Որոնել

2026.07.22 L'intervento di Parolin a palazzo borromeo

Դարերու ընդմէջէն Քահանայապետերու հիւսած խաղաղութեան «յաջորդափոխութիւնը»

Մասնակցելով իտալացի լրագրող Անթոնիօ Փրեցիոզիի «Խաղաղութեան Զատիկ։ Յովհաննէս ԻԳ․էն մինչեւ Լեւոն ԺԴ․՝ դէպի 2033-ի Յոբելեան» գիրքի ներկայացման, Պետքարտուղար Կարդինալ Փարոլինը յիշեցուց թէ ինչպէս Վատիկանի Տիեզերական Բ․ Ժողովին յաջորդած Քահանայապետութիւնները եւ բոլոր Քահանայապետերը զետեղած են իրենց քարը համաշխարհային ներդաշնակութեան «խճանկարի» կառուցման գործին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը՝ 22 Յուլիսին Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիոյ դեսպանատան մէջ մասնակցած ու ելոյթ ունեցած է իտալացի լրագրող Անթոնիօ Փրեցիոզիի «Խաղաղութեան Զատիկ։ Յովհաննէս ԻԳ․ էն մինչեւ Լեւոն ԺԴ․՝ դէպի 2033-ի Յոբելեան» գիրքի ներկայացման, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Անթոնիօ Թայանին։

Պատմական ճամբորդութիւն՝ բացայայտելու յանուն միջազգային հաղորդութեան «խճանկարը»

Առիթ մը՝ վերծանելու այն հոգեւոր ու դիւանագիտական կարմիր թելը, որ տասնամեակներ շարունակ կը կապէ Վատիկանի քաղաքականութիւնը աշխարհի մէջ խաղաղութեան կառուցման հետ։ Ուստի եւ Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարի ճառը վերածուեցաւ պատմական ճամբորդութեան մը․ Ան պատկերաւոր ձեւով ներկայացուց Վատիկանի Տիեզերական Բ․ Ժողովէն ետք Քահանայապետերու «յաջորդափոխութիւնը», որոնք բոլորը քար մը զետեղած են միջազգային հաղորդութեան կառուցման «խճանկարին» մէջ։

Ծիրանաւորը՝ թերթելով պատմութեան էջերը, յիշեցուց Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ․ի հանճարեղ «Pacem in terris» շրջաբերականը, որ խաղաղութիւնը հիմնեց բանականութեան եւ ոչ թէ զէնքի ուժին վրայ. Սուրբ Պօղոս Զ․ի մարգարէական ձայնը ՄԱԿի ամպիոնէն՝ «Ա՛յլեւս երբեք պատերազմ», Յովհաննէս Պօղոս Ա․ի իմաստալից նամակը Ճիմի Քարթըրին՝ Իսրայէլի ու Եգիպտոսի միջեւ Քեմփ Տէյվիտի բանակցութիւններուն սատարելու համար, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ի կողմէ ուզած Ասսիզիի մէջ կրօնապետերու պատմական հաւաքը, զոր տարիներ ետք ընդլայնեց Պենետիկտոս ԺԶ․ն՝ ներառելով նաեւ մշակոյթի գործիչներն ու ոչ հաւատացեալները։ Ապա՝ անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապի մտահոգութեան՝ «մաս-մաս համաշխարհային պատերազմի» մասին, որ իր արձագանգը գտաւ «Fratelli tutti» շրջաբերականին մէջ։

«Զինաթափուած եւ զինաթափող խաղաղութեան» տեսլականը

Այս երկար շղթան այսօր կը հասնի մինչեւ ներկայիս գահակալ Լեւոն ԺԴ.ին, որ իր ամերիկեան արմատներով Քահանայապետութեան հիմնաքար ընտրեց «զինաթափուած եւ զինաթափող խաղաղութեան» տեսլականը։ Առ այդ, Կարդինալ Փարոլինը յատուկ շեշտեց Լեւոն ԺԴ․ի յորդորը լրագրողներուն՝ պատմելու պատերազմները ո՛չ թէ վիճակագրութեամբ, այլ զոհերու եւ տառապողներու աչքերով։

Դէպի Յարութեան երկհազարամեակը եւ Զատիկի համատեղ տօնակատարութեան «երազը»

Ան անդրադարձաւ նաեւ անցեալ 9 Յունուարին Քահանայապետի՝ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Դիւանագիտական Անձնակազմի հետ հանդիպման ատեն յայտարարութեան, ուր շեշտած էր, որ «միջազգային գետնի վրայ առանձնապէս կը մտահոգէ բազմակողմանիութեան տկարացումը»։ Ասկէ կը ծնի «Խաղաղութեան Զատիկ»ի մը անհրաժեշտութիւնը, որ, ինչպէս այս տարուան սկիզբը Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուան իր պատգամին մէջ յիշեցուցած էր Ռոպերթ Ֆրենսիս Փրեւոսթը, ունի յաւերժութեան շունչը, քանի որ «մինչ չարիքին կ՚աղաղակենք՝ բա՛ւ է, խաղաղութեան կը փսփսանք՝ ընդմի՛շտ»։

Ասկէ մեկնելով՝ Ծիրանաւորը ընդգծեց, որ գիրքին մէջ՝ Յարութեան երկհազարամեակի Արտակարգ Յոբելեանը 2033ին կը նկատուի այն հանգրուանը, որուն ծիրէն ներս կարելի է իրականացնել Զատիկի համատեղ տօնակատարութեան «երազը»։

Կարդինալ Փարոլինը գնահատեց Փրեցիոզիի աշխատանքը, որ 325 թուականի Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովէն, մինչեւ 2033-ի Յոբելեանի հեռանկարները, խորացած է «տիեզերականութեան համբերատար եւ բարդ ուղիին» մէջ՝ իբրեւ բանալի «հակադրուելու այն ամէնուն, ինչ որ այսօր կը խոչընդոտէ երկխօսութիւնը» եւ «թոյլ տալու աշխատիլ, որպէսզի դիւանագիտութիւնը կարենայ ծառայել ամբողջ աշխարհի տարածքին բացուած պատերազմական բազմաթիւ ճակատներու լուծման»։

Վատիկանի Պետքարտուղարն իր խօսքը աւարտեց՝ հաստատելով, որ դիւանագիտական եւ մարդասիրական յանձնառութեան շնորհիւ խաղաղութեան հասնիլը միշտ հնարաւոր է, եթէ անտարբերութիւնը փոխարինուի գութով եւ բժշկութիւն տարուի հոն, ուր վէրքեր կան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

23/07/2026, 10:10