Կարդինալ Չեռնի Քենիայի մէջ. յոյսի, արդարութեան եւ հաղորդութեան կամուրջներ կառուցել
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 19 Յուլիսին Նայրոպիի մէջ սկիզբ առաւ Արեւելեան Ափրիկէի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու Միութեան (AMECEA) 21-րդ Լիագումար Ժողովը, որ մինչեւ Յուլիս 26 կը համախմբէ Արեւելեան Ափրիկէի տասնմէկ երկիրներէ եւ շրջաններէ շուրջ 140 եպիսկոպոսներ։ Ժողովը տեղի կ'ունենայ Քենիայի մայրաքաղաքի Արեւելեան Ափրիկէի Կաթողիկէ Համալսարանին (Catholic University of Eastern Africa) մէջ, «AMECEA-ի սինոդական ընթացքը երիտասարդներուն հետ. կառուցել հաղորդութեան, յոյսի, արդարութեան եւ լաւ ղեկավարման կամուրջներ» բնաբանով։
Բացման Սուրբ Պատարագը գլխաւորեց Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Քահանայապետական Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Մայքլ Չեռնին։
Քարոզին ընթացքին, Ան ներշնչում քաղելով Աւետարանի առակներէն եւ Լեւոն ԺԴ.-ի Magnifica humanitas շրջաբերականէն, Եկեղեցիին հրաւէր ուղղեց կառուցելու հաղորդութեան, յոյսի, արդարութեան եւ լաւ ղեկավարման ճշմարիտ կամուրջներ՝ կիսելով հաւատքն ու միջոցները, աշխարհի մէջ Քրիստոսի ներկայութիւնը զօրացնելու համար։
Ապա խօսք ուղղելով յատկապէս երիտասարդներուն՝ Չերնի յորդորեց զիրենք թոյլ չտալ, որ իրենցմէ գողնան յոյսը, եւ դառնալ վստահութեան ու համերաշխութեան վրայ հիմնուած ապագայի մը գլխաւոր դերակատարները։ Ան նաեւ ընդգծեց համբերութեան եւ երկխօսութեան արժէքը, նոյնիսկ ամենադժուար զրուցակիցներուն հետ, իբրեւ խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն յառաջ մղելու անհրաժեշտ միջոցներ։
Ծիրանաւորը ի վերջոյ յիշեցուց, որ քրիստոնեաները կոչուած են խոնարհութեամբ եւ յարատեւութեամբ ներսէն ձեւափոխելու հասարակութիւնը՝ հետեւելով Սուրբ Հոգիի ներգործութեան։
Քենիայի այս առաքելութիւնը կը ներկայացնէ Կարդինալ Չեռնիի վերջին պաշտօնական առաքելութիւններէն մէկը իբրեւ վերոնշեալ Վերատեսչութեան Ղեկավար. պաշտօն մը, որ Սեպտեմբեր 1-էն սկսեալ պիտի ստանձնէ քոյր Ալեսանտրա Զմերիլլին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.