Պատերազմ եւ Ա.Բ. Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ միջազգային երկխօսութիւն՝ բարոյագիտութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան համար

Հաւաքի աւարտին, Հռոմի Քաղաքապետարանի(Campidoglio) մէջ պիտի ներկայացուի «Հռոմի Հռչակագիրը»` փաստաթուղթ մը, որ պիտի սահմանէ արհեստական բանականութեան կառավարման սկզբունքներն ու ուղեցոյցները՝ խթանելով միջազգային անվտանգութեան այնպիսի ձեւ մը, որ հիմնուած ըլլայ համագործակցութեան, մարդկային համապարփակ զարգացման եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան վրայ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Պորկօ Լաուտաթօ Սի»-ն -Laudato si' աւանը - երեք օրուան համար կը հիւրընկալէ «Արհեստական Բանականութեան եւ Միջուկային Պատերազմի գծով Նոպէլեան Մրցանակակիրներու Համաշխարհային Հաւաքը» որ միջազգային հանդիպում մըն է, զոր կը համախմբէ Նոպէլեան մրցանակակիրներ, արհեստական բանականութեան մասնագէտներ, արհեստագիտական գլխաւոր ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, նախկին պետական ղեկավարներ եւ աշխարհի ամենահեղինակաւոր համալսարաններէն եկած գիտնականներ։

Նախաձեռնութեան նպատակն է խթանել քննարկում մը՝ միջազգային անվտանգութեան, զինաթափման եւ խաղաղութեան մշակոյթի կերտման գործին մէջ արհեստական բանականութեան ունեցած դերին շուրջ։ Բանավէճի կեդրոնը կը գտնուի այնպիսի նորարարական արհեստագիտութիւններու մշակման անհրաժեշտութիւնը, որոնք կ՚առաջնորդուին բարոյագիտական սկզբունքներով եւ ուղղուած են ընդհանուր բարիքին։

Կարդինալ Ֆապիօ Պաճոյի ողջոյնի խօսքը

Հաւաքին սկիզբը իր արտասանած բացման խօսքին մէջ, Մարդկային համապարփակ զարգացումի Վերատեսչութեան փոխ-վերատեսուչ եւ «Պորկօ Լաուտաթօ Սի»-ի բարձրագոյն կրթութեան կեդրոնի ընդհանուր տնօրէն` Կարդինալ Ֆապիօ Պաճօ յիշեցուց, որ խաղաղութիւնը պարզապէս հակամարտութիւններու բացակայութիւնը չէ, այլ կը ներկայացնէ արդարութեան, մարդկային արժանապատուութեան հանդէպ յարգանքի եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած կարգ մը։ Այս տեսանկիւնէն, արհեստական բանականութիւնը կրնայ կարեւոր կարելիութիւններ ընձեռել բժշկութեան, հետազօտութեան, կրթութեան եւ միջազգային համագործակցութեան մարզերուն մէջ, պայմանաւ որ անոր զարգացումը ուղեկցուի լուրջ բարոյագիտական մտածումով։

Կարդինալ Թոմազիի միջամտութիւնը

Մասնաւոր ուշադրութիւն դարձուեցաւ զինուորական գետնի վրայ արհեստական բանականութեան կիրարկումէն բխող վտանգներուն։ Կարդինալ Սիլվանօ Մարիա Թոմազի` երբեմնի Առաքելական Նուիրակ, ընդգծեց, թէ ինչպէս միջուկային զսպման վերադարձը, միացած ինքնավար արհեստագիտութիւններու արագ զարգացման, խորապէս կը փոխէ աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւնները։ Ըստ Թոմազիի, միջազգային համայնքը վճռորոշ ընտրութեան մը առջեւ կը գտնուի՝ արդեօք արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը օգտագործել վերահսկողութիւնն ու ուժը ամրապնդելո՞ւ, թէ՞ զայն դնել եղբայրութեան եւ անհատի պաշտպանութեան ծառայութեան։

Կարդինալ Անկել Ֆեռնանտէս Արթիմէյի ելոյթը

Կարդինալ Անկել Ֆեռնանտէս Արթիմէն` Նուիրեալ Կեանքի Ուխտերու եւ Առաքելական Կեանքի Ընկերութիւններու Վերատեսչութեան փոխ-վերատեսուչը եւս վերահաստատեց, որ խնդիրը բուն արհեստագիտութեան մէջ չէ, այլ այն գործածութեան մէջ, զոր մարդը կ՚որոշէ ընել։ Ան ընդգծեց, որ առանց հիմնական իրաւունքներու յարգանքին, արհեստական բանականութիւնը կրնայ վերահսկողութեան, շահարկման եւ անհաւասարութեան նոր ձեւեր սնուցանել։

Հռոմի հռչակագիրը

Աշխատանքները պիտի շարունակուին մինչեւ Յուլիս 16՝ գիտնականներու, հաստատութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու միջեւ քննարկումներու նիստերով։

Հաւաքի աւարտին, Հռոմի Քաղաքապետարանի(Campidoglio) մէջ պիտի ներկայացուի «Հռոմի Հռչակագիրը»` փաստաթուղթ մը, որ պիտի սահմանէ արհեստական բանականութեան կառավարման սկզբունքներն ու ուղեցոյցները՝ խթանելով միջազգային անվտանգութեան այնպիսի ձեւ մը, որ հիմնուած ըլլայ համագործակցութեան, մարդկային համապարփակ զարգացման եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

14/07/2026, 14:05