Սէուլի ԵՀՕ 2027. Կարդինալ Ֆարրել. «Երիտասարդները հանդիպման տանող ճամբուն կեդրոնը»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ճիշդ մէկ տարի մնացած է Սէուլի 2027-ի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան (ԵՀՕ), որ տեղի պիտի ունենայ օգոստոս 3-էն 8-ը, եւ իրադարձութեան պատրաստութիւնը կը մտնէ իր վճռորոշ փուլը:
Տեղական Կազմակերպիչ Յանձնախումբը լծուած է վերջնական կազմակերպչական եւ հովուական մանրամասնութիւնները ճշդելու աշխատանքին, մինչ միաժամանակ ձեւ կը ստանայ նաեւ հոգեւոր այն ուղին, որ պիտի ընկերակցի աշխարհի տարբեր կողմերէն եկած երիտասարդներուն դէպի Քորէա:
Երիտասարդները ճանապարհորդութեան կեդրոն
Այս ճամբորդութեան նշանակութիւնը ընդգծելով՝ Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քեւին Ֆարրել հաստատեց, որ երիտասարդները «աւելի ու աւելի կեդրոնական դիրք ունին իրադարձութեան պատրաստութեան մէջ»: Անոր համար՝ պաշտօնական օրհներգը, ԵՀՕ-ի աղօթքը եւ 2027-ի համագումարի հինգ Սուրբ Պաշտպաններու վկայութիւնները հիմնական հովուական միջոցներ են, որոնք պիտի օգնեն ուխտաւորներուն՝ հոգեպէս պատրաստուելու այս հանդիպումին:
Անդրադառնալով Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան քառասնամեայ պատմութեան՝ Կարդինալ Ֆարել նշեց, թէ այս հաւաքը աճած է երիտասարդներու եւ տեղական Եկեղեցիներու հաւատքին, խանդավառութեան եւ աշխոյժ մասնակցութեան շնորհիւ: Ասկէ մեկնած՝ ան կոչ ուղղեց աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսներուն եւ երիտասարդական հովուութեան պատասխանատուներուն՝ քալելու պատանիներուն հետ դէպի Սէուլ 2027, արժեւորելով պատրաստութեան միջոցները, որպէսզի ուխտագնացութիւնը դառնայ հաւատքի, եկեղեցական հաղորդութեան եւ Յիսուսի հետ անձնական հանդիպման իսկական փորձառութիւն մը:
3 օգոստոս 2026-ին պաշտօնական օրհներգի հրապարակումը
Կազմակերպչական գետնի վրայ, 3 օգոստոս 2026-ին պիտի ներկայացուի Confidite, Ego Vici Mundum պաշտօնական օրհներգը, որ հեղինակած է քորէացի երաժիշտ Ֆրանսիս Ճիյուն Քիմը՝ ներշնչուելով ԵՀՕ-ի բնաբանէն. «Քաջալերուեցէ՛ք, ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհ. 16,33): Նոյն օրը սկիզբ պիտի առնէ նաեւ "Breath of Life" (Կեանքի Շունչ) միջազգային բնապահպանական արշաւը՝ ներշնչուած Laudato Si' շրջաբերականէն, որ պիտի հրաւիրէ երիտասարդները ծառեր տնկելու իրենց երկիրներուն մէջ՝ իբրեւ արարչագործութեան հանդէպ հոգատարութեան գործնական նշան:
2026-ի երկրորդ կէսին պիտի բացուին նաեւ ուխտաւորներու եւ կամաւորներու պաշտօնական արձանագրութիւնները: Նախքան ԵՀՕ-ի սկիզբը, 29 յուլիսէն 2 օգոստոս 2027, երիտասարդները մաս պիտի կազմեն Թեմերու մէջ Օրերու աւանդական հաւաքին՝ ապրելով հիւրընկալութեան եւ բաժնեկցութեան փորձառութիւն մը քորէական կաթողիկէ համայնքներէն ներս:
Սէուլի Եկեղեցին պատրաստ հիւրընկալելու երիտասարդները
Սէուլի Արքեպիսկոպոս Փիթըր Սուն-թէք Չանգ ապահովեց տեղական Եկեղեցւոյ ամբողջական յանձնառութիւնը՝ աշխարհի բոլոր կողմերէն հարիւր հազարաւոր երիտասարդներ ընդունելու համար, ԵՀՕ-ն վերածելով յոյսի, եղբայրութեան եւ հիւրասիրութեան վկայութեան:
Սէուլի ԵհՕ-ն պիտի ըլլայ Ասիոյ մէջ նշուող Երիտասարդութեան Համաշխարհային Երկրորդ Օրը՝ 1995-ի Մանիլայէն ետք, եւ առաջինը՝ այնպիսի երկրի մը մէջ, ուր քրիստոնէութիւնը փոքրամասնութիւն կը ներկայացնէ: Հանդիպում մը, որ կը խոստանայ ըլլալ երկխօսութեան, մշակոյթներու հանդիպման եւ ընդհանուր Եկեղեցւոյ հաւատքի վերանորոգման կարեւոր առիթ մը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.