Լեֆեւրականներու եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնները. հրապարակուեցաւ նզովքի որոշումը
Վատիկան Նիուզ – Հայկական բաժանմունք
Սուրբ Պիոս Ժ. Քահանայական Եղբայրութեան եպիսկոպոսներ` Ալֆոնսօ Կալարրեթա եւ Պերնարտ Ֆելլայ (Գլխաւոր ձեռնադրողը եւ համա-ձեռնադրողը) եւ նորօծ եպիսկոպոսներ Փասքալ Շրէյպըր, Միքայել Կոլտատ, Միշել Փուազինէ տը Սիվրի եւ Մարք Հանափփիէ նովին գործով - ipso facto- ենթարկուած են ”latae sententiae“ (նախապէս սահմանուած/ինքնակատար) նզովքի, որ վերապահուած է Առաքելական Աթոռին, «հերձուածողական բնոյթի արարք» մը գործած ըլլալուն համար, այսինքն՝ «չորս քահանաներու եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը՝ առանց քահանայապետական հրամանագիրի եւ հակառակ Սրբազան Քահանայապետի կամքին»։
Այս է այն ինչ որ կը կարդանք Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութեան վերատեսուչ Կարդինալ Վիքթոր Մանուել Ֆերնանտեսի կողմէ ստորագրուած հրամանագիրին մէջ որ համաստորագրուած է Վերատեսչութեան երկու քարտուղարներուն կողմէ։ Ասիկա դժբախտաբար նախապէս յայտարարուած եզրակացութիւնն է, որ կու գայ Զուիցերիոյ Էքոն քաղաքին մէջ, 1 Յուլիս 2026-ի առաւօտեան տեղի ունեցած այն հանդիսաւոր արարողութենէն քսանչորս ժամ ետք։
Նախկին Սուրբ Գրասենեակի (Սանթ’Ուֆֆիցիօ) հրամանագիրը կը հաստատէ, որ ձեռնադրութեան գործողութեան պահուն թէ՛ ձեռնադրողները եւ թէ՛ ձեռնադրուողները ենթարկուած են նախատեսուած նզովքին։ Ասիկա ցաւալի վերջաբանն է, հետեւանքը՝ լեֆեւրականներու առած որոշման, որ հակառակ էր Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ բազմիցս արտայայտուած կամքին։ Նզովքը Հռոմի Եկեղեցիէն անջատման մէջ կը ձգէ թէ՛ եպիսկոպոսները եւ թէ՛ քահանաները, որոնք կը պատկանին Սուրբ Պիոս Ժ. Եղբայրութեան։ Ինչ կը վերաբերի աշխարհական հաւատացեալներուն, բանադրուած պէտք է համարուին անոնք, որոնք պաշտօնապէս կը յարին Եղբայրութեան։ Յաւելեալ մանրամասնութիւններ պարունակուած են «Բացատրական գիրի» մը մէջ, որ հրատարակուած է Վերատեսչութեան կողմէ՝ նզովքի հրամանագիրին հետ միասին, զոր ստորեւ կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ։
Վերատեսչութեան բացատրական գիրը
Սուրբ Պօղոս Զ.-ի ժամանակներէն մինչեւ վերջին խօսակցութիւնները, որոնք վերջերս տեղի ունեցան այս Վերատեսչութեան մէջ, բազմաթիւ փորձերը՝ Գերապ. Մարսել Լեֆեւրի սկսած շարժման հետեւորդները կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ լիակատար հաղորդութեան վերադարձնելու, ի զուր անցան։ Այս կացութիւնը առ աւելի սուր դարձաւ վերջերս տեղի ունեցած եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւններուն պատճառով, որոնք կատարուեցան առանց պապական հրամանագիրի, Սրբազան Հօր կամքին հակառակ եւ ի բացայայտ խախտումն կանոնական իրաւունքի։ Հետեւաբար, այս Վերատեսչութիւնը, իրեն վստահուած պաշտօններու հաւատարիմ գործադրութեամբ, անհրաժեշտ կը նկատէ արձանագրել, որ այդ արարքը յառաջացուցած է հերձուածի յանցանքը՝ իր կանոնական հետեւանքներով հանդերձ՝ ներգրաւուած սրբազան պաշտօնեաներուն եւ աշխարհական հաւատացեալներուն համար։ Արդարեւ, ինչպէս արդէն յայտարարուած էր 1988-ին, «այդպիսի անհնազանդութիւն մը, որ իր հետ կը բերէ Հռոմի Գահերէցութեան գործնական մերժումը, կը հանդիսանայ հերձուածողական արարք» (հմմտ. Յովհաննէս Պօղոս Բ., Առաքելական նամակ Ecclesia Dei, 3)։
Այսուհետեւ այդ կապակցութեամբ․
1. Սուրբ Պիոս Ժ․ Քահանայապետական Եղբայրութեան պատկանող սրբազան պաշտօնատարները հերձուածի մէջ են եւ, հետեւաբար, պէտք է նկատուին հերձուածողներ (հմմտ․ Ecclesia Dei, 5 c; Օրէնսդրական Գրերու Քահանայապետական Խորհուրդ, Բացատրական նշում՝ Մարսել Լըֆեւր Եպիսկոպոսի շարժման հարողներուն կրած հերձուածի պատճառաւ նզովքին վերաբերեալ, 24.08.1996, 5-6), ենթակայ դառնալով իրաւունքով նախատեսուած բանադրանքին (Կանոնագիրք Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Արեւելեան Կանոններու / CJC, կան․ 1364 § 1)։
2. Ինչ կը վերաբերի աշխարհական հաւատացեալներուն, հերձուածող եւ նզովուած կը նկատուին բոլոր որոնք պաշտօնապէս կը յարին Սուրբ Պիոս Ժ. Քահանայապետական Եղբայրութեան՝ Օրէնսդրական Բնագիրներու Քահանայապետական Խորհուրդի 1996 թուականի Բացատրական Նոտային մէջ սահմանուած պայմաններով (հմմտ. նոյն տեղը, 7), որ տակաւին ուժի մէջ է եւ զոր այս Գերատեսչութիւնը (Դիւանը) կ՚որդեգրէ»։
3. Վերջապէս, Աստուծոյ սուրբ Ժողովուրդը կը տեղեկացուի, թէ Սուրբ Պիոս Ժ. Քահանայապետական Եղբայրութեան նուիրապետական պաշտօնեաները ապօրինաբար կը մատակարարեն խորհուրդները, եւ թէ անոնց կողմէ մատակարարուած Ապաշխարութեան (Խոստովանանքի) խորհուրդն ու վաւերացուած Պսակի (Ամուսնութեան) խորհուրդը անվաւեր են։»
Եկեղեցին, որպէս հոգատար մայր, անկեղծ սիրով ու կենդանի փոյթով պիտի ընդունի բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին վերադառնալ լիակատար հաղորդութեան։ Առաքելական նուիրակները (Պապական դեսպանները) պիտի տնօրինեն այն ընթացակարգերը, զորս Թեմակալ առաջնորդները պիտի կարենան կիրարկել տարբեր պարագաներուն։
Ի վերջոյ, կը յորդորուին բոլոր հաւատացեալները՝ հաստատուն մնալու Հռոմի Քահանայապետին, անոր հետ հաղորդութեան մէջ գտնուող Եպիսկոպոսներուն եւ համայն Եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեան մէջ (հմմտ. Lumen Gentium, 22; կանոն 751, Կանոնագիրք Եկեղեցական), ինչպէս նաեւ հեռու մնալու վերոյիշեալ Սուրբ Պիոս Ժ. Քահանայապետական Եղբայրութեան կողմէ կազմակերպուած տօնակատարութիւններուն եւ գործունէութիւններուն մասնակցելէ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.