Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը 

ԱՓՍԱ-ի 2025 տարեշրջանի հաշուեկշիռը

Սուրբ Աթոռի Գոյքերու Կառավարման Վերատեսչութիւնը (ԱՓՍԱ) հրապարակած է 2025 տարեշրջանի իր հաշուեկշիռը՝ հաստատելով վարչական կայունութիւն եւ 22,8 միլիոն եւրոյի արդիւնք՝ Ֆրանչիսկոս Պապի մահուան ու Լեւոն ԺԴ. Պապի ընտրութեան պայմաններուն մէջ: Կառոյցի զուտ հիմնադրամը հասած է 2,686 միլիառ եւրոյի, ինչին նպաստած են ոսկիի ու արժեթուղթերու արժեւորումը, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ եւ արտասահմանի մէջ անշարժ գոյքերու կառավարումէն ապահովուած 44,5 միլիոն եւրոյի եկամուտը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի Գոյքերու Կառավարման Վերատեսչութիւնը (APSA) հրապարակեց իր 2025 տարեշրջանի հաշուեկշիռը՝ հաստատելով, թէ անցնող տարին, հակառակ Ֆրանչիսկոս Պապի մահուան եւ Լեւոն ԺԴ. Պապի ընտրութեան պայմաններուն, անցած է վարչական կայունութեամբ եւ ծառայութեան անխափան շարունակութեամբ։

ԱՓՍԱ-ի նախագահ, Գերպ- Ճորտանօ Փիչինոթթի Արքեպիսկոպոսը նշեց, թէ վերատեսչութեան հիմնական առաքելութիւնը կը շարունակէ մնալ եկեղեցական ժառանգութեան պահպանումն ու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ Հռոմի Քուրիայի գործունէութեան համար անհրաժեշտ ծառայութիւններու ապահովումը։

2025 տարեշրջանին կառավարման արդիւնքը կազմած է 22,8 միլիոն եւրօ։ Թէեւ այս ցուցանիշը 2024-ի 62,2 միլիոն եւրոյ համեմատ աւելի ցած է, Արքեպիսկոպոսը կը պարզաբանէ, թէ նախորդ տարին բացառիկ եկամուտներ արձանագրած էր ֆինանսական ներդրումներու վերակազմակերպման հետեւանքով, մինչ 2025-ը կը ներկայացնէ բնականոն գործունէութեան վերադարձ։

Հաշուեկշիռին կարեւորագոյն առանձնայատկութիւններէն մէկը կը վերաբերի ներդրումային կառավարման ոլորտին։ Թէեւ հաշուապահական առումով արձանագրուած է 3,7 միլիոն եւրոյի բացասական արդիւնք, իրականութեան մէջ շուրջ 16 միլիոն եւրոյի շահոյթ ուղղակի փոխանցուած է հիմնադրամի զուտ արժէքին՝ համաձայն Սուրբ Աթոռի նոր ֆինանսական չափանիշներուն։ Այս կերպ ընդհանուր ներդրումային գործունէութիւնը փաստացի արձանագրած է շուրջ 12,6 միլիոն եւրոյի դրական արդիւնք։

Արքեպիսկոպոս Փիչինոթթին ընդգծեց, որ ԱՓՍԱ-ի նպատակն եկամուտի առաւելագոյն շահագործումը չէ, այլ իրեն վստահուած եկեղեցական ժառանգութեան երկարաժամկէտ պահպանումը։ Այդ պատճառով ներդրումային քաղաքականութիւնը կը հիմնուի զգուշաւորութեան վրայ՝ սահմանափակ բաժնետոմսային ներդրումներով, պարտատոմսերով, զգալի ոսկիի պահուստով եւ բաւարար իրացու միջոցներով։

Տարեշրջանի աւարտին ԱՓՍԱ-ի զուտ հիմնադրամը հասած է 2 միլիառ 686 միլիոն եւրոյի, այսինքն՝ շուրջ 89 միլիոն եւրոյ աճ արձանագրելով նախորդ տարուան համեմատ։ Այս աճին նպաստած են ոսկիի շուկայական արժէքի բարձրացումը, անշարժ գոյքերու վերագնահատումը եւ արժեթուղթերու արժեւորման դրական ազդեցութիւնը։

Անշարժ գոյքերու բաժինը շարունակած է մնալ վերատեսչութեան հիմնական եկամտաբեր ոլորտը՝ ապահովելով 44,5 միլիոն եւրոյի արդիւնք։ ԱՓՍԱ-ն Իտալիոյ մէջ կը կառավարէ 4.281, իսկ արտասահմանի մէջ՝ շուրջ 1.200 անշարժ գոյք՝ մասնաւորաբար Լոնտոնի, Փարիզի, Ժընեւի եւ Լոզանի մէջ։ Միաժամանակ մեկնարկած է 2025-2027 եռամեայ ծրագիր մը՝ ոչ ռազմավարական կալուածներու վաճառքի եւ գոյքերու իրաւական կանոնաւորման նպատակով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

31/07/2026, 12:35