Արք. Կալլակեր Ուքրանիոյ մէջ. «Արդար խաղաղութիւնը պէտք է վերադառնայ Եւրոպայի այս շրջանը»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի՝ Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար արք. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակեր, որպէս Քահանայապետին յատուկ պատուիրակ, մեկնեցաւ Ուքրանիա՝ մասնակցելու լատին ծէսի կաթողիկէ եկեղեցւոյ կառոյցներու վերագործարկման 35-ամեակի տօնակատարութիւններուն, որոնք պիտի կայանան յուլիս 19-ին Պերդիչեւի Կարմեղի Տիրամօր սրբավայրին մէջ։ Այցը նաեւ նուիրուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի 2001 թուականի պատմական ուխտագնացութեան յիշատակին։
Քրաքովէն ցամաքային ճամբով մուտք գործելով Ուքրանիա՝ արք. Կալլակեը Լվովի մէջ հանդիպում ունեցաւ տեղական իշխանութիւններուն եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն հետ։ Ան ընդգծեց, թէ Սուրբ Աթոռն ու Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը չեն մոռնար ուքրանացի ժողովուրդին տառապանքները եւ կը շարունակեն աղօթել, որպէսզի ստեղծուին արդար եւ տեւական խաղաղութեան պայմանները։ Այցելութեան ընթացքին պատուիրակութիւնը նաեւ մասնակցեցաւ պատերազմի զոհերուն յիշատակին նուիրուած լռութեան պահուն։
Արք. Կալլակեր այցելեց նաեւ Լվովի Կաթողիկէ համալսարանը, ուր ծանօթացաւ պատերազմի պայմաններուն մէջ համալսարանին կրթական ու մարդասիրական առաքելութեան։ Համալսարանի նախագահ, յոյն կաթողիկէ առաջնորդ Բորիս Կուտզեաք շեշտեց, թէ «պատերազմը այստեղ է», սակայն հաստատեց, որ ուսանողները կը դաստիարակուին ոչ միայն գիտութեամբ, այլեւ ծառայութեան եւ համերաշխութեան ոգիով։ Այցի աւարտին Կալլակեր փոխադրուեցաւ Քիեւ, ուր նախատեսուած է հանդիպում մը Ուքրանիոյ յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ գերագոյն առաջնորդ Սվեաթոսլաւ Շեւչուքի հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.