Արք. Կալլակեր Ուքրանիոյ մէջ այցելեց ռմբակոծուած վայրերը. «Խաղաղութեան համար աղօթքին մէջ պէտք է յարատեւել»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի՝ Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ Յարաբերութիւններու քարտուղար արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչըրտ Կալլակեր, որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետի յատուկ պատուիրակութեամբ Ուքրանիա կը գտնուի, իր առաքելութեան երրորդ օրը այցելեց պատերազմի հետեւանքով ծանր վնասուած վայրեր Քիեւի մէջ՝ փոխանցելով Պապին մերձաւորութիւնն ու խաղաղութեան պատգամը։
Առաւօտեան ան աղօթեց Սուրբ Նիկողայոս լատին կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, որ 2024-ի դեկտեմբերին ռուսական հրթիռային հարուածի հետեւանքով վնասուած էր եւ այժմ կը վերանորոգուի։ Հաւատացեալներուն ուղղուած խօսքին մէջ Արք Կալքակեր ընդգծեց, թէ խաղաղութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է յարատեւութիւնը. «Դուք կը յարատեւէք ձեր հաւատքին, ձեր հայրենիքին եւ խաղաղութեան համար աղօթքին մէջ։ Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ.-ը ամէն օր կը յիշէ Ուքրանիան իր աղօթքներուն մէջ. աղօթեցէ՛ք նաեւ դուք իրեն համար»։
Այցելութեան ընթացքին հաւատացեալները անոր նուիրեցին արեւածաղիկներ՝ Ուքրանիոյ խորհրդանիշը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Ընտանիքի պատկեր մը, որ անվնաս մնացած էր վերջերս ռմբակոծուած բնակարանի աւերակներուն մէջ՝ որպէս յոյսի նշան։
Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը այցելեց Քիեւի Bratstva Tarasivtsiv փողոցը, ուր մայիս ամսուան ռուսական հարուածին հետեւանքով սպաննուեցան 24 քաղաքացի, որոնց շարքին՝ երեք մանուկներ։ Կալլակեր հանդիպում ունեցաւ տեղական իշխանութիւններու, արտակարգ ծառայութիւններու եւ ՄԱԿ-ի Փախստականներու Բարձր Յանձնակատարութեան (UNHCR) ներկայացուցիչներուն հետ՝ ծանօթանալով մարդասիրական եւ հոգեբանական աջակցութեան աշխատանքներուն։ Կազմակերպութեան պատասխանատուները զգուշացուցին, որ միայն 2026-ի յունիսէն ի վեր շուրջ 300 խաղաղ բնակիչ զոհուած է, իսկ հազարաւորներ վիրաւորուած՝ պատերազմին ամենածանր քաղաքացիական կորուստները արձանագրելով 2022-էն ի վեր։
Օրուան վերջին այցելութիւնը եղաւ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի Տոմինիկեան Աստուածաբանական Հիմնարկնը, որ այս տարուան մայիսին հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերու հարուածներու հետեւանքով զգալի վնասներ կրեց։ Վերատեսուչ հայր Եարոսլաւ Քրավիէց շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրբ Աթոռին եւ բարերարներուն՝ վերակառուցման աջակցութեան համար՝ ընդգծելով, թէ պատերազմի ամենածանր զգացումը մինակ ձգուած ըլլալն է, մինչ համերաշխութիւնը ուժ կը ներշնչէ շարունակելու։
Կէսօրէ ետք արքեպիսկոպոս Կալլկեր այցելեց նաեւ Քիեւի Պեչերսքայի Լաւրան՝ Ուքրանիոյ քրիստոնէական պատմութեան եւ հոգեւոր ինքնութեան կարեւորագոյն խորհրդանիշներէն մէկը, որ 2026-ի յունիսին դարձեալ ռուսական հարուածի ենթարկուած էր։ Այցելութիւնը խաղաղութեան, յիշողութեան եւ վերականգնումի պատգամով եզրափակեց անոր առաքելութեան երրորդ օրը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.