իսկ  աւելի ուշ պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

20/07/2026, 12:12