VATICAN-RELIGION-POPE-PRESSER

Յայտարարութիւն. Հայր Մարքօ Ռուփնիքի դատական ընթացքը չէ աւարտած եւ տակաւին քննարկումի մէջ է

«Վերջին օրերուն լրատուամիջոցներուն մէջ տեղ գտած որոշ տեղեկութիւններու առնչութեամբ, կը վերահաստատեմ, թէ Հայր Մարքօ Իվան Ռուփնիքի (Rev.do Marko Ivan Rupnik) գործը հետապնդող դատաւորներուն կողմէ որեւէ որոշում առնուելու մասին լուրերը բոլորովին անհիմն են. գործին գնահատումը տակաւին ընթացքի մէջ է, եւ դատական կազմը կը քննէ ներկայացուած փաստաթուղթերը, որոնք ստացուած են առնչակից թեմերէն, Յիսուսեաններէն, շահագրգիռ անձերէն եւ մամուլի միջոցաւ»

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Վերջին օրերուն լրատուամիջոցներուն մէջ տեղ գտած որոշ տեղեկութիւններու առնչութեամբ, կը վերահաստատեմ, թէ Հայր Մարքօ Իվան Ռուփնիքի (Rev.do Marko Ivan Rupnik) գործը հետապնդող դատաւորներուն կողմէ որեւէ որոշում առնուելու մասին լուրերը բոլորովին անհիմն են. գործին գնահատումը տակաւին ընթացքի մէջ է, եւ դատական կազմը կը քննէ ներկայացուած փաստաթուղթերը, որոնք ստացուած են առնչակից թեմերէն, Յիսուսեաններէն, շահագրգիռ անձերէն եւ մամուլի միջոցաւ» Յայտարարութիւնն է սա որ կատարեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի տնօրէն` Տիար Մաթթէօ Պրունին ի տես վերջին օրերուն տարածուած կեղծ եւ անհիմն լուրերուն հայող Հայր Մարքօ Իվան Ռուփնիքի դատավարական ընթացքին, որուն դէմ մեղադրանք յառաջացած է անոր մի քանի կրօնաւորուհիներու դէմ գործած հոգեբանական, հոգևոր և սեռական ոտնձգութիւններուն համար։

Պրունի ապա աւելցուց թէ. «Դատավարութեան ընթացքին, ինչպէս ոեւէ դատական ընթացակարգի պարագային, ընթացիկ գործունէութեան մասին որեւէ տեղեկութիւն չի կրնար որեւէ ձեւով յապաղիլ կամ բաժնուիլ՝ յարգելու համար բուն դատավարութիւնը եւ խուսափելու համար այս պատմութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր անձերը վիրաւորելէ, ինչպէս պատահեցաւ վերջին օրերուն»։

«Եթէ դատական կազմը անհրաժեշտ նկատէ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ, ինքնաբերաբար քայլերու պիտի ձեռնարկէ զանոնք ապահովելու համար» հաստատեց ի վերջոյ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի տնօրէն` Տիար Մաթթէօ Պրունի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

22/07/2026, 14:01