Պրազիլի մէջ հաղորդակցութեան հովուական ծառայութեան հանդիպում Պրազիլի մէջ հաղորդակցութեան հովուական ծառայութեան հանդիպում 

Ռուֆֆինի․ «Հաղորդակցութիւնը պէտք է հիմնուի ինքնանուիրումի վրայ»

Փաոլօ Ռուֆֆինի Ապարեսիտայի մէջ ընդգծեց, որ քրիստոնէական հաղորդակցութիւնը պէտք է հիմնուի ինքնանուիրումի, ճշմարտութեան եւ հաղորդութեան վրայ, այլ ոչ թէ շուկայավարութեան կամ շահադիտութեան։ Ան նաեւ զգուշացուց ապատեղեկատուութեան եւ արհեստական բանականութեան վտանգներուն մասին՝ շեշտելով լրատուամիջոցներու պատասխանատու օգտագործման կրթութեան կարեւորութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Հաղորդակցութեան վերատեսուչ, Փաոլօ Ռուֆինի, յուլիս 24-ին, Պրազիլի Ապարեսիտայի սրբավայրին մէջ, բացումը կատարեց Պրազիլի Եպիսկոպոսական համագումարի Հաղորդակցութեան հովուական ծառայութեան  իններորդ ազգային հանդիպումին՝ նուիրուած «Աւետարանացում շարժման մէջ. հաղորդակցութեան հովուական չափումը» թեմային։

Ռուֆֆինի իր խորհրդածութեան կեդրոնը դրաւ «պահպանել» բայը՝ ընդգծելով, որ քրիստոնէական հաղորդակցութեան առաքելութիւնն է պահպանել հաղորդութիւնը, մարդկային յարաբերութիւնները, բարիքն ու գեղեցիկը, նոյնիսկ երբ աշխարհը կը թուի ընթանալ սխալ ուղղութեամբ։ Ան կոչ ուղղեց ըլլալու «շարժման մէջ գտնուող միսիոնար աշակերտներ», որոնք կը մերժեն հաղորդակցութիւնը վերածել պարզ հաշուարկի, շուկայավարութեան կամ առեւտուրի միջոցի։

Վերատեսուչը շեշտեց, թէ ժամանակն է համատեղ աշխատանքով կառուցելու հաղորդութիւն՝ հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները ծառայեցնելով ճշմարտութեան որոնման եւ բաժնեկցման։ Արհեստական բանականութեան մասին անդրադառնալով՝ ան նշեց, որ քրիստոնէական հաղորդակցութիւնը չի վաճառեր վերացական կապեր, այլ կը ստեղծէ իրական հանդիպումներ՝ հիմնուած սիրոյ, ճշմարտութեան, բարութեան եւ գեղեցկութեան վրայ։ Ըստ իրեն՝ միայն ինքնանուիրումի եւ վկայութեան վրայ հիմնուած հաղորդակցութիւնն է, որ կրնայ յաղթահարել մեկուսացումը եւ համայնք ստեղծել։

Ռուֆինի օրինակ բերաւ երկու նախաձեռնութիւն՝ Dining Across the Divide եւ Narrative4, որոնք պատմութիւններու եւ անձնական հանդիպումներու միջոցով կը նպաստեն տարբերութիւններու յաղթահարման եւ փոխադարձ վստահութեան ստեղծման։ Ան ընդգծեց, որ յոյս ներշնչող պատմութիւնները կրնան փոխել մարդոց մտածողութիւնը եւ ծառայել որպէս քրիստոնէական հաղորդակցութեան իսկական խմոր։

Խօսելով ժամանակակից վտանգներուն մասին՝ Փաոլօ Ռուֆինի զգուշացուց ապատեղեկատուութենէն, կեղծ լուրերէն եւ արհեստական բանականութեան չարաշահումներէն, որոնք կրնան վերածուիլ վերահսկողութեան եւ խաբէութեան միջոցի։ Այդ պատճառով, ըստ իրեն, անհրաժեշտ է կրթել մարդիկը՝ պատասխանատու կերպով օգտագործելու լրատուամիջոցներն ու նոր արհեստագիտութիւնները եւ տարբերակելու ճշմարտութիւնը կեղծիքէն։

Աւարտին Ռուֆինի, յղում կատարելով Լեւոն ԺԴ. Պապի «Magnifica Humanitas» շրջաբերականին, կոչ ուղղեց փոխելու հաղորդակցութեան ներկայ օրինակը։ Ան ընդգծեց, որ մարդկային հաղորդակցութիւնը աւելի քան տեղեկութիւն փոխանցել է. ան ինքնանուիրումի արարք մըն է՝ ծնած սէրէն, եւ այդ իսկ պատճառով կը տարբերի մեքենաներու հաղորդակցութենէն, որոնք անկարող են անձնապէս նուիրուիլ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

25/07/2026, 10:01