«Խաղաղութեան Երգ»․ Լեւոն ԺԴ․ Պապը «Borgo Laudato si'»-ի մէջ՝ Անտրէա Պոչելլիի եւ հինգ երկիրներէ 164 երիտասարդ երգչախումբի անդամներու հետ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
29 Յուլիս 2026-ին, Քասթել Կանտոլֆոյի «Borgo Laudato si'»-ն պիտի հիւրընկալէ «Խաղաղութեան Երգ»-ը ձեռնարկը` որ աղօթքի եւ եղբայրութեան հանդիպում մըն է կազմակերպուած է «Laudato si'» Բարձրագոյն Ուսմանց Կեդրոնին եւ «Andrea Bocelli Foundation»-ին կողմէ՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի մահուան 800-ամեակի նշումներու ծիրէն ներս։
Աղօթքի պահը պիտի գլխաւորէ Լեւոն ԺԴ․ Պապը, որ աշխարհի խաղաղութեան համար աղերսանք մը պիտի ուղղէ՝ ներշնչուած «Արարածոց Երգ»-ի տիեզերական պատգամէն։
Նախաձեռնութեան պիտի մասնակցին նաեւ Սուրբ Աթոռի Վերատեսչութիւնները, Վատիկան Քաղաք-Պետութեան Կառավարչութեան եւ Հռոմէական Քուրիայի Գրասենեակներու պաշտօնեաները, որոնք հրաւիրուած են կիսելու եղբայրութեան փորձառութիւն մը եւ խորհրդածելու խաղաղութեան ու հաշտութեան արժէքին շուրջ։
Հանդիպման գլխաւոր դերակատարներէն պիտի ըլլայ նաեւ երաժշտութիւնը։ Մաէսթրօ Անտրէա Պոչելլին եւ «ABF Voices» երգչախումբը, որ կազմուած է 164 մանուկներէ եւ երիտասարդներէ՝ Իսրայէլէն, Յորդանան գետի Արեւմտեան Ափէն, Հայիթիէն, Ուկանտայէն եւ Իտալիայէն պիտի ընկերակցին արարողութեան։
Պատանիները, որոնք յաճախ պատերազմներով, աղքատութեամբ եւ դժուարութիւններով դրոշմուած միջավայրերէ կու գան, պիտի վկայեն, թէ ինչպէս երգեցողութիւնը կրնայ դառնալ երկխօսութեան, յոյսի եւ տարբեր ժողովուրդներու ու մշակոյթներու միջեւ հանդիպման միջոց մը։
Աղօթքը պիտի հանդիսանայ աւարտական պահը տասնօրեայ ճանապարհորդութեան մը, որուն ընթացքին երգչախումբի անդամներն ու դաստիարակները կիսած են ուսուցման եւ համակեցութեան փորձառութիւն մը՝ երաժշտութեամբ միաւորուած, իսկական «համաշխարհային գիւղի» մը հոգիով։
Կարդինալ Ֆապիօ Պանճիոն՝ «Laudato si'» Բարձրագոյն Ուսմանց Կեդրոնի ընդհանուր տնօրէնը, ընդգծած է, թէ ինչպէս «Borgo»-ն կը շարունակէ ըլլալ վայր մը, ուր հաւատքը, դաստիարակութիւնը եւ եղբայրութիւնը կը թարգմանուին գործնական քայլերու՝ հաստատելով, որ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի պատգամը այսօր ալ արտակարգ արդիականութիւն ունի տագնապներով եւ բաժանումներով յատկանշուող աշխարհի մը մէջ։
Անտրէա Պոչելլին եւս շեշտած է նախաձեռնութեան խորհրդանշական արժէքը՝ զայն որակելով առիթ մը՝ երաժշտութեան վստահելու խաղաղութեան եւ փոխադարձ մտիկ ընելու տիեզերական պատգամ մը։ Երգիչին համաձայն, ձեռնարկին մասնակցող երիտասարդները ցոյց կու տան, որ նոյնիսկ ամենադժուար իրավիճակներուն մէջ կրնան ծնունդ առնել հաշտութիւն, փոխանցում եւ յոյս։
Արարողութեան աւարտին, իւրաքանչիւր միջազգային պատուիրակութիւն Սրբազան Քահանայապետին պիտի նուիրէ իր երկիրը ներկայացնող ձեռային աշխատանք մը՝ իբրեւ երախտագիտութեան նշան եւ իր մշակութային ինքնութեան վկայութիւն։
Հանդիպումը պիտի փակուի բոլոր հրաւիրեալներուն համար բաց մտերմիկ հիւրասիրութեան պահով մը։
«Խաղաղութեան Երգ»-ով, «Borgo Laudato si'»-ն այսպէսով կը նորոգէ իր առաքելութիւնը՝ առաջ տանելու համապարփակ բնապահպանութիւն մը, որ կը միաւորէ արարչագործութեան պահպանումը, մարդկային անձի արժանապատուութիւնը եւ խաղաղութեան ի նպաստ յանձնառութիւնը՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի հոգեւոր ժառանգութեան լոյսին ներքոյ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.