Որոնել

2026.07.14 Il cardinale Zuppi in missione in Ucraina

Կարդինալ Ծուփփի Ուքրանիոյ մէջ. խաղաղութեան կոչ եւ այցելութիւն պատերազմական գերիներուն

Այս այցելութիւնը մաս կը կազմէ Սուրբ Աթոռի կողմէ ձեռնարկուած դիւանագիտական եւ մարդասիրական այն գործընթացին, որուն նպատակն է խրախուսել երկխօսութիւնը, գերիներու ազատ արձակումը եւ պատերազմի զոհերուն աջակցութիւնը։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք

Ունկնդրէ լուրը

Կարդինալ Մաթթէօ Մարիա Ծուփփի հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր երկրորդ անգամ ըլլալով չորսօրեայ առաքելութեամբ մը վերադարձած է Ուքրանիա։

Քիեւ հասնելէ առաջ, Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահը այցելած է Լվովի շրջանին մէջ գտնուող «Զախիտ-1» արգելափակման կեդրոնը, ուր կը պահուին ռուսական բանակի շարքերուն մէջ կռուած գերիներ։

Ընկերակցութեամբ առաքելական նուիրակ Վիսվալտաս Քուլպոքասի, Ծուփփի անձամբ հանդիպած է բազմաթիւ բանտարկեալներու՝ անոնց փոխանցելով Լեւոն ԺԴ. Պապին մօտիկութեան պատգամը։ Ծիրանաւորը յայտնած է, որ Սրբազան Քահանայապետը կ՛ աղօթէ խաղաղութեան համար եւ կը մաղթէ, որ պատերազմը կարելի եղածին չափ շուտ աւարտի։

Այցելութեան ընթացքին, Կարդինալ Ծուփփի գերիներուն յանձնած է երեք խորհրդանշական նուէրներ. բանալիի օղակ մը՝ իբրեւ շուտով տուն վերադառնալու եւ հարազատները վերստին գրկելու մաղթանք, «Salus Populi Romani» (Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն) Տիրամօր պատկերը՝ իբրեւ յոյսի նշան, եւ Պապին լուսանկարը՝ իր խաղաղութեան պատգամով։

Ան նաեւ շրջած է արգելափակման կեդրոնի տարածքները, ստուգած բանտարկեալներուն կենցաղային պայմանները եւ զրուցած անոնցմէ ոմանց հետ, որոնք Ռուսիայէն զատ տարբեր երկիրներէ եկած էին։

Բանտի փոքր եկեղեցիին մէջ, Զուփփի առաջնորդած է աղօթքի պահ մը՝ կոչ ընելով բանտարկեալներուն տեղ չտալ ատելութեան եւ սնուցանել յոյսը։ Ան իր խօսքը աւարտած է հզօր կոչով մը, որպէսզի հակամարտութիւնը շուտով վերջ գտնէ եւ բոլորը կարենան նոր կեանք մը կառուցել։

Այս այցելութիւնը մաս կը կազմէ Սուրբ Աթոռի կողմէ ձեռնարկուած դիւանագիտական եւ մարդասիրական այն գործընթացին, որուն նպատակն է խրախուսել երկխօսութիւնը, գերիներու ազատ արձակումը եւ պատերազմի զոհերուն աջակցութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

14/07/2026, 16:14