Կարդինալ Սեմերարօն այցելեց Լիբանանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա Հայ Կաթողիկէ աթոռանիստս եկեղեցին
Ամենապատիւ եւ Գերերջ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, Պէյրութի կեդրոնը գտնուող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Սուրբ Եղիա Մարգարէ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց Սուրբ Աթոռի Սուրբերու Դատերու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն, որուն կ՚ընկերակցէին Գերապայծառ Հաննա Ալուանն ու Վերատեսչութեան քարտուղար Գերապայծառ Ճանփաոլօ Ռիցցոթթին։ Ներկայ էին նաեւ Մայր Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Րաֆֆի Յովհաննէսեանն ու Պատրիարքութեան Հանրային Կապերու եւ Հաղորդակցութեան պատասխանատու Շարպէլ Պասթուրին։
Այցելութիւնը սկսաւ Կարդինալ Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի դամբարանին առջեւ ջերմեռանդ աղօթքի պահով մը՝ խոր ակնածանքով հայցելով անոր նուիրեալ կեանքի յիշատակը եւ աղօթք բարձրացնելով Եկեղեցւոյ ու անոր առաքելութեան համար, որպէսզի շարունակէ ըլլալ յոյսի եւ հաւատքի վկայ՝ Լիբանանի եւ համայն աշխարհի մէջ։
Աղօթքէն ետք, Կարդինալ Սեմերարօ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ յոյս յայտնեց, որ Եկեղեցին շուտով կարենայ իրականացնել Կարդինալ Աղաճանեանի երանացումը՝ ընդգծելով, որ «ան սուրբ պատրիարք մըն է», որ ձգած է հոգեւոր եւ եկեղեցական արտակարգ ժառանգութիւն մը ու պայծառ վկայութիւն մը, որ կոչուած է ըլլալու ուղեցոյց ապագայ նոր սերունդներուն համար։ Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ շուտով հռչակուի նաեւ երանելի Կոմիտաս քահանային սրբութիւնը՝ ի գնահատումն անոր հաւատքի ի նպաստ մղած հերոսական վկայութեան եւ Եկեղեցւոյ կեանքին ձգած տեւական հոգեւոր ժառանգութեան։
Այցելութեան աւարտին, Կարդինալ Սեմերարօ պատուոյ տոմարին մէջ գրեց պատգամ մը՝ յայտնելով իր խոր հիացմունքը Կարդինալ Աղաճանեանի հոգեւոր կերպարին հանդէպ։ Ան յիշեց, որ իր Առաջին Սուրբ Հաղորդութիւնը ստացած էր Կարդինալ Աղաճանեանի ձեռամբ՝ այդ յիշատակը կոչելով շնորհք մը, որ ընկերակցած է իրեն իր ամբողջ քահանայական եւ եկեղեցական ուղիին ընթացքին։
Ի վերջոյ, Ան վերահաստատեց, որ Եկեղեցին կոչուած է պահպանելու իր մեծ հովիւներուն ժառանգութիւնը եւ հետեւելու անոնց սրբութեան, ծառայութեան եւ Աւետարանին հանդէպ հաւատարմութեան օրինակին։
Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.